Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Ֆլո­րիա­յի մէջ։ «Հա­թայ սոֆ­րա­սը» ճա­շա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան քա­ղա­քիս զա­նա­զան թա­ղե­րէն հա­մա­կիր­ներ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը, բո­լոր գնա­հա­տում­նե­րով, կո­չուած է պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն: Այդ­պէս ար­ձա­գան­գած է թէ՛ դուր­սի աշ­խար­հը, թէ՛ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նը՝ նո­րըն­տիր վար­չա­պետ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ տասն­մէկ օր տե­ւած խա­ղաղ անհ­նա­զան­դու­թեան շար­ժու­մէն ետք: 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հօր Բանն Աս­տուա­ծը եւ Սուրբ Հո­գիին հա­մա­գո­յա­կի­ցը, հայ­րա­կան ծո­ցէն խո­նար­հե­ցաւ եւ Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մէն մար­մին ա­ռաւ, Կոյ­սէն ծնաւ սա­կայն (կոյ­սին) կու­սու­թիւ­նը չի՛ խախ­տե­ցաւ։ (Իր) մօր կա­թով սնա­նե­ցաւ եւ (սա­կայն) ան­գոս­նե­լի կիր­քեր չու­նե­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018

«Մենք նկատենք կամ ոչ, 24 Ապրիլ 1915 թուականէն ի վեր կեանքը ցամքած է Թուրքիոյ մէջ։ Ժողովուրդ մը ոչնչացուած է իր բոլոր արժէքներով»:
Ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան դէմ DurDe! նախաձեռնութեան կողմէ Թիւնէլի հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին յայտարարութիւն մը ընթերցեց Ուֆուք Ուրաս. «Մենք կ՚ուզենք ո՛չ թէ ցաւերը մեղմել, այլ՝ վերջ տալ ուրացման»:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնով պայմանաւորուած լաւատեսութիւնը կասկածի տակ կը մնայ առաւելապաշտ ակնկալութիւններու հրահրումով: Ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի միջեւ նախատեսուած բանակցութիւնները չեղարկուեցան: Երեւանի կեդրոնին հանրահաւաքները կը շարունակուին: Իշխանութիւնները արդէն զօրք կը մտցնեն մայրաքաղաք՝ վերահսկելու համար իրավիճակը:
24 Ապրիլի միօրեայ դադարէն վերջ կը յառաջանայ պղտորութիւն։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։
«Քաղաքացիական շարժումը, որու մէջ ներգրաւուած է յատկապէս երիտասարդութիւնը, նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ երկրի քաղաքական կեանքի առողջացման եւ ժողովրդավարութեան խորացման ուղղութեամբ։ Ան աշխարհի վրայ կը բարձրացնէ պետութեան ու հայ ժողովուրդի հեղինակութիւնը, եթէ մենք կարենանք ճիշդ ու կշռադատուած լուծումներ գտնել»։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ժողովրդական պոռթկումներու յաղթահարումը, ընկերային ցնցումներու դիմագրաւումը չափազանց կարեւոր են Հայաստանի ժողովրդավարութեան կայացման տեսակէտէ։ Երկրի բնակչութեան կարեւոր տոկոսը աղքատութեան, նոյնիսկ թշուառութեան մէջ կ՚ապրի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայերէնի աշխատանոցը հասաւ իր աւարտին։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս աշխատանոցը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ մեր կրթական մշակներու շրջանակէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

1976-ին, երբ հասայ Ամերիկա, մեր ապրած երկիրներէն եկած վաղեմի բարեկամներու տան մը մէջ (որոնք արդէն տարիներ առաջ հաստատուած էին Ամերիկա) ապաստարան գտայ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար, մինչեւ որ աշխատանք մը գտնեմ։ Բարեբախտաբար, յաջորդ օրն իսկ արդէն գտած էի։ Ծանօթացայ աշխատատեղիիս մօտակայ «կէզ սթէյշըն»ի ինքնաշարժներու վառելանիւթի վաճառքի կեդրոնի մը մէջ աշխատող երիտասարդի մը, որ անգլերէնի հնչիւնէս անմիջապէս կռահելով օտարական ըլլալս, հարցուց՝ որտեղացի՞ եմ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018

Ուսումնասիրեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Առաջին Տիեզերական Նիկիոյ Ժողովին մէջ տեսանք, թէ Արիոս իր կողմնակիցները ունէր եւ իր քարոզութիւնը ամէնուրեք տարածուած էր։ Արիոսի մահէն ետք արիոսականութիւնը ոչ միայն չ՚անհետանար, այլ անոր քարոզութիւնները օրէ օր կ՚աւելնան, անոր ուսուցումներուն հիման վրայ նոր ուսուցումներ երեւան կու գան, որոնք կը սկսին շեղիլ եւ նորանոր քարոզութիւններով ժողովուրդը այնքան մոլորեցնել, որ իրենք իրենց կողմնակիցներուն՝ արիոսականներուն դէմ ելլելով, նոր ուսուցումներ կը տարածեն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութեան մէջ «կարմիր» գոյնը կը խորհրդանշէ ընդհանրապէս հասունութիւնը, կատարելութիւնը, քանի որ բոյսեր, ծառեր, տերեւներ եւ պտուղներ մանաւանդ երբ սկսին կարմրիլ, այդ նշանակ է անոնց հասուն վիճակի մէջ ըլլալուն այլեւս։ «Կարմիր» գոյնը հոգեւոր կեանքի մէջ ալ նշանակութիւններ ունի. ան նախ եւ առաջ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի փրկարար արիւնը, որ թափուեցաւ խաչին վրայ՝ մարդկութեան փրկութեանը համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Կը տեղեկանանք, որ Թաքսիմ մարզակումբը ձեռնամուխ եղած է համերգի մը կազմակերպման։ Երէկ, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանը՝ ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզի, որ կը համակարգէ այս համերգային ծրագիրը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանն ու իր ընկերները։ Թաղականներուն ուղեկցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Sayın Aram Ateşyan
Türkiye Ermenileri Patrik Genel Vekili
Çok değerli Ermeni vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum. 
Birinci Dünya Savaşı’nın zor ve sıkıntılı şartlarında vefat eden Osmanlı Ermenilerini anmak üzere, bugün İstanbul Ermeni Patrikhanesi’nin çatısı altında toplanmış bu­lunuyorsunuz.

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Ար­ցա­խի Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի Նոր Կար­մի­րա­ւան գիւ­ղի տա­րած­քին վրայ սկսած են 2018 թուա­կա­նի պե­ղում­նե­րը:
Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի՝ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան ու­սում­նա­րա­նի Ար­ցա­խի հնա­գի­տու­թեան խում­բի ան­դամ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Նժդեհ Ե­րա­նեան նշած է, որ այս տա­րուան Նոր Կար­մի­րա­ւա­նի պե­ղում­նե­րը 2016 թուա­կա­նի հե­տա­խու­զա­կան պե­ղում­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւնն են:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Վիեննայի պետական օփերան ներկայացուցած է 2018-2019 թուականներու նոր տարեշրջանի ծրագիրը: Ան 2019 թուականի Մայիսի 25-ին կը նշէ իր հիմնադրութեան 150-ամեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Վիեննայի մշակութային կեդրոնի տնօրէնութենէն յայտարարած են, որ հանդիսատեսները ամէն տարի կը դիտեն 50 օփերա, 16 պալէ, 5 մանկական բեմադրութիւն եւ համերգային այլ միջոցառումներ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ողբերգական դէպք մը։ Տեղական ժամով շուրջ 13.30-ին քաղաքի կեդրոնի բանուկ պողոտաներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցաւ այս սահմռկեցուցիչ դէպքը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս պատմութեան առանցքը կը կազմէ սովորականէն դուրս պանդոկ մը, որ կը գտնուի Քոլորատօ նահանգի Էսթէս Փարք քաղաքին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցնող տասն օրերուն ընթացքին հայկական օրակարգը «ալեկոծած» արագ զարգացումները երէկ նոր հուն մը մտան, երբ Հայաստանի ընտրեալ վարչապետ Սերժ Սարգսեան, իր ընտրութենէն հազիւ շաբաթ մը անց «տեղի կու տար» փողոցի դժգոհութեան առջեւ եւ կը հրաժարէր իր պաշտօնէն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018

Ո՛չ միայն արդի հանրապետութեան, այլ՝ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան տեսակէտէ բեկումնային պահ մը. Հայաստանի մէջ համաժողովրդական ալիքը նպատակին հասաւ՝ առանց նոյնիսկ մէկ անձի քիթի արիւնելուն: Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը բնորոշեց յեղափոխութիւն մը, որ եղաւ իսկապէս թաւշեայ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը: Այսօր՝ 24 Ապրիլին դադար կը տրուի ներքին պայքարին՝ ոգեկոչումները խնայելու համար քաղաքականացման վտանգէ: Վաղուընէ սկսեալ նոր շրջանին շուրջ պիտի բանակցին Նիկոլ Փաշինեան եւ Կարէն Կարապետեան: Արտահերթ ընտրութիւնները հաւանական:
Անցնցում իշխանափոխութիւն:
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան ծովածաւալ բազմութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանրահաւաքը վերածուեցաւ տօնախմբութեան:

Էջեր