Արխիւ
Հայաստան-Վրաստան կապերը կը կառուցուին ժամանակի ոգիին եւ հարուստ ժառանգութեան համահունչ:
Սարգսեան ուրախութիւն յայտնեց, որ աւանդական բազմաշերտ կապերը կը հարստանան կարեւոր ձեռքբերումներով:
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս արտադրած է յուշանուէր մը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի թռչնագիր տառերով զարդարուած տետրակներ պատրաստուած էին «Արաս»ի կողմէ։
Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական հաւաքոյթը, որ նախատեսուած էր մնայուն բնակիչներուն համար։ Համայնքային շրջանակներն ալ լայն մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին։
Երէկ, Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակութեան օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու տօնն էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը տեղ կու տայ Նիսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ խնդրին: Երեւան կը գտնուէր Նիսի Հայ Առաքելական (օրինական) Եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ՝ Արթօ Օքսայեան:
Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս Ամանորի ընդառաջ երաժշտահանդէս մը:
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը հանդէս եկաւ Փիէթրօտարքիի հետ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկահայ ծանօթ երգիչը Երեւանի մէջ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մեկնաբանելով Հայաստանի մէջ հասարակութեան կեանքը:
Սեպուհ Սիմոնեան. «Ամէն տեղ մարդիկ դժգոհ են։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ կան դժգոհութիւններ, դժուարութիւններ։ Բանական է, որ այս խօսակցութիւնները հոս ալ ըլլան։ Ես 1988-էն ի վեր կու գամ, միշտ կան դժգոհներ ու դրական աչքով դիտողներ, որոնք պիտի բարելաւեն Հայաստանը։ Դժգոհներն ալ եթէ աշխատասէր ըլլան, կրնան յաղթահարել դժուարութիւնները, յառաջ երթալ ու շատ չդժգոհիլ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը ունի ելեւէջներ, եւ անշուշտ զառիթափներ՝ որոնց կ՚ենթարկուի ամէն մարդ, երկար կամ կարճ ժամանակ, երբեմն ամբողջ կեանքի տեւողութեան, երբեմն ալ՝ շուտ մը մոռցուելու չափ ժամանակաւոր եւ աննշան։ Կեանքի մէջ կան բազմաթիւ իրողութիւններ՝ դէպքեր եւ երեւոյթներ, զոր օրինակ՝ զուարճութիւն, հաճոյք՝ երբեմն չափազանցուած կերպով, երբեմն ալ անվնաս նկատուած բնական եւ արուեստական ձեւերով։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին յայտնած է, որ 2018-ին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Լոնտոն, սակայն պիտի չհանդիպի Էլիզապեթ Բ. թագուհիին հետ:
Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ինչպէս գիտական-ցուցադրական, այնպէս ալ կրթական ոլորտէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանի տնօրէն Փափակ Ալոյեանի խօսքով՝ իր տնօրէնութեան տասնհինգ տարիներուն ընթացքին 145 ստեղծագործութիւն նուիրաբերուած է թանգարանին:
Կազմակերպութեամբ Սթոքհոլմի Կիներու միջազգային ակումբին եւ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Սթոքհոլմի Արքայական օփերայի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայաստանին:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ վաղը պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս Երուսաղէմի ճգնաժամին վերաբերեալ տեղի ունեցած քուէարկութեան կը յաջորդէ այս այցելութիւնը, որուն քաղաքական մեկնաբանները կը վերագրեն նուրբ նշանակութիւն։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը դատապարտող բանաձեւը որդեգրած 128 երկիրները շառաչուն ապտակ մը հասցուցին Թրամփին՝ մերժելով ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելու անոր սպառնալիքը, զոր քուէարկութեան նախօրեակին վերահաստատած էր՝ նշելով. «Թող մեզի դէմ քուէարկեն, եւ մենք մեծ գումարներ պիտի խնայենք, մեր հոգը չէ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի մէջ ծնած ու մեծցած Շահնուր Մինասեան 1999 թուականէն ի վեր հաստատուած է Պելժիա: Աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի եւ ներգրաւուած է տեղւոյն հայկական համայնքի կեանքէն ներս: Վերջին շրջանին Մինասեան քանիցս այցելեց Երեւան:
Երկրին կը մօտենայ 700 մեթր տրամագիծով երկնաքար մը, որ կը նմանի մարդկային գանկի: Այս մասին կը հաղորդէ «Սայընստէյլի» կայքը՝ մանրամասնելով, որ երկնաքարը մեր մոլորակին քովէն պիտի անցնի Նոյեմբեր 2018-ին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին դէպի Ֆրանսա այցի արձագանգները:
Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը՝ դիւանագիտական անձնակազմի մասին:
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Ամանորի ձօնուած երկու հաւաքոյթներով։ Այսպէս, Ուրբաթ երեկոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար նոր տարուան խրախճանք մը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին թաղի վարժարանը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան:
Պատրիարքական տեղապահը պատասխանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերջին յայտարարութիւններուն:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընտրութեան գործընթացին շուրջ տեսակէտները ներկայացուց news.am կայքէջին: