Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018

Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի (ԵԵԽ) գագաթաժողովը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ, եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ ԵԵԽ-ի գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցաւ Կառավարման խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն, որու արդիւնքով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութենէն՝ Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան ընտրուեցաւ այդ խորհուրդի անդամ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար երէկ տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս մը։ «Մնաս բարով մանկապարտէզ» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Էջմիածնի տօնին առթիւ, հովանաւորութեամբ՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Եկեղեցւոյ հոգեւարականաց դասը նկատելով օրուայ ազգային-եկեղեցական նշանակութիւնը եւ երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարքի վախճանման 100-ամեակը, որոշած էին Արամեան սանուց միութեան հետ գործակցաբար կազմակերպել ցուցահանդէս մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

- Ե՞րբ, ի՞նչ­պէս եւ ի՞նչ­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ գրի առ­նուե­ցաւ «Հա­ւա­տամք»ը։
- Քրիս­տո­նէու­թեան ա­ռա­ջին իսկ դա­րէն, Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ ա­նոր կող­քին յայտ­նուե­ցան ա­ղանդ­ներ, կամ հեր­ձը-ւա­ծող­ներ, ո­րոնք ճշմա­րիտ հա­ւատ­քէն շե­ղած ան­ձեր կամ խմբակ­ցու­թիւն­ներ էին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուծոյ, որ բարի է եւ ամենակարող, չարին գոյացութեան եւ չարագործութեան արտօնելու եւ արգելք չհանդիսանալու հարցը մարդկային միտքը զբաղեցնող խնդիր մըն է։ Աստուած քանի որ բարի է, սէր է եւ ամենակարող, ապա ուրեմն ինչո՞ւ արգելք չ՚ըլլար չարին չարագործութեանը։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը շարունակենք դժոխքի մասին Լեւոն Սարգիսեանի խորհրդածութիւնները ներկայացնել, որոնք փաստարկումներ են, թէ՝ քանի որ Աստուած բարի՛ է, սէ՛ր է, ապա ինչո՞ւ կ՚արտօնէ, որ չարը գոյութիւն ունենայ եւ գործէ, եւ թէ ինչո՞ւ հաստատուած կամ ստեղծուած է դժոխքը։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

Աշխարհահռչակ ամերիկացի գրող Օ. Հենրիի «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» պատմուածքի հիման վրայ իրականացուած համանուն բեմադրութիւնը թատերասէրներուն հնարաւորութիւն կու տայ մեծահասակներու մէջ փնտռել մանուկները եւ թոյլ չտալ, որ հասուն մարդիկ կորսնցնեն իրենց  երազները:

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

Ո­ւա­շինկ­թը­նի նո­րա­բաց Աս­տուա­ծա­շուն­չի թան­գա­րա­նին մէջ ներկայացուած են հայ­կա­կան բա­ցա­ռիկ ձե­ռա­գիր­ներ:
Թան­գա­րա­նին մէջ, որ կը գտնուի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Քոնկ­րէ­սի շէն­քին մօտ, ներ­կա­յա­ցուած է Աս­տուա­ծա­շուն­չի պատ­մու­թիւ­նը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը աշ­խար­հի տար­բեր հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու ու մշակոյթներու վրայ:

 

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ ճանապարհային քարտէս մը որդեգրեցին՝ Մենպիչի պարագային:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ երէկ տեսակցութիւն մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ:

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածուն երէկ այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Մարգար Էսաեան անդրադարձաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն եւ նախընտրական աշխատանքին:

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար հանդէս մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Լիզա Սէրճէնեանի եւ Էտըմ Եթէրօղլուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները։ Իրենց կ՚ընկերանար հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլու։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրին հակառակ կողմը» վէպը արդէն իսկ ընթերցողին սեղանին է: Հայաստանի մէջ գիրք վաճառելու նոր աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է:

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Արա Արծրունիին առաջին անգամ հանդիպեցայ 11 Յուլիս  2017-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մտայղացումով եւ կազմակերպութեամբ կը մասնակցէինք «Սփիւռքի հայը նոր հորիզոններու դիմաց» գիտաժողովին՝ Պիքֆայա, Լիբանան: Գիտէի, որ ան գաղութին մէջ ծանօթ արձակագիր եւ թատերագիր է, բայց, ինչ խօսք, ծանօթ չէի անոր գործերուն:

 

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ան­ցեալ շա­բաթ լսե­լի դար­ձած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին հա­տուած­նե­րու խնդի­րը այ­սօր սկսած է դառ­նալ երկ­րի գլխա­ւոր խնդիր­նե­րէն մին։ 
Խօս­քը ան­շուշտ կը վե­րա­բե­րի Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րուն մէջ գոր­ծող քրտա­կան զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք անց­նող գրե­թէ ե­րեք տա­րի­նե­րուն մեծ ճի­գեր ի­րա­կա­նաց­նե­լով յա­ջո­ղած են ստեղ­ծել մա­սամբ ինք­նա­վար շրջան­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018

Նախարար Զօհրապ Մնացականեան. «Ես չեմ խօսիր ամիսներու մասին, կը խօսիմ շաբաթներու մասին»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նոր հանդիպման մը հաւանականութիւնը օրակարգի վրայ:

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ մէջ սրբապատկերի դիմաց մոմ վառելը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ամենագեղեցիկ աւանդութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին պատուիրեց, որ ձիթենիի զուլալ, անարատ ձէթ բերեն՝ վկայութեան խորանի կանթեղին մէջ դնելու ու խորանը լուսաւորելու համար (Հմմտ. Ել 17. 20-21):

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Անտարակոյս ճիշդ պիտի չըլլար անհաճոյ կացութեամբ սկսիլ սոյն գրութիւնը երբ կարեւորագոյն հարցը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Երուսաղէմ երկրորդ այցելութիւնն էր եւ բացումը նորաշէն Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի շէնքին՝ նուիրուած ազգային բարերար Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու կողմէ:

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Աւանդապահ եւ անցելապաշտ որոշ բրիտանացիներու համար արքայական հանրային ձեռնարկները մինչեւ հիմա շատ հաճելի են, եւ մարդիկ ժամերով, նոյնիսկ ամբողջ օր մը փողոցը, կամ հրապարակի մը մէջ կը սպասեն տարազաւորներու այդ տողանցքը դիտելու, երջանիկ պահեր ապրելու համար, անկախ անկէ, որ այդ ձեռնարկները պետական սնտուկին միլիոններ կ՚արժեն, նոյնպէս կրնան մսխում նկատ-ւիլ, երբ մանաւանդ այդ ամուսնութիւններուն մեծ մասին ճակատագիրը այնքան ալ հէքեաթային աւարտ չ՚ունենար…

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՀՀԿ) խօս­նակ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով, որ օ­րեր ա­ռաջ հար­ցազրոյց մը տուաւ հայ­րե­նի «Շան­թ» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան՝ բա­ցա­ռեց, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն կու­սակ­ցու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման պի­տի ըլ­լայ «առ­նէ­տա­վազ­ք» կո­չուած ե­րե­ւոյ­թին։ Շար­մա­զա­նո­վի այս «հաս­տա­տու­մ­»ը տե­ղի կ՚ու­նե­նար այն պա­հուն, երբ մէ­կէ ա­ւե­լի պատ­­գա­մա­ւոր­ներ կը լքէին ցարդ ալ խորհր­դա­րա­նին մէջ մե­ծա­մաս­նա­կան ուժ հան­դի­սա­ցող ՀՀԿ-ն։

Էջեր