Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը եւ զօրութիւնը բոլորովին կը փոխէ եւ կը վերանորոգէ մարդը։ Արդարեւ, Ս. Հոգիին զօրութեամբ, «հին մարդ»ը կ՚ըլլայ «նոր մա՛րդ», եւ նոր շունչով, նոր հոգիով կը շարունակէ ապրիլ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ աւանադական շուքով նշուեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ս. Փրկիչ մատրան մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Ինչպէս Գումգաբուի աղբիւրները աւելի առաջ հաղորդած էին, նորին սրբազնութիւնը կը պատրաստուի վերջնականօրէն փոխանցել Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդի պաշտօն
Պաքըրգիւղի ընտանիքը պատրաստութիւններու կը ձեռնարկէ 2019-ի համար:
Թաղի եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ընդառաջ խմորումներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ՝ քննարկելու համար զանազան ծրագրեր։
«Պողազիչի» գեղարուեստից խումբը (bgst) վերջերս հրատարակած է անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի վերաբերեալ գիրք մը։ «Sivri Dilli Dâhi: Hagop Baronyan'ın Siyasi ve Toplumsal Hicvi» կը կոչուի այս գիրքը, որ պատրաստուած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի հետազօտութեան հիման վրայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յետ կարճատեւ հիւանդութեան Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ շրջանակներուն քաջածանօթ անուն հանդիսացող, արմատներով մարտինցի՝ Թովմաս Չերմէ:
Չերմէ, որ երկար տարիներ զբաղած է ոսկերչութեամբ, մեծ սէր ունէր իր ծննդավայր քաղաքին՝ Մարտինի հանդէպ:
Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Լաւ գրուած պատմական վէպերը պատմութեան լաւագոյն դասընթացքները կ՚արժեն»։
Օնորէ տը Պալզաք 19-րդ դարու ֆրանսական դասական ռէալիզմի հիմնադիրն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կան մարդիկ, որ կը կարծեն, թէ պարտաւոր են փորձի ենթարկուիլ՝ եւ ապացուցանել Աստուծոյ, թէ բարեփոխուած են՝ Անոր օրհնութիւնը կարենալ հայցելէ առաջ։
Բայց անոնք, որ այդպէս կը խորհին եւ կը յետաձգեն իրենց մտերմութիւնը Աստուծոյ հետ, նոյնիսկ հիմա՛, սա պահուս կարող են մօտենալ, մտերմանալ եւ հայցել Աստուծոյ օրհնութիւնը։
Ատրպէյճանի մէջ այս տարի տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ։ Պաքուի աղբիւրներու հաղորդումներով, 17 Հոկտեմբերին նախատեսուած է քուէարկութիւնը։
Հայաստանի յաջորդ բոլոր իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ժողովրդագրական հարցը
Սամուէլ Ֆարմանեան. «Պատմական ընթացքը, որու մէջ մենք հիմա կը գտնուինք, մեզի կու տայ հնարաւորութիւն»
Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները վերստին անհանգստացուցիչ հունի մը մէջ ընթանալ սկսած են Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը վերջին շրջանին լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկած են՝ Իտլիպ քաղաքը իրենց հակակշռին տակ առնելու նպատակով։
Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերին բացուելիք «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը այժմէն կը զբաղեցնէ հայաշխարհի օրակարգը. նմոյշները պիտի տարուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, Մատենադարանէն եւ Պատմութեան թանգարանէն։
Երկու տարուան նախապատրաստական ամուր աշխատանքի մը հիման վրայ պատրաստուած է ծրագիրը: Ձեռնարկը պիտի տեւէ չորս ամիս եւ պիտի հրատարակուի մասնաւոր քաթալոկ մը:
Հայ եւ ամերիկացի մասնագէտները համատեղ քննարկումներու հիման վրայ միասնաբար ընտրած են ցուցադրուելիք առարկաները, որոնց շարքին կը գտնուին հին ձեռագրեր, խաչքարեր, ոսկերչական գործեր, եկեղեցական արծաթեայ մասունքարաններ, վարագոյրներ, ինչպէս նաեւ Մայր Տաճարի մարմարեայ մանրակերտը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը վերջին շրջանին թափ կու տայ ընկերամշակութային բնոյթով զանազան ծրագրերու, որոնք ակումբի փոքրիկներու կազմաւորման տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Այս ամբողջին մէջ ակումբը յառաջ կը տանի «Մարմնամարզն ու փիլիսոփայութիւնը ձեռք ձեռքի» խորագրեալ աշխատանք մը։
Վաղը, Պրիւքսելի մէջ կարեւոր հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան դիւանագիտական ու անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիանի, Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի։
Սուրիոյ մէջ վերջին շրջանին դարձեալ տեղի կ՚ունենան մտահոգիչ իրադարձութիւններ։ Ժընեւեան բանակցութիւններու գործընթացը խցանուած է եւ երկրի ընդդիմադիրները մերժած են մասնակցիլ՝ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ Սոչիի մէջ նախատեսուած համաժողովին։
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մովսէս Յակոբեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ Արցախի ճակատին վրայ պատահած վերջին դէպքերուն մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Թրքական դիւանագիտութեան յայտնի դէմքերէն վաստակաւոր դեսպան Էօմէր Էնկին Լիւթեմ շաբաթավերջին կըն-քեց իր մահկանացուն։ 85 տարեկան հասակին մահացաւ ան։
Էօմէր Էնկին Լիւթեմ ուսումը ստացած էր Կալաթասարայ լիսէին եւ Անգարայի համալսարանի քաղաքագիտութեան ֆաքիւլթէին մէջ։
ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ յայտարարեց, որ 2019 թուականի ընտրութիւններուն իր կուսակցութիւնը թեկնածու մը պիտի չառաջադրէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար։ Այսպէս, ՄՀՓ պիտի պաշտպանէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի թեկնածութիւնը։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը քննարկուին թուայնացման նիւթեր:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնը ներկայ շաբթուան ընթացքին կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ: