ՄԱՐԴԻԿ ՉԵՆ ՓՈԽՈՒԻՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ որքան որ արտաքնապէս փոխուած կ՚երեւին, էապէս երբեք չեն փոխուիր։ Արդարեւ մարդը իր ստեղծումէն ի վեր երեւութապէս մեծ փոփոխութիւններու է երթարկուած, հետզհետէ բարեփոխուած, նախկին մարդուն նկատմամբ արտաքնապէս, ապրած շրջանին համաձայն «արդի մարդ» է եղած։