Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

Ա­ՐԱՄ ՍԵ­ՓԵԹ­ՃԵԱՆ

Այս հաս­տա­տու­մը կը բնո­րո­շէ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ինք­նու­թիւ­նը:
Ար­դա­րեւ, «բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն»ը ան­վեր­ծա­նե­լի այն խոր­հուրդն է, որ իր բխու­մը կը ստա­նայ Մարդ էա­կի խո­րա­խոր­հուրդ հո­գե­վի­ճա­կէն:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գանատական մամուլը օրերս անդրադարձած է 4 Դեկտեմբեր 2017 թուականին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած առասպելական հայազգի պասքեթպոլ խաղացող Արմենակ Ալաճաճեանի մահուան: 87 տարեկանին մարզաշխարհի հսկան հեռացած է կեանքէն՝ մնալով մինչեւ հիմա աշխարհի ամենէն նշանաւոր հայ պասքեթպոլ խաղացողը:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընտանիքը՝ ընկերութեան հի՛մքն է. եթէ ընտանիքը ամուր հիմերու վրայ է հաստատուած, ընկերութիւնն ալ, եւ անշուշտ, ամբողջ մարդկային մեծ ընտանիքն ալ հաստատ հիմերու վրայ կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018

Կը տեղականանք, որ վերջերս գումարուեցաւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան ընդհանուր ժողովը։ Համագումարի արդիւնքին պաշտօնի գլուխ եկաւ նոր վարչութիւն մը, որու կազմին մէջ են հետեւեալ անունները.

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի ծնողաց միութիւնը վերջերս կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Եշիլեուրտի «Մանզարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան դպրոցի աշակերտներու ծնողները։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ խոր սուգի մթնոլորտով:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան դամբանական մը խօսեցաւ նորոգ հանգուցեալ Անդօ Բարունակեանի մասին:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն կարեւոր այցելութիւն մը տուաւ Գահիրէ։ Եգիպտոսի մայրաքաղաքը հասնելէ անմիջապէս վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ գահակալ նորին սրբութիւն Թաւատրոս Բ. պատրիարքին հետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հիւրընկալեց ՀԲԸՄ-ի նախագահը:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պերճ Սեդրակեան զրուցեցին հեռանկարային ծրագրերու շուրջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ֆրանսա։ Մինչեւ 24 Յունուար պիտի շարունակուի իր ուղեւորութիւնը, որու ծրագիրը պիտի սկսի մայրաքաղաք Փարիզէն եւ աւարտին պիտի հասնի Սթրազպուրկի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն սաստկութեամբ ռումբ կը տեղացնեն ահաբեկչական լծակներուն վրայ:
Բանակը Աֆրինի եւ շրջակայքին կը ծաւալէ լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ՝ ոչնչացնելով թիրախները:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին, իր նման­նե­րուն հետ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նայ, եւ այս փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ կը շար­ժի եւ կ՚ար­տա­յայ­տուի զա­նա­զան զգա­ցում­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ։
Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան ստեղ­ծած ըն­թաց­քին մէջ։ Այլ խօս­քով՝ մար­դուս ամ­բողջ ըն­կե­րա­յին, հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը կա­խում ու­նի իր զգա­ցում­նե­րուն ար­տա­յայ­տու­թեան կերպ­էն։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

1976-ին գաղթեցի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցայ Լոս Անճելըս քաղաքը։ Տարբեր գործերով զբաղելէ ետք որոշեցի վերադառնալ ուսուցչական ասպարէզիս։ Ուրեմն 1984-ին դիմեցի Լոս Անճելըսի Դպրոցական միացեալ ցանցին (Los Angeles Unified School District)՝ որպէս անգլերէն լեզուի դասատու։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութիւնը Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի օրով (1213-1276) հզօր պետութիւն դարձած էր: Իբրեւ ծովափնեայ երկրամաս, Քաթալոնիա Արակոնի գահին ծովային ուժին խարիսխը կը նկատուէր. անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Միջերկրականի ափերուն, եւ Պարսելոնա հզօր ու հարուստ քաղաք դարձած էր:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ֆէյս­պուք ըն­կե­րա­յին ցան­ցի լրա­հո­սին մէջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին ցան­ցի հիմ­նա­դիր Մարք Զու­քեր­պեր­կի «ար­ժած» է մօտ 3 մի­լիառ տո­լար:
Ան­ցեալ Ուր­բաթ, Մարք Զու­քեր­պերկ, երբ  յայ­տա­րա­րեց  ըն­կե­րա­յին ցան­ցի լրա­հո­սին մէջ ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծարք­նե­րու, մակ­նիշ­նե­րու եւ տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու հրա­պա­րա­կում­նե­րը քիչ ե­րեւ­ցող դարձ­նե­լու մա­սին, ըն­կե­րու­թեան ար­ժե­թուղ­թե­րուն ար­ժէ­քը ին­կաւ 3.9 առ հա­րիւր:

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան Երուսաղէմի միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն մին է: Միաբան, որուն հովուական գործունէութեան կարեւոր մէկ հատուածը, չըսելու համար կարեւորագոյնը, անցած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի կամարներուն ներքեւ:

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018

Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կանգնեցուած է վիթխարի ճարպաքանդակ մը, որպէսզի քաղաքացիները հարկադրուին մտածել իրենց աւելորդ կշիռքի մասին։ Վիթխարի ճարպաքանդակը պատրաստուած է իսկական կենդանական ճարպով։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018

SanremoJunior մրցոյ­թին այս տա­րի կը մաս­նակ­ցի նաեւ Հա­յաս­տա­նը։ 
«Վե­րած­նունդ» մի­ջազ­գա­յին 9-րդ մր­ցոյթ-փա­ռա­տօ­նի շրջա­նակ­նե­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող SanremoJunior (Պա­տա­նի­նե­րու Սան Ռե­մօ) եր­գի մի­ջազ­գա­յին 9-րդ մր­ցոյ­թի Հա­յաս­տա­նեան ընտ­րա­կան փու­լին, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Փետ­րուա­րի 7-ին Կիւմ­րիի մէջ, իսկ եզ­րա­փա­կիչ փու­լը կը կա­յա­նայ Ապ­րի­լի 18-ին Սան Ռե­մո­յի մէջ, Ի­տա­լիա։ 

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018

Հայաստանի Լոռիի մարզի Սանահին գիւղին մէջ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնը, որ մեծ հետա-քըրքրութիւն կը ստեղծէ զբօսաշրջիկներու մօտ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Մեսրոպ Մաշտոց» խօսքի մշակոյթի կեդրոնի նախագահ, «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնի հիմնադիր Նատիա Անտոնեանի խօսքով՝ կեդրոնին մէջ Սանահինի երեխաները կը բեմադրեն հայկական հարսանիք եւ շարք մը աւանդական ծէսեր։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը՝ Քրաքովի քննարկումներու մասին:
Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքով՝ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Պաքու վերահաստատէ իր յանձնառութիւնները:

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց իր ամենահաւանական յաջորդը։
Սերժ Սարգսեան փափաքելի կը նկատէ, որ երկրի ապագայ ղեկավարը ընտրուի խորհրդարանական լայնախարիսխ համագործակցութեան պայմաններուն ներքեւ։
Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ պիտի ջանայ արդարացնել իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ վստահութիւնը։

Էջեր