Արխիւ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ամանորեան խրախճանք մը։ Այս ամբողջին մէջ միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ նաեւ տօնավաճառ մը, որու այցելուները տարեմուտի սեմին հնարաւորութիւն ունեցան իրենց սիրելիներուն համար գնումներ ընելու 2018-ի ընդառաջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշոտ Գրիգորեան Երեւանի մէջ, «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահի երդիքին տակ մանրամասնօրէն ներկայացուց «Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը»:
1990-ական թուականներէն ի վեր «Ալեքսանդր Թամանեան» թանգարանը մեծ աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ ճարտարապետներու արխիւներու ստեղծման եւ ուսումնասիրման ուղղութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած՝ մարդուս երկնաւոր Հայրը պատրա՛ստ է եւ կը սպասէ մարդոց վրայ թափելու Իր օրհնութիւններուն լիութիւնը։ Ուստի, մարդոց կը մնայ լիառատ խմել անսահման սիրոյ աղբիւրէն։
Երբ այս իմաստով մօտեցուի, ո՜րքան հրաշալի բան է աղօթելը եւ նո՛յնքան զարմանք պատճառող բան՝ թէ այնքան քիչ կ՚աղօթեն մարդիկ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այս շաբթուան ընթացքին Անգարայի մէջ կը հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Իրաքէն բարձրաստիճան հրամանատարներ։ Թուրքիա-ԱՄՆ-Իրաք առանցքին վրայ կազմակերպուած այս բարձր մակարդակի անվտանգութեան խորհրդակցութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Հինգշաբթի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ պատահեցաւ ահաբեկչական դէպք մը։ Այս անգամ լուրը հասաւ Նիւ Եորքէն։ Առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Թայմզ» հրապարակի մեթրոյի կայարանը եւ «Փորթ Օթօրիթի» օթօպիւսի կայարանը միացնող գետնանցումին մէջ պատահեցաւ այս պայթումը։
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Կիրակի երեկոյեան ոգեկոչման հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ՝ ի յիշատակ տարի մը առաջ «Վոտաֆոն Արենա» մարզադաշտի մօտակայքին պատահած ահաբեկչութեան զոհերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, տարի մը առաջ ամբողջ երկիրը ցնցուած էր սահմռկեցուցիչ արարքին հետեւանքով, որ խլած էր շուրջ յիսուն զոհ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շփումներ կ՚ունենայ Աթէնքի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ղեկավարներուն հետ:
ՇԱՂԻԿ ՍՐՈՒՐԵԱՆ
Յիշողութիւնը իմացական գործընթաց է, որ կը կուտակէ, կը պահպանէ եւ կը վերարտադրէ ձեռք բերուած փորձը։ Յիշողութեան գործընթացներն են՝ մտապահումը, պահպանումը, վերարտադրումը եւ մոռացումը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աբօ Սահակեանին անունը առաջին անգամ լսեցի դիմատետրին մէջ կատարուած գրառումին միջոցով: Սաղիմահայ երիտասարդը, որ ռաք խումբի մը հիմնադիր-մեներգիչն էր, դէպի Լոնտոն իր ճանապարհին խնդիր մը ունեցած էր «Պեն Կորիոն» օդակայանի ապահովական տեսուչներուն հետ:
Եւրոպայէ ներս պաշտօնավարող Հայաստանի դեսպաններուն տարեկան հաւաքը՝ Վիեննայի մէջ:
Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ քննարկուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ խնդիրներ:
Թուրքիա ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացուցած է տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Վլատիմիր Փութինը: ԱՄՆ-էն երկու զօրավարներ կ՚այցելեն Անգարա:
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Վոսփորի եւրոպական ափի այս եկեղեցին բարենորոգութեան աշխատանքներու ենթարկուած էր վերջին շրջանին։ Այդ բոլորի աւարտին Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցին օծուեցաւ ու վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։
Կեդրոնականի ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ աւանդական բաժակի օրուան առթիւ։ Երէկ, վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ, ուր տեղի ունեցաւ բաժակի օրուան հանդիսութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողը եւ մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ», (ԱՌԱԿ. ԻԸ 13)։ Մարդ, Աստուծոյ առջեւ արդարանալու պահանջքը ունի։ Բայց ան ինչպէ՞ս կրնայ արդարանալ եւ սրբանալ։
ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ
Կիսագրագէտներս ու անարժաններս՝ մեր ազգը կը կործանենք: Հերիք է անարժանին պաշտօն տալ... Ու... մնացած գործը (հակահայ գործը) կ՚ընեն իրենք իրենցմով հիացած անբան հայանուն մարդիկ միայն ու միայն իրենց անձը պաշտամունք դարձնելու համար, միայն ու միայն իրենց գրպանի ու ժամանակաւոր շահի համար ու ԿԸ ԿՈՐԾԱՆԵՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Անձրեւը սեւագորշ ամպերէն կախուած ցնցուղի նման յանկարծ համակ բնութիւնը իր տարափին տակ կ՚առնէ։ Անձրեւը բնութեան ամենամեծ բարիքներէն է, որ սերտօրէն կապուած է մարդու կեանքին հետ։
Գիտեմ, որ ըսելիքս նորութիւն չէ, բայց վերջին իրադարձութիւնները ստիպեցին զիս անգամ մը եւս, ինչպէս արաբական ասացուածքը կ՚ըսէ, «կէտերը տառերուն վրայ դնել», այսինքն՝ ամէն ինչ ճիշդ ներկայացնել՝ բնականաբար իմ տեսանկիւնէս։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Երկու տարուան ձեռնադրուած էինք, Հայր Գէորգ, Հայր Ներսեհ եւ Հայր Զաւէն, եւ որպէս երիտասարդ միաբաններ Ս. Աթոռին, մասնակից եղանք 1956 թուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ընտրապայքարին եւ անոր յարակից անբաղձալի դէպքերուն: Նոյն թուի Փետրուար 14-ին Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ ծրագրուած կաթողիկոսական ընտրութիւնը իր մէջ ծրարած էր շարք մը դժբախտ հակամարտութիւններ, ոմանք յերիւրածոյ եւ ոմանք լուրջ եւ վտանգաւոր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպը հարուածած պատերազմը այսօր կը գտնուի մեր ետին: Ճիշդ է, որ Սուրիան ամբողջութեամբ չէ կարողացած ինքզինք վերագտնել, բայց եւ այնպէս Հալէպի հայկական թաղամասերը թիրախաւորած բախումներու փուլը կը պատկանի անցեալին: