ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՊԱՆԻԱ ՄՐՑՈՒՄ
Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյենութիւնը կը սկսի 14 յուլիսին՝ Հայաստան-Սպանիա բացման մրցումով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը:
Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյենութիւնը կը սկսի 14 յուլիսին՝ Հայաստան-Սպանիա բացման մրցումով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը:
Երեւանի մէջ Մանուկներու պաշտպանութեան օրը պատրաստեցին Հայաստանի ամենէն երկար փիցցան, որուն երկարութիւնը 13 մեթր էր, լայնութիւնը՝ 65 սանթիմեթր: «Տորիա կարտա» ընկերութեան շուկայադրումի եւ վաճառքի բաժնի տնօրէն Սիրան Ապաճեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ այս չափանիշը հաւանաբար կ՚ընդգրկուի «Դիւցազնագիրքին մէջ»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպման մը սեմին:
Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ:
Անթոնիօ Կութերես երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ նշանակեց Մովսէս Աբէլեանը:
Հայաստանէն դիւանագէտ մը առաջին անգամ կը հասնի նման կարեւոր դիրքի մը միջազգային համակարգէ ներս:
«Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան յաղթանակ տօնեց Աթէնքի մէջ։ 2020 թուականին նախատեսուած Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան ընդառաջ հայկական ընտրանին պայքար կը մղէ J խումբին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Յունաստան-Հայաստան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Պրիւքսել։ Վաղը՝ իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Եւրոմիութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ նիստին։
Աթէնքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած է աղմկարար սպանութիւն մը, որու զոհ գացած է հայազգի գործիչ Մերուժան Հարթենեան։ Այս վերջինը յունիսի 5-ին, առաւօտեան ժամերուն Աթէնքի Անօ-Ղլիֆաթա թաղամասի բնակարանի ստորգետնեայ կայանատեղիին մէջ թիրախը դարձած է՝ երկու անծանօթներու կողմէ արձակուած փամփուշտներու։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Կը յուսամ մենք կը սկսինք աշխատիլ 2020 թուականի ուղղութեամբ»:
«Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ի մասնակիցներուն ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Երեւանի մէջ:
«Սփութնիք Արմէնիա» հաղորդեց, որ երէկ Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցած է մասնաւոր թռիչք մը։ Սա չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի վերջ վերջին պահուն այդ ծրագիրը ձախողած էր։
Վալանսի մէջ աւելի քան 107 հազար եւրօ հանգանակուեցաւ՝ հայկական դպրոցի ծրագրին ի նպաստ:
Ֆրանսահայ իրականութենէն ներս կայուն թափով զօրակցութիւնը կը շարունակուի կրթական նոր ոստումի մը ակնկալութեամբ: