ՔՆԵՍԷԹԻ ԿՈՂՄԷ ՇՐՋԱԴԱՐՁ
Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտէլշթայն կասեցուց հայկական բանաձեւին քննարկումը։ Վերջին օրերուն, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ Քնեսէթէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուած էր հայկական բանաձեւ մը՝ Ձախակողմեան կեդրոնական կուսակցութեան ղեկավար Թամար Զանտպերկի նախաձեռնութեամբ։
Լիբանանի մէջ, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը առողջապահական եւ ընկերային գործունէութիւններու կողքին ունեցած է բարգաւաճման ծը-րագիրներ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս դեղերու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ գործադրութեան դրուեցաւ կիներու առողջապահական-դաստիարակչական-ուսուցողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է ուսուցանել կանխարգելիչ միջոցներ, հը-նարքներ եւ գործադրել խորհուրդներ՝ հայկական մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքին Պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ 2016 թուականէն ի վեր Արցախի կառավարութեան կողմէ քննարկուող Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագրի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին հասած է:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Այսօր մենք պարտաւոր ենք առանձնայատուկ խորութեամբ գիտակցիլ հայոց պետականութեան նշանակութեան»:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան կ՚այցելէ Երեւան։ Այս առաւօտ ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ տեսակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։
Կլոր սեղան. «Համագործակցութիւն յանուն բարգաւաճման. յաջորդ 100-ամեակի ռազմավարական ծրագրաւորում»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Պրիճիթ Պրինք շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը այս առաւօտ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան հերթական նիստը:
Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի հեղինակած նոր գիրքը լոյս կը սփռէ հայկական թատրոնի անցեալին վրայ:
Շահան Արծրունի Նիւ Եորքի մէջ պարգեւատրուեցաւ Վարդանանց ասպետներուն եւ Արեւելեան թեմի կողմէ: