Արխիւ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ խոր սուգի մթնոլորտով:
Համայնքային շրջանակները բերին իրենց խոնարհումը նորոգ հանգուցեալ Ղազարոս Ունանի բարի յիշատակին առջեւ:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան. «Ես չեմ խօսիր ամիսներու մասին, կը խօսիմ շաբաթներու մասին»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նոր հանդիպման մը հաւանականութիւնը օրակարգի վրայ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ մէջ սրբապատկերի դիմաց մոմ վառելը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ամենագեղեցիկ աւանդութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին պատուիրեց, որ ձիթենիի զուլալ, անարատ ձէթ բերեն՝ վկայութեան խորանի կանթեղին մէջ դնելու ու խորանը լուսաւորելու համար (Հմմտ. Ել 17. 20-21):
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Անտարակոյս ճիշդ պիտի չըլլար անհաճոյ կացութեամբ սկսիլ սոյն գրութիւնը երբ կարեւորագոյն հարցը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Երուսաղէմ երկրորդ այցելութիւնն էր եւ բացումը նորաշէն Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի շէնքին՝ նուիրուած ազգային բարերար Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու կողմէ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աւանդապահ եւ անցելապաշտ որոշ բրիտանացիներու համար արքայական հանրային ձեռնարկները մինչեւ հիմա շատ հաճելի են, եւ մարդիկ ժամերով, նոյնիսկ ամբողջ օր մը փողոցը, կամ հրապարակի մը մէջ կը սպասեն տարազաւորներու այդ տողանցքը դիտելու, երջանիկ պահեր ապրելու համար, անկախ անկէ, որ այդ ձեռնարկները պետական սնտուկին միլիոններ կ՚արժեն, նոյնպէս կրնան մսխում նկատ-ւիլ, երբ մանաւանդ այդ ամուսնութիւններուն մեծ մասին ճակատագիրը այնքան ալ հէքեաթային աւարտ չ՚ունենար…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խօսնակ Եդուարդ Շարմազանով, որ օրեր առաջ հարցազրոյց մը տուաւ հայրենի «Շանթ» հեռուստաընկերութեան՝ բացառեց, որ յառաջիկայ օրերուն կուսակցութիւնը դէմ յանդիման պիտի ըլլայ «առնէտավազք» կոչուած երեւոյթին։ Շարմազանովի այս «հաստատում»ը տեղի կ՚ունենար այն պահուն, երբ մէկէ աւելի պատգամաւորներ կը լքէին ցարդ ալ խորհրդարանին մէջ մեծամասնական ուժ հանդիսացող ՀՀԿ-ն։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Վեհ. Հայրապետը Փաշինեանին շնորհաւորութիւններ եւ օրհնութիւններ յղեց՝ ծննդեան տարեդարձին առթիւ:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտները վերջերս կատարեցին դաշտապտոյտ մը դէպի Սիլիվրի։ Ամբողջ օրուան մը տեւողութեան տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։
Գարակէօզեան Տան մանկարանէն ներս երէկ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Տարեվերջի հանդէսին առթիւ փոքրիկները յուզումի մէջ էին։
Սամաթիոյ Սահակեան երգչախումբի մանկանց կազմը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համերգով մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Սահակեան մանկանց երգչախումբի համերգը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճի երդիքի տակ։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ի՞նչ կը նշանակէ «Ալէլուիա»։
- Ալէլուիա կը նշանակէ՝ զԱստուած օրհնեցէք, Տէրը բարեբանեցէք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու ելմտական պետական քարտուղար Սթիվըն Մանուչինի ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութիւնը նոր էջ կը բանար Լիբանանի դէմ ընթացք առած արշաւի մը, որուն իսկական նպատակն էր ամէն գնով «նեղը դնել» «Հիզպուլլահ» կուսակցութիւնը։
Հաղորդագրութիւնը, որ կը սահմանէր նոր պատժամիջոցներ, «կ՚ողջուն-ւէր» արաբական աշխարհի «սիւննի պլոք»ի ազդեցիկ տէրութեանց կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ տօն կատարել հայ ժողովուրդին յատուկ արարողութիւն մըն է։ Արդարեւ «Եկեղեցի»ն աստուածային հաստատութիւն մըն է եւ Քրիստոսի փրկագործութեան արդիւնք։
Հայկազեանը կը շարունակէ բազմակողմանի առաքելութիւնը՝ միշտ նախանձելի մակարդակի վրայ:
Պէյրութի մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:
Երէկ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ընթացքին ծագեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան Իւնալ Տեմիր (24), Սէյֆետտին Աքպաշ (28) եւ Սերճան Քոչ (23)։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի երկիրներու հարցերով համակարգող տնօրէն Ֆրանսիս Մալիժի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Միխէիլ Ճանելիծէ անդրադարձան համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ կառավարական պատուիրակութեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան։
Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ՝ չորս ամսուան յետաձգումէ մը վերջ երէկ սկսան առանցքային նիւթերով հեռանկարային քննարկումներ:
Թրքահպատակներու մուտքի արտօնութիւններէ զերծ դառնալու ուղղեալ աշխատանքները հետզհետէ կը մօտենան իրենց աւարտին՝ մասնաւոր կէտերու արծարծումով:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ոմանք» երաժշտական խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Շուրջ մէկ շաբթուան ուղեւորութեան տեւողութեան «Ոմանք» հանդէս պիտի գայ հինգ համերգով։