Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

Պէզճեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ գեղարուեստական երեկոյթ մը։ Մեներգիչ Ասատուր Պալճեան, դաշնակահար Էտվին Կալիպօղլու, ասմունքող Տիանա Չիլինկարեան ու նոյնպէս մեներգիչ Տիգրան Պեսքիսիզեան ճոխ յայտագիր մը գործադրելով հաճելի ժամանց պարգեւեցին հանդիսատեսներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

«Ազատութիւն» ռատիօկայանը հարցազրոյց մը ըրաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան. «Պետութեան համար անձերը կարեւոր չեն եւ ո՞վ ըսաւ, որ ես անընդունելի եմ»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

«Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն պատրաստակամութեան պակասի մասին»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ղարաբաղեան հարցը պիտի լուծուի, եթէ Ատրպէյճան հրաժարի առաւելապաշտութենէ»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

Պատրաստեց՝ ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Արամ Խաչատուրեան իր շրջագայութիւններու ժամանակ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է երկիրներու առաջին դէմքերու՝ նախագահներու հետ, անոնցմէ ստացած է հետաքրքրական առաջարկներ, ինչպէս նաեւ արժէքաւոր նուէրներ: «Արմէնփրէս» այս անգամ առանձնացուցած է աշխարհահռչակ յօրինողի հանդիպումները արքայական ընտանիքներու հետ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ծաղկաձորեան հանգստեան օր մըն էր (2015) ու երեկոյեան Talk Show-ին կը մասնակցէր Ռուբէն Մելքոնեան: Զրոյցի նիւթը բնականաբար Թուրքիոյ զարգացումներն էին, որոնց մասին բացի համոզիչ եւ հասկնալի բացատրութիւններ տալէ, Մելքոնեան իր գիտնականի հմուտ տեսակէտներով կը յաջողէր լռութեան մատնել իր ընդդիմախօսը եւ ակնդիրի մտքին մէջ ներդաշնակ կերպով «տեղաւորել» իր գաղափարները:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Ծաղ­կուած թեր­թեր. Թռչուն­նե­րուն կա­խար­դող ճախ­րան­քը հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րուն մէջ». մա­նուկ­նե­րու հա­մար պատ­րաս­տած իր ա­ռա­ջին պատ­կե­րա­գիր­քը այս­պէս խո­րագ­րած է Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան Մա­տե­նա­դա­րա­նի «Մաշ­տոց» հիմ­նադ­րա­մը: 
Գա­ղա­փա­րին հե­ղի­նա­կը՝ Մա­տե­նա­դա­րա­նի Մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բաժ­նի վա­րիչ Վար­դի Քէ­շի­շեան, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին յայտ­նեց, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր որ պատ­կե­րա­գիր­քը մա­նուկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար է, սա­կայն մե­ծե­րը եւս հա­ճոյ­քով կրնան առ­նել ի­րենց ձեռ­քը եւ ներ­կել թռչուն­նե­րը, ո­րոնք պատ­կե­րուած են գիր­քին մէջ եւ ո­րոնց­մով մեր նշա­նա­ւոր ծաղ­կող­նե­րը զար­դա­րած են ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եթէ մարդ տեղեակ ըլլայ, թէ գործիք մը ի՞նչպէս կ՚աշխատի եւ գիտնայ անոր մասին մանրամասնութիւններ, զայն գործածելը կը դիւրացնէ եւ գործիքը աւելի օգտակար կ՚ըլլայ։ Կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է. կեանքը ճանչնալ, կեանքի փորձառութիւն ունենալ՝ կեանքը դիւրատար կ՚ընէ, կեանքի զանազան նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն դէմ պայքարը աւելի հեշտ կը դարձնէ, կեանքը ապրիլ աւելի դիւրին կ՚ըլլայ, մէկ խօսքով՝ կեանքը աւելի դիւրատար կը հանդիսանայ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ ոգեւոր խրախճանք մը։ Աւանդական մթնոլորտի մէջ տղաքը ըմբոշխնեցին Բարեկենդանի հրճուանքը, միեւնոյն ժամանակ հաղորդ դարձան այս շրջանի տօներու նշանակութեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 109-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 86-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ նշուեցան տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Բուն բարեկենդանի կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման կարգը։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ վերջին օծումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

Թուրքիա շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդականը՝ զօրավար ՄաքՄեսթըր երէկ Իսթանպուլի մէջ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր դեսպան Իպրահիմ Քալընի կողմէ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

ԱՆԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Հայկական լեռնաշխարհը մետաղամշակութեան հնագոյն բնօրրաններէն մին է։ Հայաստանի մէջ մետաղի գեղարուեստական մշակումը ունի հնագոյն աւանդոյթներ։ Սակայն, մինչեւ վերջին տարիները Հայաստանի հելլէնիստական դարաշրջանի տուեալները գրեթէ անյայտ էր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բուն Բա­րե­կեն­դան»ը՝ որ կը նա­խոր­դէ Մեծ պահ­քին, մար­դուս դրախ­տա­յին կեան­քի, մարդ­կա­յին ան­սահ­ման եր­ջան­կու­թեան յի­շա­տակն է՝ կա­րօ­տի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը այդ ե­րա­նե­լի՜ շրջա­նին, որ դրախ­տի մէջ կը վա­յե­լէին Ա­դամ եւ Ե­ւա՝ նա­խած­նող­նե­րը։
Ըստ ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դու­թեան՝ Բա­րե­կեն­դա­նին թո­նի­րը՝ այն կա­ւէ վա­ռա­րա­նը, ուր հաց կ՚ե­փուի, միշտ վառ եւ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լար, եւ ըն­տա­նե­կան սե­ղան­նե­րու վրայ պէտք է ա­մէն ինչ ա­ռատ եւ ճոխ ըլ­լար։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագի ընթացքին պատահած ցաւալի դէպքը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ մեր համայնքէն ներս բեւեռացումներէ խուսափելու եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հաւաքական կեանքի բոլոր հարցերու լուծման բանալին է՝ իրարու նկատմամբ յամառօրէն սէրն ու յարգանքը:

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս Բարեկենդանը վերջին օրերուն նշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Մէկէ աւելի հանդէսներ տեղի ունեցան դպրոցէն ներս եւ այդ մթնոլորտին մէջ տղաքը թէ՛ ապրեցան Բարեկենդանի հրճուանքը եւ թէ հաղորդ դարձան Սրբոց Վարդանանց խորհուրդին՝ ներշնչուելով քաջն Վարդան Մամիկոնեանի կերպարով։

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018

Սիրեցեալ աւագ եղբայր, հասաւ այն պահը որուն մասին ամէն առթիւ նուաստիս կ՚ըսէիր. «Եթէ ես վախճանիմ, իմ դամբանականս քեզմէ զատ խօսելիք մէկը չկայ»։ Բնականաբար այս խօսքը կ՚ըսէիր շեշտելու համար մեր ռւնեցած վաղեմի բարեկամութիւնը, յատկապէս Գումգաբուի շրջանակին մէջ, դուն որպէս աւագերէցը Մայր եկեղեցւոյ եւ ես համեստ ծառայողը Պատրիարքական Աթոռին։

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը նախընթաց օր քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգեբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Միութեան նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչները երախտագիտութիւն յայտնեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ ցայսօր մեր կրթական մշակներուն ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018

Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թե­նէն 05 Փետ­րուար 2018 թուա­կա­նին Պատ­րիար­քա­րա­նիս հա­սած պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կով հա­ղոր­դուած էր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թե­նէն հա­սած պաշ­տօ­նագ­րի պա­րու­նա­կու­թիւ­նը։ 
Սոյն պաշ­տօ­նա­գի­րը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար Ա­թո­ռիս Պատ­կա­ռե­լի Կրօն. Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Գերշ. Տ. Սա­հակ Ե­պիս­կո­պոս Մա­շա­լեա­նի հրա­ւէ­րով՝ ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան նա­խա­ճա­շի սե­ղա­նի շուրջ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Բարձր. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի։

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018

Կրօնական ժողովի երէկուան նիստի արդիւնքով Պատրիարքական Աթոռէն ներս վերահաստատուեցաւ օրինական դրութիւն մը, որու շնորհիւ հասարակաց յայտարարի մը վրայ բերուեցան պաշտօնական ընթացակարգերով պայմանաւորուած պետութեան ակնկալութիւններն ու մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնաց տեսակէտէ անհրաժեշտ նուազագոյն բոլոր տարրերը: Գումգաբուի կողմէ անմիջապէս իրազեկուեցան պատկան իշխանութիւններն ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:

Ճգնաժամը յաղթահարուեցաւ:
Երկար սպասումէ վերջ բանիմացութեան յաղթանակ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ամիսներ անց դարձեալ ստանձնեց Պատրիարքարանի ղեկը՝ ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով, մինչեւ նոր ընտրութիւն:

Էջեր