Եկեղեցական

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը վերջերս Վատիկանի մէջ հիւրընկալեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, որ այցելեց Հռոմ։ Այս հանդիպումը քրիստոնեայ աշխարհէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։

Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան վերջին օրերուն Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ շարք մը արարողութիւններու, որոնք կազմակերպուած էին ի նշանաւորումն Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակի յոբելեանին։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։

ԱՄՆ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԸ

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալ Ռայլի Պառնս եւ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Պրայն Պըրչ այցելեցին Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։

Ս. ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ՝ ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին, Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ SAVE ARMANIA ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէյի:

Էջեր