Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Վատիկան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երբ պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը մատնուած է բորովին անորոշ կացութեան մը, առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէ ներս կարգ մը լսումներ մտած են շրջանառութեան մէջ։ Այսպէս, ըստ այդ անպաշտօն լսումներուն, Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դատ բացած է պետութեան դէմ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վատիկան:
«Այս ուղեւորութիւնը կարեւոր հնարաւորութիւն մը կը նկատեմ՝ մարդկային հասարակաց արժէքներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու առումով։ Կարծիքներ պիտի փոխանակենք ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ»:
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ արարողութիւն՝ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ժողովը հասաւ աւարտին:
Վաքըֆլըգիւղի Հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ մարդու իմացական ու յուզական աշխարհը՝ Հայ Հոգին խորապէս պեղելու եւ գեղեցկագոյն լեզուով ու ոճով արտայայտելու առինքնող արուեստին մեծ վարպետն է Կոստան Զարեան, որուն ծննդեան 133-րդ տարեդարձը կը նշենք Փետրուարի 2-ին։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միայն տարուան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխած է Միացեալ Նահանգներուն Ասիոյ նայելու ձեւը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Վերջերս երկու դէպքեր պատահեցան Մեծն Լոս Անճելըսի մեր հայկական գաղութին մէջ, որոնցմէ մէկուն ներկայ գտնուեցայ եւ միւսին՝ դժբախտաբար ոչ։ Այս երկու դէպքերն ալ խռովեցուցին զիս, որովհետեւ հայկականութենէ զուրկ էին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ո՞վ է Մոնիքա Մանիշակ։ Ան ընկերաբան է։ Ծնած է Պոլսոյ մէջ: 2010-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը: 2008-2009 թուականներուն մեկնած է Փորթլանտ, Օրեկոն, Միացեալ Նահանգներ, որպէս AFS «Intercultural Programs» ծրագրի փոխանակման ուսանող, ստանալով ամբողջական կրթաթոշակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ», (ՂՈՒԿ. ԺԹ 26)։
Կը պատմուի, թէ թագաւոր մը, նախանձոտ մարդու մը եւ ագահ մարդու մը կը խոստանայ տալ իրենց ի՛նչ որ կ՚ուզեն, բայց պայմանո՛վ մը, որ վերջին խնդրողին կրկնապատիկ պիտի տայ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Արդեօք արդարութիւն մնացա՞ծ է։ Արդարութեան մօտեցման եղանակներդ փոխուա՞ծ են, թէ՞ ոչ արդարութեան հաստատման ու պաշտպանման համար ոգի ի բռին կը պայքարիս։ Արդարութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար։ Կը հաւատա՞ս անոր զօրութեան եւ «առկայութեան»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ասդին մեծ եղաւ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք պատերազմէն խոյս տալով յայտնուեցան տարբեր երկիրներու մէջ, ընդ որում մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ի՛նչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք», (ՅՈՎՀ. Բ 5)։
Կանայի հարսանիքին, Յիսուս կատարեց իր առաջին հրաշքը՝ որ ըստ աւետարանի վկայութեան, իր առաջին հրաշքն էր. «Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ», (ՅՈՎՀ. Բ 11)։ Բայց Յիսուսի այս եւ յաջորդ հրաշքներու մասին խորհրդածելէ առաջ, պէտք է ուսումնասիրել եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ է հրաշքը ընդհանրապէս։
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ վերջերս ստեղծեց նոր նախարարութիւն մը՝ առանձնութեան նախարարութիւն եւ նախարար նշանակեց Թրէյսի Քրաուչը:
Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ նախընթաց օր, «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 137-րդ լսարանը, որուն ընթացքին գրականագէտ եւ արուեստաբան Փրոֆ. Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան ներկայացուց «Յակոբ Մնձուրի գրողի ուրոյն հայրենասիրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը:
Ամերիկացի հնագէտները Կուաթեմալայի մէջ յայտնաբերած են մայաներու քաղաքակրթութեան պատկանող 60 հազարէ աւելի մինչ այժմ անյայտ կառոյցներու հետքեր։
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիկայի եւ Հայաստանի հիւպատոսարաններուն, Փետրուար 2-9 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան շարք մը ձեռնարկներ, շրջանի հայ եւ մեքսիկացի համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջոցներով, Երեւանի Ողիմպիական պետական մարզական քոլէճի Ծաղկաձորի մասնաճիւղի շէնքին վրայ պիտի կառուցուի նոր եւ ժամանակակից մարզահամալիր, տեղեկացուց Հայաստանի Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը:
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկայ, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի 110-ամեակի կապակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Բարեւ Սարոյեան» ծրագիրը, որու սկիզբը կը սկսի այսօր, Աշոտ Նաւասարդեանի անուան թիւ 196 դպրոցին մէջ։