ՎՃՌԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԿՈՂՄՆԱԿԱԼ
Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի հիմնախնդրին:
Տրիան Մամետեարովի հետ զրուցելու ժամանակ կանգ առաւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլերու կարեւորութեան վրայ:
Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի հիմնախնդրին:
Տրիան Մամետեարովի հետ զրուցելու ժամանակ կանգ առաւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլերու կարեւորութեան վրայ:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Սպիտակ տան մէջ ան ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ օգնական եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի հարցերով աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի հետ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Փարիզի մէջ։ Տարեկան այս աւանդական հաւաքին ժամանակ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ շրջանաւարտները մեծարուեցան Դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ Արամ Արք. Աթէշեանն ալ պատգամ մը ուղարկեց Փարիզի հաւաքին առթիւ։
Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան երդիքին տակ ուշագրաւ հաւաքոյթ մը՝ սփիւռքեան կրթական խնդիրներուն շուրջ:
Սիլվա Գույումճեան եւ Կարապետ Տաքէսեան ներկայացուցին Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի վարժարաններու այժմու ընդհանուր կացութիւնը:
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին ներքին քաղաքական կեանքի տեսակէտէ տեղի ունեցան աղմկայարոյց իրադարձութիւններ։ Այսպէս, երկրի երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր բանտարկուած էր, ազատ արձակուեցաւ դատարանի որոշումով։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 100-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ։
ԹՈՒՄՕ ստեղծագործ փորձագիտութիւններու կեդրոնի գործունէութիւնը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի:
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ հանդիսաւոր հաւաքոյթի մը ընթացքին պարգեւատրեց Մարի-Լու Փափազեանը:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու նախաձեռնութեամբ իֆթարի աւանդական սեղան՝ CVK Park Bosphorus պանդոկին մէջ:
Փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի. «2013 թուականէն ի վեր ընտրութեան արտօնութիւն չունենալը այլեւս մեզի՝ յոգնութենէն ալ անդին, մաշեցնել սկսած է»:
Հայաստանի նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ IMF-ի տնօրէն-կառավարիչ Քրիստին Լակարտի հետ:
Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ Ղազախիստանի մէջ ֆորում. «Ոգեշնչող աճ. մարդիկ, քաղաքներ, տնտեսութիւններ»:
Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսի 6-ին, Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» մարզադաշտին վրայ։ Իսկ օգոստոսի 17-ին խաղերու եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուած է Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։