Արխիւ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը քննարկուին թուայնացման նիւթեր:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնը ներկայ շաբթուան ընթացքին կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ:
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ աւանդական այցելութիւններ ու ջերմ մթնոլորտ:
Պատրիարքարան շնորհաւորութեան փութացին նաեւ մեր հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաշխարհի մէջ օր ըստ օրէ կ՚աճի թուային գրադարաններուն քանակը: Ամէն օր հայ գրականութեան, պատմութեան եւ մամուլի բազմահազար էջեր կը թուայնացուին եւ կը տեղադրուին համացանցի մէջ՝ գիրքն ու թերթը աւելի հասանելի դարձնելով ընթերցողին:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
2017 թուականը յատկանշուեցաւ հետաքրքրական եւ կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ մարդամեքենան քաղաքացիութիւն ստացաւ: Պարզուեցաւ, որ այդ քայլին դիմած երկիրը պահպանողական Սէուտական Արաբիոյ թա-գաւորութիւնն է:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մարդուն անհատական, հաւաքական ու ազգային կեանքին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն է ամեակներու նշումը: Կարծէք հոն կեանքը պահ մը կանգ կ՚առնէ տեսնելու համար, թէ ի՞նչ պատահած է նոյնինքն կեանքին՝ անհատական, հաւաքական եւ ազգային իր պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն ընդմէջէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ եւ մարդու յարաբերութիւնը, քանի որ «հօր եւ որդիի մտերիմ յարաբերութիւն» մըն է, ապա ուրեմն մարդ, Աստուծոյ առջեւ պարզելու է իր ամբողջ պիտոյքները, կարօտութիւնները, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնները, տխրութիւնները, նեղութիւնները, հնհնուքները՝ մտատանջութիւնները եւ վա՛խերը։ Ասիկա բնական է, որովհետեւ հօր մը իր որդիին եւ փոխադարձաբար՝ զաւկի մը իր հօր հետ ունեցած յարաբերութիւնը անկե՛ղծ է՝ մտերիմ է եւ սիրոյ վրայ հաստատուած է։ Եւ ծածուկ որեւէ բան պէտք չէ՛ գտնուի հօր եւ զաւկի յարաբերութեանը մէջ։
Արցախի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ժամը շուրջ 13.20-ին Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Վաչէ Չիլինկարեան (1998)։
«Կատարեսցուք զսրբութիւն ահիւն Աստուծոյ» (2 Կորնթ. 7։1)
Քրիստոսի Ս. Ծնունդն աշխարհի կեանքին մէջ մարդը դէպի սրբութիւն առաջնորդող աստուածայինին ներկայութիւնն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մկրտութիւն» կը նշանակէ՝ սկզբնական մեղքը ջնջելու համար սահմանուած եկեղեցւոյ խորհուրդ։ Այս բառը ունի նաեւ, լուացում, լուսաւորութիւն եւ մարտիրոսութիւն։ Մկրտութիւնը, այս իմաստով, հոգեւոր «վերածնունդ»ի խորհուրդ մըն է։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։
«Աստուծոյ հակառակ ընթացքները կը շարունակեն ալեկոծել մարդկութեան կեանքը, ծանրաբեռնել հոգերով ու մտահոգութիւններով։ Գիտական ու փորձագիտական հսկայական յառաջընթացով հանդերձ՝ մարդկութիւնը կ՚երերայ բարիի եւ չարի, կեանքի եւ մահուան ընտրութեան առջեւ։ Երկխօսութիւններու մեր օրերուն բազում մարդիկ կը դառնան զոհ անհանդուրժողականութեան, կրօնական ատելութեան, ահաբեկչութեան, կ՚ենթարկուին զանազան բռնութիւններու»։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով ու ցնծութեամբ տօնախմբեց տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը տօնական պատգամին մէջ իր աշխարհացրիւ հօտին հայեացքը հրաւիրեց բեթղեհէմեան աստղալոյսին վրայ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Նոր տարուայ առաջին օրերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ համակիրներէն Տայք Միրիճանեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր ընկերները։
ՎԱՐԴԱՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Թերեւս տարօրինակ թուի, որ երեսունը անց երիտասարդ մը ամէն առիթով նամակ գրելու մասին կը մտածէ. սակայն, ներշնչուելով 21 Սեպտեմբեր, 1897-ին, «Նիւ Եորք Սան»ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականէն՝ «Ի՞զ տեր Սենթա քլոզ» եւ մանաւանդ հայ համբաւաւոր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» գործէն, ուզեցի ձեռնարկել հետեւեալ նամակին՝ այն յոյսով, որ բարին տակաւին վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, եւ թերեւս շատ մը ընթերցողներու սիրտերը կը նորոգուին ու օրհնութեան պատճառ կը դառնայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծննդեան առիթով:
Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ դժբախտաբար լարուածութիւն՝ Սուրբ Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնութեան գիր մը յանձնեց Պետրոս Շիրինօղլուին՝ գաղթականաց ի նպաստ աջակցութեան համար:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ԽԱՂԱԼԻՔ ՎԱՃԱՌՈՂԻՆ ՄՕՏ
-Հիմա, դուն այսինքն անակնկալի՞ պիտի գաս, Կաղանդի գիշերը շա՞տ պիտի ուրախանաս, երբ տեսնես նուէրի թուղթով փաթթուած այս տուփը,- կ՚ըսէ խաղալիք վաճառողը մանուկի մը, որ եկած է ծնողքին հետ, գտած է իր նախասիրած ու փափաքած խաղալիքը ու ահա նուէրի տեսքով շալկած դուրս պիտի ելլէ խաղալիք վաճառողին խանութէն:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հայազգի Էտմոն Քիրազը կը համարեն ժամանակակից աշխարհի ամենէն վառ երգիծանկարիչը, որուն պատկերազարդումները 20-րդ դարու կէսերէն դարձած են քաղաքականութեան, հասարակական կեանքի եւ համոզումներու անբաժան մասը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Տարլին ինը տարեկան աղջիկ մըն է: Կ՚ապրի Էլ Սալվատորի փոքր քաղաքներէն մէկուն՝ Սան Վինսենթէի մէջ, ուր կը մասնակցէի միջեկեղեցական համագումարի մը եւ կը խօսէի Աստուածաշունչի ընկալումի տարբեր բնութագրումներուն մասին՝ անգլերէն լեզուով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ահաւասի՛կ, անգամ մը եւս Խորենացիին գողտրիկ եւ զգայացո՜ւնց երգն է որ կը հնչէ.
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի՜, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»։