Արխիւ
Նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեան վաղը իր առաջին ցուցահանդէսը պիտի բանայ քաղաքիս մէջ՝ 8 մարտի առթիւ:
Յայտնի արուեստագէտը 22 տարի ԱՄՆ-ի մէջ ապրելէ վերջ վերադարձած է Հայաստան, ուր կը շարունակէ ստեղծագործել:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միացեալ Աստուածաշնչային ընկերութիւններու թարգմանական ծրագրերու տնօրէնուհի Մարինա Լոմովայը եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան թարգմանական ծրագրերու համակարգող Մարիքա տէ Լանկը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քաղաքակրթութեան բերած արագութիւնը այդպէս կը թուի՝ թէ մարդ էակը ի՛նք ձեւակերպելու մտադրութիւնը ունի բնութիւնը։ Եւ այնպէս կը տեսնուի՝ թէ «հին մարդ»ը այլեւս այն մարդը չէ, այլ՝ քաղաքակրթութեան թեւերուն տակ փոխուած եւ բարեկարգուած «նո՛ր մարդ»ը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մէկ-երկու օր առաջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կրկին անգամ մուտք գործեց իր ծիսական-արարողական կեանքի ամենէն խորախորհուրդ ժամանակաշրջանը, որ յայտնի է Քառասնորդաց պահեցողութիւն կամ Մեծ պահք անուններով:
Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներէն շատերը յատուկ նախապատրաստութիւն կը տեսնեն մուտք գործելու այս ժամանակաշրջանէն ներս, իրենց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ունենալով բազմաթիւ ակնկալութիւններ եւ սպասումներ:
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու յատկանշական գիրքերու վերահրատարակութիւնը։ Անոնցմէ մին է Զաւէն Պիպէռեանի նշանաւոր «Մրջիւններու վերջալոյսը», իսկ միւսը՝ «Հայ սպայի մը Տարտանէլի եւ Արեւելեան ճակատի օրագրութիւնը (1914-1918)», որու հեղինակն է Աւետիս Ճէպէճեան։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ձմրան բուքին,
Երկու որբեր՝ քոյր ու եղբայր։
Առտուընէ ի վեր, փողոցներն ինկած։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հետեւեալ հատուածը Արշակուհի Թէոդիկի «Ամիս մը ի Կիլիկիա» գիրքէն է, ուր ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ աղէտեալներուն կեանքը, իրեն հանդիպած մարդիկը, անոնց առօրեան եւ իր տպաւորութիւնները կը կիսէ այդ ճամբորդութենէն (հեղինակին՝ գիրքին մէջ գործածուած ուղղագրութիւնը պահպանուած է):
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ատըեամանեան շրջագայութեանս ընթացքին, օր մը, Գրիգոր աղբարիկը ինծի առաջարկեց իրեն ուղեկցիլ դէպի Քեահթա, այցելելու համար իր զարմուհիներէն մէկուն։ Համաձայնեցայ։ Չէի գիտեր անշուշտ, որ մասամբ այլ հանդիպումներու նմանող այս մէկը մե՛ծ իւրայատկութիւն մը պիտի ունենար նաեւ։
Յառաջիկայ շաբթուան տեւողութեան Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի ժողովը։ Այս խորհուրդը Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ որոշումներ կայացնելու համար ամենաբարձր մակարդակի մարմինն է։
Ամերիկացի նախկին համանախագահները հանդէս կու գան յայտարարութիւններով:
Ճէյմս Ուորլիք. «Խաղաղութեան համար այսօրուանէն աւելի լաւ ժամանակ պիտի չըլլայ»:
Տեսակցեցաւ՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայրենիքի սահմաններէն հազարաւոր քիլօմեթր հեռաւորութեամբ՝ հարեւան երկրի մը մէջ ջերմ ու տաքուկ անկիւն՝ ուրկէ Հայաստան կը բուրէ։ Պոլսոյ նախկին հայահոծ Գումգաբու թաղամասին կը վերաբերի խօսքը, ուր այժմ կը բնակին Հայաստանէն Թուրքիա ժամանակաւորապէս հաստատուած մեր հայրենակիցներու ստուար հատուածներ։
Անկլիքան եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս՝ Քենթըրպըրի քաղաքին մէջ զետեղուեցաւ առաջին հայկական խաչքարը, որու օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Քենթըրպըրի քաղաքը կը համարուի Անգլիոյ հոգեւոր կեդրոնը եւ այս խաչքարը միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ տարածքէն ներս կանգնեցուած առաջին հայկական խաչքարն է։
Անգլիական BBC-ն հեռարձակեց հաղորդում մը՝ ձօնուած ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակին։ Ձայնասփիւռի միջոցաւ այս ծրագրին հեռարձակումը համընկնեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։
«Ան գիտէր իր խաչին զօրութիւնը եւ այդ մէկը միշտ ծառայեցուցած էր իր երկրին ու ժողովուրդին համար»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեան ոգեկոչուեցաւ ծննդեան 60-ամեակին առթիւ:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Թրէյսին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շնորհաւորելով դեսպանը նոր առաքելութեան կապակցութեամբ՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ բարեկամութիւնն ու ընկերութիւնը՝ ընդհանուր արժէքներու, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը իրաւատէր է կղզիի մերձակայքի բնական հարստութիւններու պարագային։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը բաժնետէրն է այդ հարստութիւններուն եւ բոլորը պէտք է վարուին ըստ այդմ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան կողմէ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, յառաջիկայ հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նուիրուած պիտի ըլլայ նաեւ բանակցային ձեւաչափի շուրջ քննարկումներու:
Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները Բարեկենդանի առթիւ այցելեցին «Փելիթ» տուրմի եւ քաղցրաւենիքներու արտադրութեան գործարանը, որու համալիրէն ներս կը գտնուի նաեւ թանգարան մը։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ իր կարծիքները կը յայտնէ նաեւ ուխտի մասին։ Հետաքրքրական եւ ուսուցողական այս տողերէն հատուածներ կը ներկայացնենք, միշտ հաւատարիմ մնալով բնատիպին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանը կը բովանդակէ վեց կիրակի։ Կիրակին որքան հանգիստի օր, նաեւ օրհնութեան օր է քրիստոնեաներու համար։ Կիրակի օրը հոգւով եւ մտքով պէտք է նուիրուի Աստուծոյ, քանի որ Յակոբոս Տեառնեղբայր իր Ընդհանրական Նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի», (ՅԱԿՈԲ. Դ 8)։