Արխիւ

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Սթրազպուրկի մէջ օրակարգի վրայ եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ փակուղին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստի ընթացքին պատասխանեց Թուղրուլ Թիւրքէշի հարցման:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Հայաստանի եւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետներուն միջեւ տեսակցութիւն:
Երեւանի եւ Էրպիլի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւնները:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի ժողովին ընթացքին:
Սերժ Սարգսեան Սթրազպուրկի մէջ վճռական ոճով պատասխանեց Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ խորհրդարանականի հարցման:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Էրտողան եւ Թրամփ երէկ անդրադարձան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերու:
Երկու նախագահները կանգ առին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն վրայ: Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ ամփոփելով «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն առաջին հինգ օրուան արդիւնքները:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Անցեալ ամառ, հայ հանրութիւնը մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանի ապագայ նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին, որ Լոնտոն բնակող հանրայայտ հէքեաթագիր եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է: 2017 թուականի ամրան՝ Յունիս ամսուն, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Նունէ Սարգսեանի հէքեաթներու մատենաշարին շնորհանդէսը:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ես եմ եր­կին­քէն ի­ջած կեն­դա­նի հա­ցը», (ՅՈՀՎ. Զ 51), կ՚ը­սէ Յի­սուս, ակ­նար­կե­լով յա­ւի­տե­նա­կան այն կեան­քին, որ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հաս­նիլ միա՛յն կեան­քի հա­ցէն ճա­շա­կու­մով։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ հա­ցը խորհր­դա­նիշն է կեան­քին, եւ թէ հա­ցը հա­մա­զօր է կեան­քի։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին, ինչ­պէս միւս բո­լոր ա­ւան­դա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, յա­տուկ տեղ եւ նշա­նա­կու­թիւն կու տայ այն ա­ռա­քի­նի մար­դոց, ո­րոնք ի­րենց օ­րի­նա­կե­լի եւ սրբա­կեն­ցաղ կեանքով ար­ժա­նա­ցած են սուրբ կո­չո­ւե­լու:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

«Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի համակիրներն ու խաղացողները հրաժեշտ տուին հայ կիսապաշտպանին:
Հենրիխ Մխիթարեան պիտի կրէ «Արսէնալ»ի թիւ 7 մարզաշապիկը եւ ամէն շաբաթ պիտի շահի 200 հազար սթերլին:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս բարձր մակարդակի վրայ կարեւոր շփումներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան տեսակցեցաւ Զուիցերիոյ նախագահ Ալէն Պերսէթի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

«Երեւանի եւ Փարիզի տեսակէտները գրեթէ կը համընկնին կենսական բոլոր հարցերու շուրջ»:
Մաքրոն յստակ արդիւնքներ կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան զրուցեց Փութինի եւ Մաքրոնի հետ, իսկ այսօր կը խօսի Թրամփի հետ:
Չավուշօղլու եւ Թիլըրսըն տեսակցեցան փարիզի մէջ:
Թուրքիա «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը յառաջ կը տանի՝ սերտ կապ պահելով միջազգային ընտանիքին հետ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը աւարտեցան: Իրանեան տարբեր քաղաքներու (ըստ «Ռէօյթըրզ»ի, իրանեան աւելի քան քառասուն քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցերը) մէջ եղած ցոյցերուն ընթացքին բախումներու հետեւանքով զոհերուն թիւը հասաւ 21-ի եւ ցոյցերուն մասնակցելու եւ խռովութիւններ ընելու պատճառով ձերբակալեալներունը՝ 3700-ի:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կա՞յ անձ մը այս երկնակամարին վրայ, որ չէ ըմպած դառնութեան կամ տառապանքի բաժակէն։ Կա՞յ գոյակ մը, որ չէ ունեցած դաժան պահեր, դառնաղէտ դժբախտութիւններ իր համակ կեանքի ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ, կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սէրը անվախճա՛ն է», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 8)։ Այս խօսքով կը մատնանշուի այն ճշմարտութեան, թէ՝ ննջեցեալները երբեք բաժնուած չեն ապրողներէն եւ մեզ՝ ապրողներուն համար պարտականութի՛ւն է հոգեպէս ապրիլ անոնց հետ։ Քանի որ սէրը անվախճան է, ապա ուրեմն մահն իսկ չի կրնար արգելք մը ըլլալ սիրոյ։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր առօրեային մէջ շատ չեն անոնք, որոնք տարբեր հանգամանքներու բերումով կը յայտնուին հաւաքական յաջողութիւն համարուող նախաձեռնութիւններու մէջ: Եթէ Արմէն Գասպարեանը փորձենք նկարագրել եւ զինք հանրութեան ներկայացնել, ապա պիտի բաւարարուինք հետեւեալ երեք բառերով՝ լուռ, բանիմաց եւ տեղեկացուած:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան այլեւս պիտի կրէ Լոնտոնի ակումբներէն «Արսէնալ»ի մարզաշապիկը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հենրիխ Մխիթարեան «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կազմին մէջ էր, սակայն գործնականօրէն գրեթէ հեռու մնացած էր ֆութպոլէն, որովհետեւ զանազան պատճառներով կայուն ձեւով չէր մասնակցեր ակումբի խաղերուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, որ կը գլխաւորէ միութեան Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Փարիզի մէջ:
Սերժ Սարգսեան այսօր Էլիզէի պալատէն ներս կը հիւրընկալուի իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

«Ստեղծելով համատեղ ապագայ պառակտուած աշխարհի մէջ». Կարէն Կարապետեան Տաւոսի մէջ:
Հայաստանի վարչապետը մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու անպաշտօն հաւաքին:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան միակ թիրախը կը հանդիսանան ահաբեկչական կազմակերպութիւնները
Թուրքիա որեւէ երաշխիք չէ տուած Ռուսաստանին կամ այլ երկրի մը: Սպիտակ տունը լրջութիւն կը ցուցաբերէ Անգարայի՝ սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ օրինական մտահոգութիւններուն նկատմամբ

Էջեր