Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այսինքն, հողը ինքնաբերաբար կ՚աճեցնէ սերմը. նախ ցօղունը, ապա հասկը, ապա հասկին մէջ լեցուն ցորենը». (ՄԱՐԿ. Դ 28)։
Մարդուն բոլոր իմաստութիւնը եւ հանճարը չե՛ն կրնար կեանք արտադրել, կեանքի կոչել բնութեան մէկ ամենափոքր առարկային մէջ։
Երկիր մոլորակի աւելի քան հինգ միլիոն բնակիչներ մինչեւ 2100 թուականը կը կորսցնեն իրենց տունը ծովու մակարդակի բարձրացման պատճառով. նոյնիսկ այն պարագային, եթէ Փարիզի համաձայնագրերը կատարուին, եւ մոլորակը աւելի տաքնայ ընդամէնը սելսիուսի 1.5-2 աստիճանով:
Հայկական լեռնաշխարհէն ներս արծաթագործութիւնը յայտնի է հնագոյն ժամանակներէն: Այդ մասին կը վկայեն Քարաշամբէն, Վանաձորէն, Լճաշէնէն, Լոռի Բերդէն եւ այլ հնավայրերէ պեղուած ոսկեայ, արծաթեայ բարձրարժէք գտածոները:
Ռուսաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Վլատիմիր Փութին տարաւ ջախջախիչ յաղթանակ մը։ Քուէարկողներու 75 տոկոսը Փութինին վրայ կեդրոնացուց ձայները։
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու 58-րդ օրը Թուրք զինեալ ուժերը հասան իրենց բուն նպատակին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Չանաքքալէի մէջ յայտարարեց. «Մենք չենք գացած բռնագրաւման համար, մենք գացած ենք՝ մեր եղբայրները փրկելու համար ահաբեկչական կազմակերպութեան զուլումէն»:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Յայտնի ճշմարտութիւն մըն է, որ ընթերցանութիւնը մանաւանդ երեխաներուն համար կենսական է: Հրատարակչատուներ, մշակութային միութիւններ, անհատ հեղինակներ, երբեմն՝ գերմարդկային ճիգեր ի գործ դնելով, մանկական որակաւոր հրատարակութիւններ կը հրապարակեն:
Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գիւտ Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Աթոռը թափուր էր։ Այդ ժամանակներուն կաթողիկոսական իշխանութիւնը միայն հոգեւորական շրջանակի մէջ հեղինակութիւն ունէր։ Այս թշուառ պայմաններուն տակ, 478-ին կաթողիկոս կ՚ընտրուի վախճանեալ Գիւտ Կաթողիկոսի գործակից՝ Ս. Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Փետրուար ամսուն վերջին օրերուն եւ Մարտի սկիզբը կը գտնուէի Անգլիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա: Ճիշդ այն օրերուն էր, երբ վրայ հասաւ այսպէս կոչուած «Արեւելքի հրէշը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ Կիրակին կը կոչուի «Գալստեան Կիրակի»։ Արդարեւ, Հին Կտակարանին տնտեսութեան գործադրութիւնը որպէս գլխաւոր նպատակ ունէր՝ պատրաստել Քրիստոսի գալուստը՝ աշխարհի Փրկչին երկինքէն երկիր գալը, ինչ որ կ՚ենթադրէ Քրիստոսի առաջին գալուստը։
Մարտ 12-ին, Ֆրանսայի Ռոն Ալփ-Օվըրն շրջանի Տեսին Շարփիօ քաղաքին մէջ սկսած են «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկները:
Թայլանտի թագաւորութեան արքայադուստր Մահա Չաքրի Սիրինտհոր երէկ այցելած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի ուղեկցութեամբ Մահա Չաքրի Սիրինտհոր շրջած է Մատենադարանի թանգարանային համալիրէն ներս եւ ծանօթացած է հայ ձեռագրական ժառանգութեան։
«Կլոպալ ֆեստ Երեւան» արուեստի երկրորդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնը կը միաւորէ երգարուեստի եւ պարարուեստի տաղանդաւոր ներկայացուցիչները։ Անոնց կը տրուին հնարաւորութիւն ցուցադրելու համար իրենց կարողութիւնները եւ յաջողութեան հասնիլ արուեստի ոլորտներէն ներս։
Հայ արտադրողները մոսկովեան միջազգային ցուցահանդէսին կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը եւ գործարար կապեր հաստատելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան:
Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ երկրի ութ ձեռնարկութիւն աշխարհի աւելի քան հազար ապրանքանիշներու շարքին, Մարտ 13-16 թուականներուն, Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի «Mosshoes 2018» կօշիկի եւ կաշիէ զարդերու մասնագիտացած ցուցահանդէսին:
Դեսպան Լաքոթ կը խօսի որդեգրուած արժեհամակարգի տարածքաշրջանէ ներս ամրապնդման մասին:
Ֆրասախօսութեան կազմակերպութեան Երեւանի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովը կը հետապնդէ լուրջ նպատակներ:
Պարսից ծոց-Սեւ ծով փոխադրութեան միջանցքին համար Հայաստան կը բանակցի չորս երկրի հետ:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԹՐԱՍԷՔԱ-ի միջկառավարական յանձնաժողովի 13-րդ նիստը. հայկական կողմը նախագահող:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան սուրիահայութեան ապրած տագնապին, կրած կորուստներուն եւ ապրած ոդիսականին մասին գրելու պահուն կարեւորագոյն լուսարձակը կը բացուի Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդներուն վրայ, որոնք շատ յաճախ անտեսելով պատերազմի ամենէն ծանր դէպքերն ու անտեսելով մահուան վտանգը՝ շարունակեցին որպէս հոգեւոր առաջնորդ իրենց առաքելութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ կը զղջամ, պէտք է ներես իրեն» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3-4)։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Քոփենհակ, ուր բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Դանիոյ ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Քոփենհակի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Դանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուէլսէնի, Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Քրիստիան Եուլի, Մշակոյթի նախարար Մեթէ Պոքի, Դանիոյ Արտասահմանեան վարկաւորման գործակալութեան ղեկավար Քրիստիան Ֆրիկաստի, Պետական եկամուտներու նախարար Քարսթէն Լորիթզէնի, Կառավարութեան պետական քարտուղարի տեղակալ Մայքըլ Սթարպաք Քրիստէնսէնի, ինչպէս նաեւ Դանիոյ Արտաքին քաղաքական ընկերակցութեան անդամներուն հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ հետ 2009 թուականին ստորագրուած եւ բոլորովին վերջերս առ ոչինչ հռչակուած արձանագրութիւններուն մասին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստը։
Իլհամ Ալիեւ իր երկիրը կը համարէ քաղաքակրթական կամուրջ մը՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը շեշտեց, որ TANAP կազամուղ խողովակաշարը կը միացնէ 7 երկիր ու կը բացուի այս տարի: