Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական խանդավառութեամբ։ Երէկ, տեղի ունեցաւ երկու ձեռնարկներ, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբեցին թաղեցիները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ Ամանորի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքին համար։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս տօնական հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան ԶԻՊԷՉ-ի տղաքը, իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ խումբ մը մնայուն բնակիչներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Առաքինութիւն է եւ ազնուութիւն՝ ընդունիլ իր սխալը եւ ջանալ զայն սրբագրել։ Անշուշտ, սխալը ընդունելու համար, պէտք է նախ անդրադառնալ անոր, յետոյ պատրաստակամութիւն ցոյց տալ զայն սրբագրելու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

Հայկական ժապաւէններու աւանդոյթներով ժառանգութիւնը անմահացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւն մը:
Շուրջ երկու տարուան ընթացքին պիտի հիմնադրուի նոր կառոյցը, որուն համար արդէն նուիրուած են նմոյշներ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս խրախճանքը ուղղուած էր Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներու զաւակներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մէկտեղուեցաւ երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան նախագահական ապարանքին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ մամլոյ սպասաւորներուն։ Աւանդական այս հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին յայ­տա­րա­րեց, որ Ե­րե­ւան չի կրնար այլ ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ ստանձ­նել այն­պի­սի պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը հա­կա­սեն Մոս­կուա­յի հետ ու­նե­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն։ 
«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տը հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Քո­մեր­սանտ» թեր­թին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան 12-րդ համագումարը։ 1997 թուականէն ի վեր չէր գումարուեր միութեան ընդհանուր ժողովը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Հայաստանի Արմաւիրի մարզէն ներս արեւային վահանակներով ելեկտրական արտադրութեան կայան մը:
Կարէն Կարապետեան կանգ առաւ այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներու զարգացման մեծ ներուժին վրայ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ի կատար կ՚ածուի՝ «Ս-400» հրթիռային համակարգերու վերաբերեալ գործարքը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Նուրետտին Ճանիքլի յայտնեց, որ համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ ապահովուած է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին հետ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան տարածքաշրջանային խնդիրներու կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Տեսալսողական միջոցներէ եւ մամլոյ հրատարակութիւններէ տեղեկացանք, թէ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան 21 Դեկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով արտայայտուած է Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան առընչութեամբ։ Այսպէսով յայտնի դարձած է, որ ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու, գործընթացին հետ մօտէն չշահագրգռուող անձերը խաբելու միտող իր նախաձեռնութիւնները, որոնց յաճախ ականատես կ՚ըլլանք Թուրքիոյ մէջ, կը շարունակուին անցելով երկրի սահմանները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան անգլերէն բառախաղի մրցոյթի մը։ «Մարմարա» կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ 156 աշակերտ՝ Իսթանպուլէն 39 վարժարաններու կողմէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

​«Ոմանք» երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ներկայիս այս խումբը երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Բանալիք» անուանեալ ալպոմ մը եւ երէկուան համերգը հետամուտ էր այդ ալպոմի ծանօթացման նպատակին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս արձագանգեցին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի Երեւանի մէջ սարքած վերջին մամլոյ ասուլիսի յայտարարութիւններուն:
Պատրիարքարանը կ՚ազդարարէ՝ որպէսզի մէկ կողմ թողուին հակաճառութիւնները:
«Եկեղեցական համագումար ժողովը ստիպուած էր զինքը պաշտօնանկ հռչակել, ինչ որ ծայր աստիճան տխրառիթ պարագայ մըն է։ Որպէս ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարութեան շրջանին ինչո՞ւ ջանք չէ վատնած ընտրութիւն կատարելու եւ արդիւնքի մը հասնելու համար։ Ան պէտք է հեռու մնայ ամուլ քաշքշուքներէ, իր կրած հանգամանքին յարիր ընթացք մը որդեգրէ»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջին շրջանին կրկին աշխուժացած են խօսակցութիւնները թուային արժոյթին մասին: Միջազգային աշխարհի մէջ պիթքոյն (Bitcoin) անունով յայտնի դարձած արժոյթը, իր առեղծուածով, կը շարունակէ մնալ ելեւմտեան եւ համացանցային աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Գահիրէի Խալիկ էլ Մասրիի մեր տան հիւրանոցի պատշգամը փայտէ փեղկեր չունէր: Անոր փոխարէն սկիզբէն միայն դուռ մը դրուած էր, որուն մարմնին կէսէն վեր կային միջակ մեծութեամբ չորս թափանցիկ եւ քառանկիւն ապակիներ, ուրկէ առաւօտները դպրոց երթալէս առաջ արեւը մեր տունը այցելութեան կու գար: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ջերմութիւն մը տարածուած է շուրջս: Դեկտեմբեր ամսուն այսպիսի ջերմութի՞ւն, ուրկէ՞, դեռ քիչ առաջ վերարկուներով ու կծկուելով կը քալէինք: Ընդամէնը երկու ժամուան օդային ճամբորդութիւնը եւ այսքան ջերմութեան տարբերութի՞ւն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մտաւորական կեանքը ամէն հասարակութիւններու բարօրութեան եւ զարգացման անկիւնաքարերէն մէկն է, եւ թէ կարեւորագոյնը, եւ ժողովուրդի մը բոլոր հանրային գործիչները ամենէն աւելի պէտք է մտաւորապէս զարգացած եւ պատրաստուած վիճակի մը մէջ գտնուին։ Ամէն կերպով հանրութեան բարգաւաճմանը կարենալ սատարելու համար անհրաժե՛շտ է ասիկա։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։
Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն։

 

Էջեր