Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսս, որ կ՚այցելէ Թուրքիա, երէկ հիւրընկալուեցաւ Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Ալպայրաք եւ Ռոսս վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առեւտուրի ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի դառնայ իսլամական դրամագլուխի ձգողական դաշտը։ Ան ընդգծեց, որ Իսթանպուլի ելմտական կեդրոնը կարճ ժամանակի ընթացքին իսլամական աշխարհի ելմտական գետնի վրայ տարածքաշրջանային կեդրոնը պիտի դառնայ։
Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը։ Նիստէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մեկնաբանէ անգիր օրէնքներով նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութեան դժուարութիւնները:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ. Deutsche Welle-ի կողմէ հետաքրքրական թողարկում:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը իր ճակատին վրայ կը գրէ ի՛նչ որ գրուած է «Պատուիրաններ»ու տախտակներուն վրայ. «Ես քու նախանձոտ Աստուածդ եմ որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդւոց վրայ, մինչեւ անոնց երրորդ եւ չորրորդ ազգը՝ որ կ՚ատեն զիս, եւ կ՚ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը որ կը սիրեն զիս եւ իմ պատուիրաններս կը պահեն»։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Նորածին մը անտէր, անօգնական լքելը՝ նորութիւն մը չէ ամերիկայի տարածքին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ սեռային յարաբերութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ մըն է, յատկապէս՝ պատանիներու միջեւ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Անոր ժամանակը չէր հասած»:
Հարցում. Ի՞նչ է «Անոր ժամանակը չէր հասած»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«1988-1990-ականներուն սկիզբը Երեւանի Զէյթուն թաղամասին մէջ ունէի դասընկերուհիներ, որոնք Պէյրութէն եւ Հալէպէն 1940-ականներուն հայրենադարձուած հայերու թոռներ էին. անոնց թաղը կ՚անուանէին «ախպարի թաղ»: Զէյթունի «Գնացքի գիծ» կոչուող տարածքին քով ոչ շատ լուսաւոր, կային հին տուներ, որոնք հայրենադարձները 1946 թուականէն ետք, իրենց տրուած հողին վրայ շինած էին, ոչ մէկ ճոխութիւն կար այդ տուներուն եւ բակերուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վերամուտ» երբ կ՚ըսուի, մարդուս մէջ ինքնաբերաբար կ՚արթննան յիշատակներ, աչքի կ՚երեւին դէմքեր, վերստին կ՚ապրուին պահեր, որոնք անջնելիօրէն տպաւորուած են միտքերու մէջ։ Արդարեւ վերամուտը կը խորհրդանշէ վերսկիզբ մը, կեանքի մը ապրումներու նոր սկզբնաւորութիւն մը։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միայն օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ զանգուածային սպանութիւններու քանի մը դէպքեր պատահեցան կրկին հրահրելով երկրին մէջ զէնքի վաճառքի վէճը: Ոմանք վայրագ շարժապատկերները, շարժուն գծանկարները եւ վիտէօ-խաղերը մեղադրեցին, ուրիշներ՝ երկրին մէջ զէնքի վաճառքը:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Երաժիշտները այս երգը կոչած են «ուշացած ազդեցութեամբ ձիւնագունդ»՝ համեմատելով այն ձիւնագունդին հետ, որ գլորուելով կը մեծնայ ու կը մեծանայ եւ վերջապէս, որպէս արդիւնք կը ստացուի այն, ինչ, որուն ոչ ոք կը սպասէր։ Այս երգի պարագային, ձիւնագունդի ազդեցութիւնը երկարեցաւ աւելի քան քսան տարի։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս դէպքը պատահած է 2018 թուականի դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ալապամա նահանգի Պիրմինկհըմ քաղաքի մօտերը գտնուող խանութի մը առջեւ։ Հինգ ամսը-ւան յղի Մարշա Ճոնսը (տես նկարը) թիրախ կը հանդիսանայ ատրճանաձգութեան մը, որուն դժբախտաբար զոհ կ՚երթայ իր արգանդի սաղմը։
ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ
1960-ական թուականներուն, երբ լիբանանահայ Ատիս Հարմանտեանը մուտք կը գործէր սփիւռքահայ երգարուեստի աշխարհ, գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի ունենար անթիւ-անհամար երկրպագուներ: Գիտէ՞ր արդեօք, որ պիտի գայ օր մը, երբ պիտի դառնար իր երգերը անդադար կրկնող, անոնցմով սէր ապրող ու կարօտ արտայայտող ոչ միայն նորելուկ սիրահարներու, այլ նաեւ ամէն տարիքի կիներու կուռքը, շատ անգամներ տղամարդոց նախանձը անգամ գրգռելով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ յատկապէս «տաք գօտիներ»ուն մէջ համեմատաբար խաղաղ իրավիճակ մը արձանագրուեցաւ։ Մինչ Իտլիպի ծայրամասային ամենակարեւոր գաւառակներէն Խան շէխունը կ՚անցնէր Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ, վերլուծողներէն շատեր կը յանգէին այն եզրակացութեան, թէ Սուրիոյ բանակը անխախտ կերպով պիտի շարունակէ իր յառաջընթացը, սակայն այդպէս չէր ըլլար։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Իրեն կ՚ընկերանար մեր համայնքի համակրելի երիտասարդներէն, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ բաժանմունքի աշխատակից Արաս Աշըք։
Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ յուշանուէրներ յանձնեց խումբ մը երիտասարդներու:
Կրօնական ժողովի ատենապետը վերամուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ մեր համայնքէն համալսարանականներու հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի մէջ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոսնա-Հերսէքը։ «Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի J խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ մրցումը։
Ե. դարուն կառուցուած սրբավայրը վերանորոգուեցաւ նախկին պոլսահայ բարերարներու աջակցութեամբ:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան նախագահեց Սուրբ Կարմիր Կիրակի եկեղեցւոյ օծման եւ անդրանիկ Սուրբ Պատարագին:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Վան:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ առաւօտ պատարագեց եւ քարոզեց Աղթամարի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացումին։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։