ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ՝ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ։ Անցեալ ամառ քահանայական կոչման արժանանալէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քառասնօրեայ ապաշխարութեան ու պատրաստութեան շրջանէ անցած նորաօծ տասներկու քահանաներն էին անոնք։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց նորընծայ քահանաները՝ հաւաստիացնելով, որ անոնք պատրաստ են իրենց հովուական ծառայութիւնը բերելու Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետն ալ քահանայ հայրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ անոնց հովուական ծառայութեան կոչուելուն շարժառիթով։ Ան նորաօծ քահանաներուն յորդորեց չընկճուիլ հովուական կեանքի դժուարութիւններէն եւ խնդիրներէն։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ առ Աստուած հաւատքով, խոհեմութեամբ եւ համբերատարութեամբ պէտք է յաղթահարուին դժուարութիւնները ու պէտք է արգասաբեր դարձնեն հոգեւոր սպասաւորութիւնը իրենց վստահուելիք հօտին համար։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց, որ նորաօծ քահանաները ամուր մնան իրենց կոչման մէջ եւ յանձնառու ոգիով, աստուածասէր, բարեպաշտ եւ հայրենանուէր ծառայութեամբ ա՛լ աւելի բարձրացնեն Հայ Եկեղեցւոյ բարի համբաւն ու հեղինակութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդ եկեղեցականներուն մաղթեց Աստուծոյ օգնականութեամբ եւ առաջնորդութեամբ արդիւնաւորել իրենց առաքելութիւնը ի պայծառութիւն Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին։ Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց քահանաները եւ անոնց ընծայեց ձեռաց խաչեր եւ Ս. Հաղորդութեան մասնատուփեր։

Յառաջիկայ օրերուն նորաօծ քահանայ հայրերը Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ ծառայութեան պիտի կոչուին Հայոց Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցներուն եւ աշխարհասփիւռ թեմերուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019