ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՕՍԻ ՄԵԶԻ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մի՛շտ կը խօսի մեզի հետ, բայց քիչեր կ՚անդրադառնան այդ աստուածային խօսքին եւ քիչեր կը լսեն զԱյն։ Երանի՜ այն «քիչ»երուն՝ որ կ՚անդրադառնան Աստուծոյ խօսքին ու կը լսեն զայն։