Արխիւ
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիւանապետը կը մեկնաբանէ Սուրբ Տեղեաց վերաբերեալ վերջին շրջանի կարեւոր իրադարձութիւնները:
Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան. «Եկեղեցապատկան կալուածները կը ծառայեն որպէս եկամուտի աղբիւր, տուեալ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւէտ իրականացման համար։ Վանքերը դարեր շարունակ ազատ եղած են տուրք վճարելէ։ Մենք դէմ ենք, որ հարկեր սահմանուին եկեղեցիներուն համար»:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ մէջ հետզհետէ աչքառու յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ նաեւ «Արսենալ»ի մարզաշապիկով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հենրիխ Մխիթարեան վերջերս դարձաւ «Արսենալ»ի Փետրուար ամսուան լաւագոյն խաղացողը։
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ ցարդ չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 3149-ի։
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները 15 Մարտին հանդիպում մը պիտի ունենան Պաքուի մէջ։ «Սփութնիկ» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պիտի հիւրընկալէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ու Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէն։
«Մարալ»ի ընտանիքը ընթրիքով մը մեծարեց «Թաթուլ Ալթունեան» յոբելեար համոյթի անդամները:
«Küçük Prens» նաւուն վրայ հատուեցաւ նաեւ 80-ամեակի կարկանդակ մը՝ ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ:
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած 24-րդ նարտի անհատական աւանդական մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օրուան աւարտականով։ Մրցաշարքի առաջինը հանդիսացաւ Այգ Ճետէն, որուն յաջորդեցին Գալուստ Ասլանպաշ, Սեդրակ Էօզէր եւ Գարեգին Պարսամեան։
Երէկ, Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ համայնքային մասնաւոր կանանց հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Ամէն տարի երկու անգամ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերը կ՚իրականացնեն այդ ձեւաչափով երկու հաւաքոյթ։ Այս տարուան հաւաքոյթներէն մին զուգադիպեցաւ Մարտի 8-ին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վերջին օրերուն քաղաքական օրակարգի վրայ տեղ կը զբաղեցնէ՝ Հայաստանի կողմէ 2009 թուականին, Ցիւրիխի մէջ, Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման գործընթացի կասեցումը։ Այս կապակցութեամբ անցեալ տարեվերջին հերթական վիճաբանութիւնն ալ տեղի ունեցած էր Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Ողջունելով քաղաքապետն ու ընկերակիցները Երեւանի մէջ՝ Սերժ Սարգսեան Ժորժ Քեփենեքեանին բազում յաջողութիւններ մաղթեց այդ պաշտօնին գլուխը։
«Թաթուլ Ալթունեան» յոբելեար համոյթի անդամները այս առաւօտ Երեւանէն ժամանեցին Իսթանպուլ:
«Մարալ»ի ընտանիքը այսօր բարի գալստեան ընթրիք մը կը կազմակերպէ ի պատիւ հիւր արուեստագէտներուն:
Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ Սուրիոյ տագնապը միշտ կը մնայ հրատապ հարց մը:
Յառաջիկայ 4 Ապրիլին, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Վլատիմիր Փութին եւ Հասան Ռուհանի պիտի տեսակցին Իսթանպուլի մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շարժարուեստի Ամերիկեան ակադեմիոյ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը՝ «Օսքար»ը, այս տարի 90-րդ անգամ տեղի ունեցաւ, կրկին իր վրայ սեւեռելով բարձր արուեստի սիրահարներուն ուշադրութիւնը: Հոլիուտի «Տոլպի» թատերասրահը արարողութենէն շաբաթներ առաջ կը զարդարուէր ու պատշաճօրէն կը պատրաստուէր ընդունելու շարժապատկերի արուեստի այսօրուան աստղերը, որոնք ամբողջ տարի մը կը սպասեն վայելելու աշխարհի ամենէն նշանաւոր կարմիր գորգին վրայ քալելու հաճոյքը:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Կինը, կամ աւելի ճիշդը՝ իգական սեռը, դարերու ընթացքին եղած է ամենէն հալածուած եւ ստրկացուած սեռը, բոլոր մարզերուն մէջ՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային: Հայրիշխանութիւնը քաղցկեղի նման մուտք գործեց հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, պատճառ դարձաւ անոնց փտածութեան եւ զանոնք վերածեց կիներու ստրկացման մէկական միջոցի:
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ եզակի օր մը։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Մեծ պահոց շրջանին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը։ Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան կազմակերպեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ հերթական ցուցահանդէսը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր համայն աշխարհի մէջ կը նշուի Մարտի 8-ը։ Համաշխարհային կանանց օրն է։ Աւանդաբար այս օրը հաստատուած է հասարակութեան կեանքէն ներս վաստակ ներդնող, ֆիզիքական ուժով աշխատող կանանց համար, սակայն շուտով շատ աւելի համապարփակ նշանակութիւն մը ստացած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քառասնորդաց պահեցողութիւնը՝ ինչպէս նախորդ գրութիւններուն մէջ նշած եմ, խորքին մէջ ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը սկսի տեղէ մը, այլ տեղ մը հասնելու համար, այլ խօսքով ճանապարհորդութեան սկիզբը ճանապարհորդները նպատակ կը դնեն իրենց համար հասնելու ցանկալիին: Ինչպէս իւրաքանչիւր ճանապարհորդութեան ընթացքին, ճանապարհորդները երբեմն քանի մը անգամ կը հանգստանան, իսկ երբեմն ալ միայն մէկ անգամ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բախտ» կ՚ըսեն ոմանք, եւ կ՚անցնին։ Իրաւ է, թէ կեանքի մէջ յաճախ դժբախտութիւններ կը պատահին ամէն ասպարէզի մէջ՝ որոնք շատ անգամ կը հեգնեն մարդկային իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը արձագանգեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգի կասեցման որոշման։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի ղեկավարութիւնը ներկայ ամսուան սկիզբին առ ոչինչ հռչակած էր Անգարայի հետ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնի երդիքին տակ եզակի հաւաքոյթ մը:
«Վայոց Ձոր» ելեկտրոնիկ գիրքի շնորհանդէսը արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան:
«ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ Իտալիա կը փափաքի հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի քաղաքական եւ բանակցային լուծման», յայտարարեց ԵԱՀԿ-ի մօտ իտալական նախագահութեան մամլոյ քարտուղար Ճովաննի Տաւոլի։