ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Ա.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային պատմութեան ընթացքին՝ սկսած նախամարդէն մինչեւ մեր օրերը, ամուսնութիւնը ունեցած է իր յատուկ ու ուրոյն տեղը, որով դարեր շարունակ ապահովուած է ցեղախումբերու եւ ազգերու գոյութեան ընթացքը: Ամուսնութիւնը հի՛ն է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը եւ այնպէս ինչպէս այսօր մեր հասարակութեան համար, նոյնպէս նախամարդուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցած է, առանց որուն այսօր գոյութիւն չէինք ունենար: