Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական եւ միջազգային մամուլը, կայքէջերը եւ թապլոիտները ողողուած են հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղին, անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի կիսապաշտպան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեանի եւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ, փորթուգալցի Խոսէ Մորինիոյի՝ վերջին շրջանին խիստ արտայայտուած յարաբերութիւններուն նիւթերով եւ մեկնաբանութիւններով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ սիրէինք զԱստուած ա՛յնքան՝ որքան Ան մեզ կը սիրէ եւ սիրոյ ապացոյցները կու տայ յաճախ, ամէն առիթով, այն ատեն մեր մտածումներուն մէջ՝ միշտ մեզի հետ, միշտ ներկայութիւնը պիտի վայելէինք եւ մանաւանդ Իր էութեան պիտի անդրադառնայինք մեր ամբողջ կեանքին մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Տարուան վերջին օրը նախատեսուած է Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը, իբր այդ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները նախօրէին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութիւնը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած տարեկան մատաղօրհնութեան:
Համայնքային շրջանակները անվերապահօրէն կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի կարեւոր ու կենսական առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական իրականութենէն ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, երբ ձեր բոլոր սրտովը փնտռէք զԻս» (ԵՐԵՄ. ԻԹ 13)։
Արդարեւ, այն որ գիտէ «փնտռել»՝ կը գտնէ։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խորհրդակցեցաւ բնագաւառի յառաջատար ներկայացուցիչներուն հետ:
Տեղեկատուութեան ու հեռահաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի մասնագիտական ընկերակցութիւն եւ ցանց:
Տարեմուտին պիտի շարունակուին ղարաբաղեան հարցին շուրջ քննարկումները:
Միջնորդները յուսադրուած են Նալպանտեան-Մամետեարով երկխօսութեան տեւականացումով:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը երէկ ուշ գիշերին ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով եւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասաւ «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Թուրքիա-Հայաստան առկայ անհաղորդ կացութեան մէջ կը փոխանակուին ծանր յայտարարութիւններ:
Անգարա եւ Երեւան կը փոխանակեն մեղադրանքներ, որոնք կը ծնին հարեւաններու հակադիր քաղաքականութիւններէն:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցաւ հոգեբան Սելին Էօզքան։
ԱՐԱ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ
2017-ի Դեկտեմբեր 6-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին որոշում կայացուց, որ յառաջացուց արաբական շարք մը երկիրներու, Թուրքիոյ եւ Հռոմի Պապի դժգոհութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիները Քրիստոսի ծնունդը կը տօնախմբեն Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Հայ Առաքելական եւ Ուղղափառ եկեղեցիները՝ Յունուար 6-ին եւ 7-ին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը մերկացուց արաբական աշխարհի բաժան-բաժան եղած ընդհանուր տեսարանը…
Թոքիոյի համալսարանէն խումբ մը ճաբոնցի մասնագէտներ ստեղծած են ապակի, որ, եթէ զայն կոտրեն, կրնայ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին վերականգնել իր կառուցուածքը։
Ամերիկացի աշխարհահռչակ դերասան Ճորճ Քլունին իր ընկերներուն փողով լեցուն փոքրիկ տոպրակներ բաժնած է որպէս շնորհակալութիւն բարեկամութեան համար։
Կեանքի 77-րդ տարիին մահացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գրականագէտ Ֆելիքս Մելոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ան կեանքէն հեռացած է երկարատեւ հիւանդութեան պատճառաւ։
ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան ժողովը:
Նալպանտեան Քիեւի մէջ ներկայացուց հայկական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի ռազմականացումը սպառնալիք կրնայ հանդիսանալ ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութեան պահպանման համար։