ԱՂՕԹՔՈՎ ԶՕՐԱՆԱԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Համավարակի պատճառով մարդկութիւնը կ՚ապրի նեղութեան մէջ օրեր՝ որոնք կերպով մը կարելի է նմանցնել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խորվիրապեան օրերուն՝ անլոյս, խաւար, բայց յոյս եւ հաւատքով լեցուն տանջանքի օրերուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Համավարակի պատճառով մարդկութիւնը կ՚ապրի նեղութեան մէջ օրեր՝ որոնք կերպով մը կարելի է նմանցնել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խորվիրապեան օրերուն՝ անլոյս, խաւար, բայց յոյս եւ հաւատքով լեցուն տանջանքի օրերուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ֆրանսիզ Ուիլըրտ կ՚ըսէ, թէ՝ երկու ձեռքերու պէս են դրամագլուխը եւ աշխատանքը. եթէ մէկը պակսի, միւսն ալ չի կրնար կատարել իր դերը ընդհանրապէս, եւ եթէ մէկզմէկու հետ կռուին, զիրար կը չէզոքացնեն եւ կը վնասեն, իսկ եթէ իրարու օգնեն, մեծ գործեր կրնան արդիւնաւորել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին բոլոր փիլիսոփաներ դեգերեցին իրենց իմացական ոլորտներուն մէջ, երեւան բերելու «ճշմարտութիւն»ը։ Եւ այսօր ալ համայն մարդկութիւնը կը շարունակէ որոնել «ճշմարտութիւն»ը։
Արդարեւ, ճշմարտութեան որոնումը լոկ իմաստասիրական զբաղում մը չէ, քանի որ ան կը հետաքրքրէ համայն մարդկութիւնը՝ որքան որ շատեր անտարբեր գտնուին անոր հանդէպ եւ անիմաստ նկատեն ճշմարտութեան որոնումը, եւ նախընտրեն ապրիլ կեանք մը՝ աննպատակ եւ անիմաստ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անկեղծութիւնը, որ կ՚ենթադրէ ճշմարտութիւն, միշտ եղած է ցանկալի առաքինութի՛ւն մը։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, թէ անկեղծութիւնը եղած է միշտ հազուագիւտ առաքինութիւն մը նաեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փիլիսոփայ ըլլալու հարկ չկա՛յ, կեանքը լիօրէն ապրելու համար։ Աստուած ամէն մարդու տուած է զոյգ մը աչք եւ ականջ՝ Բնութեան հետ զգայաբանական հաղորդակցութիւն հաստատելու, եւ իր կեանքը ճոխացնելու Բնութեան համերգովը եւ համայնապատկերովը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս նիւթական շէնք մը կառուցանելու համար ծրագիր մը պէտք է, նոյնպէս ալ հոգեւոր շէնք մը հիմնելու համար անհրաժեշտ է հիմնական վէմ մը։ Արդարեւ, Աստուած ալ իր ամբողջ ստեղծագործութիւնը եւ արարչագործութիւնը հաստատեց ծրագրի մը վրայ՝ որ կը շարունակէ գործադրուիլ այսօր եւս, եւ պիտի գործադրուի մինչեւ վերջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։
Ամբողջ աշխարհի տարածքին տարածուած համավարակին պատճառով, մարդկութիւնը, ներկայիս նեղութեան, անձկութեան, մարմնական եւ հոգեկան անհանգստութեան օրեր կ՚ապրի դժբախտաբար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բժիշկը՝ աշխարհի վրայ Աստուծոյ ձե՛ռքն է», կ՚ըսէ առածը։ Ինչպէս բոլոր առածները, այս խօսքն ալ ճշմարտութիւնը կը ցոլացնէ, որ կ՚արտայայտուի ժողովրդական-հասարակաց իմաստութեան միջոցով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս որ Տէր Յիսուս Քրիստոս, բժի՛շկ մեր հոգիներուն եւ մեր մարմիններուն, անդամալոյծին մեղքերը ներեց եւ մարմինի առողջութիւնը վերադարձուց, Ան ուզեց նաեւ որ Իր Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ՝ բուժումի եւ փրկութեան Իր գործը՝ առաքելութիւնը շարունակէ իր անդամներուն մօտ։ Այս նպատակը կը հետապնդեն բուժումի երկու սուրբ խորհուրդները՝ Ապաշխարութեան խորհուրդը եւ հիւանդներու Օծումը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը իր բոլոր բարիքներով իսկապէս «պարգեւ» մըն է մարդուն տրուած։
Արդարեւ Սուրբ Գիրքն ալ կը հաստատէ այս իրողութիւնը.