Արխիւ
Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան յայտարարեց, որ վտանգներ կը տեսնէ հայագիտութեան բնագաւառին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերատեսուչը հայագիտական հետազօտութիւններու բնագաւառէն ներս կը նկատէ որոշ յետընթաց։
ՆԱԹՕ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղար Ռոուզ Կոթէմիւլլէր յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Երեւան, ուր պիտի ընդունուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Աթէնք կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու։ Այսպէս, ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018 թուականի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Իսթանպուլի երէկուան արտահերթ գագաթաժողովը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ համախմբուած 56 երկիրներու ներկայացուցիչները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ, որով Արեւելեան Երուսաղէմը ճանչցուեցաւ Պաղեստինի պետութեան մայրաքաղաքը, ընդգծուեցաւ անոր բռնագրաւեալ բնոյթը եւ համապատասխան կոչ ուղղուեցաւ համայն աշխարհին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արաբական առածը կ՚ըսէ. «Մահը սեւ ուղտ մըն է՝ որ բոլոր դռներուն առջեւ կը ծնրադրէ»։
Այո՛, մահը անխուսափելի է, ուրեմն ամէն մարմնաւոր եւ աշխարհային արժէք ժամանակաւոր է, եւ մարդ պէ՛տք է ըստ այնմ շարժի եւ գործէ, ինչ որ կը նշանակէ՝ չկառչի՛լ միայն մարմնաւորին եւ աշխարհայինին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սրահին մէջ չեմ կարծես, այլեւ՝ ծովուն մէջ, որ մերթ կ՚ալեկոծի, մերթ փոթորիկին մրրիկները կը գալարին մակերեսին, կատաղի հարուածներով կը բարձրացնեն զայն, աննկատ վար կը հրեն ջուրը ու կը գլորեն զիս, դէպի խորը, շատ խորը, ուր անդնդային մթութիւնն է, ընկղմած նաւերու, մարդկային ձախողութիւններու ու կորուստներու նշոյլներն են շարուած, մխուած ծովուն յատակի աւազին խորը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայոց ազգային պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքին հեղինակը շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Ճարտարապետ Աշոտ Գրիգորեան. «Տակաւին գիրքը նոր է եւ, բնականաբար, ժամանակի կը կարօտի՝ որպէսզի հանրութիւնը կարդայ, ծանօթանայ, բայց քանի որ ներկայ ու արդի է Պալեաններուն խնդիրը, գիրքը անմիջապէս կը գրաւէ իր խորագիրով, ծաւալով եւ նորութեամբ»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ըստ 17 Օգոստոս 2017 թուականին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին, Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը ընտրելու համար այսօր իսկ պէտք է գումարուէր Ազգային պատգամաւորական ժողովը։
Աւելի՛ն, տակաւին անցեալ շաբթուան մէջ ընտրուած պէտք է ըլլային եկեղեցական պատգամաւորները, իսկ անցեալ Կիրակի մեր համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ փութացած պէտք է ըլլային՝ ընտրելու համար աշխարհական պատգամաւորները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Դեկտեմբեր 1-2 թուականներուն տարեկան պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Կրնոպլի մէջ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու բացատրութիւններ տուաւ Վլատիմիր Փութինի այցելութեան ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ:
Յառաջիկայ տարեմուտին նախատեսուած Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան համաժողովին ընդառաջ Թուրքիա ներկայացուցիչներ կ՚առաջարկէ քիւրտերուն համար:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան դէպի Աթէնք պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոսիասի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր պաշտօնակցին հետ տեսակցելու առընթեր, Նալպանտեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաժողովներու սրահին մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» մրցանակաբաշխութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, մայրավանքի համալիրէն ներս, «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեայ յոբելեանը:
«Հայապահպանութեան ուղղեալ գործունէութեան հիմնական հասցէատէրը կը համարուի երիտասարդութիւնը»:
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
«Բառը, գիտցած եղէք, էակ մըն է կենդանի»,- կը բացագանչէ բառերու մեծ վարպետը՝ Հիւկօ։ «Բառը մի աշխարհ է», կ՚ըսէ Մեծն Թումանեանը։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Խորհրդային Միութեան տիրականութեան առաջին տասնամեակին Արցախի Թեմի հայոց առաջնորդն էր Վրթանէս Ծ. Վրդ. Յակոբեան, որ 1927-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն։ Իր 1925 Օգոստոս 13 թուակիր զեկուցագրով Վրթանէս Ծ. Վարդապետ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին կը հաղորդէր թեմին քայքայուած եւ կազմալուծուած վիճակին մասին, մասնաւորելով եկեղեցիներու բռնագրաւումն ու քահանաներու դէմ յարուցուած հալածանքը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը երբ դարձաւ ինծի եւ միւռոնի սրուակը ձեռքին «օրհնեսցի օծցի եւ սրբեսցի ճակատ (ու միւռոնաթոյր բթամատը դնելով ճակտիս) Տ. Գարեգին Քահանային» ըսաւ, սիրտս հրճուանքով խայտաց, որովհետեւ ի՛նք Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց ա՛լ ինծի հետ պիտի ըլլար “զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ”։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գրուան» կը նշանակէ՝ ցորեն չափելու սնտուկ, որ անթափանց իր մըն է, որուն մէջէն՝ ջուր, լոյս եւ այլն չ՚անցնիր։ Ուստի գրուանը արգելք մըն է լոյսին համար եւ երբ լոյսը որեւէ կերպով հանդիպի անոր, չի կրնար լուսաւորել իր շուրջը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շփումներ կ՚ունենայ Աթէնքի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ղեկավարներուն հետ:
Քաղաքիս Ֆրանսական պալատի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը:
Աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէրի հիւրերու շարքին էին փոքրամասնութեանց շրջանակներէն յայտնի գործիչներ:
Նախագահներ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին ընթացիկ տարուան տեւողութեան տեսակցեցան ութերորդ անգամ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատկերացումները կը համընկնին թէ՛ Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հեռանկարներուն եւ թէ Երուսաղէմի բարդ խնդրի պարագային: