Արխիւ
Համայնքային շրջանակները վաղը ժամադրուած են Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի մէջ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս հերթական անգամ պիտի համախմբուին մեր բարերաները, հաստատութիւններու վարիչներն ու Կեդրոնականի սաները, համակիրները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մարսէլ Ղանէմ եւ իր «Թոլք շոու»ն «դատապարտեալ»ի աթոռին վրայ…
Անցեալ տարուան Նոյեմբերի կէսէն ասդին Լիբանանի ներքին օրակարգին մէջ նոր «տրամաթիք» թեմա մը աւելցած է:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ներելը տկար, անողնաշար մարդու գործ չէ։ Ո՛չ ալ տկարութիւն կամ պարտութիւն է։ Ներելը զօրաւոր ու «հերոս» մարդու գործ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, ստոյգ բան չկայ, քանի որ բնութիւնը ճանչնալ, բնութեան բոլոր գաղտնիքներուն տիրանալ կարելի չէ սահմանափակ միտքերու համար։ Բնութեան գիտութիւնը անսահման է՝ լայնատարած հորիզոն մը՝ որուն ո՛չ միայն հասնիլ, այլ մօտենալ իսկ կարելի չէ։
«Անատոլու» գործակալութիւնը կատարեց թողարկում մը՝ անդրադառնալով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանին:
Համաշխարհային գործող լրագրողներու օրուան շարժառիթով յատկապէս մատնանշուեցաւ «աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական լրատուամիջոցը»՝ առաքելութեան առանձնայատկութիւններով:
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ Նուպարիկ Համամճեանի յիշատակին ձօնուած ֆութսալի մրցաշարքը վերջին շրջանին արժանացաւ մեր մարզասէր շրջանակներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Հինգ խումբերու մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ այս մրցաշարքը։
Mc2 հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է «Musikimize Renk Katanlar» անուանեալ գիրքը, որու հեղինակն է Ահմէտ Ֆեւզի Օքէր։ Այս գիրքը ձօնուած է հայ յօրինողներու, որոնց մասին տրուած են կենսագրական տեղեկութիւններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարոյական Օրէնք»ը աստուածային Իմաստութեան գործը եւ արդի՛ւնքն է։ Ուստի, իւրաքանչիւր անհատի սրտին մէջ Աստուծոյ կողմէ դրոշմուած է «բարոյական-բնական օրէնք»ը՝ որ մասնակցութիւնն է Իր իմաստութեան եւ բարութեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հարուստ է աւանդութիւններով: Աւանդութիւններ, որոնք հաւատացեալներուն համար իւրայատուկ իմաստ եւ արժէք ունին: Աւանդութիւններ, որոնք հաւատացեալին համար խորհրդածելու, ինքնաքննութիւն կատարելու առիթ կ՚ընծայեն:
ԵՄ կողմնակից է Իրանի միջուկային գործարքի մասին միջազգային համաձայնութեան պահպանման:
Պրիւքսելի եւ Ուաշինկթընի միջեւ տարակարծութիւնները կը խորանան, մինչ այսօր կը սպասուի Թրամփի որոշման:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի տեսակցին ներկայ ամսուան կէսին. Երեւան տուեալներ չի հրատարակեր:
Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան. «Այս պահուն շատ դժուար է խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի մասին, որովհետեւ կողմերու միջեւ ի սպառ կը պակսի վստահութեան մթնոլորտը» - Իտալական նախագահութիւնը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն:
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներկայիս ծագած են նոր տարաձայնութիւններ։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան վերիվայրումներ եւ այս խնդիրն ալ եկած է հանդիսանալ հերթական գործօնը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ ամիս նախագահ Թրամփ երկու նոր մեծ սխալ աւելցուց երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ, ամբողջ տարուան մը ընթացքին գոյացած սխալ որոշումներու երկար ցանկին վրայ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աս ի՞նչ է, բոլոր հանրախանութներուն մէջ ուտեստեղէնի պակաս կայ, եղածին ալ չես վստահիր, մանաւանդ՝ կաթնեղէններուն, որոնք ընդամէնը մի քանի օրուան կեանք ունին: Ահա, տարին սկսելէն մի քանի օր անցաւ ու դեռ հին թուականներով կաթնեղէն կը վաճառուի:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։
«Վերջին հսկան չեմ, սակայն ֆրանսական երաժշտութեան առաջին դասականն եմ», յայտնեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր՝ Le Telegramme-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար Ֆիլիփ Քասնըթ երէկ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Թուրքիա այս առթիւ դիւանագիտական միջոցներով արտայայտեց իր հակազդեցութիւնը՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ պարագային առնուած վերջին կարգ մը քայլերուն շուրջ։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ կը կազմակերպուին քննարկումներ, որոնք այժմէական բնոյթ կը կրեն հայութեան մշակութային օրակարգին վրայ:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի ղեկավար Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը: Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան ու ներկային մասին ծաւալուն ու շահեկան դասախօսութիւն՝ տեսողական առարկաներով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ այս օրերուն կազմակերպուած քննարկումները ունին շատ հետաքրքրական բնոյթ։ Հայկական մշակութային արժէքները կը գտնուին աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը եւ զօրութիւնը բոլորովին կը փոխէ եւ կը վերանորոգէ մարդը։ Արդարեւ, Ս. Հոգիին զօրութեամբ, «հին մարդ»ը կ՚ըլլայ «նոր մա՛րդ», եւ նոր շունչով, նոր հոգիով կը շարունակէ ապրիլ։