ԶՈՒԱՐԹ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐՕՏԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ցաւերով, վիշտերով, տառապանքներով լեցուն այս կեանքին մէջ ո՜վ կարօտը չի զգար զուարթ եւ ժպտուն կեանքի մը։ Կեանքը միշտ ունի ելեւէջներ՝ երբեմն կը բարձրանայ, երբեմն կ՚իջնէ, երբեմն կը ժպտի, երբեմն ցոյց կու տայ իր խոժոռ, մռայլ դէմքը։