Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի տնօրէնին յայտարարութիւնները։
«Երուսաղէմի կարգավիճակի փոփոխութիւնը կրնայ խառնաշփոթ ստեղծել եկեղեցական կալուածներու իրաւունքներու դաշտին մէջ»։
Սուրբ Քաղաքի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները միասնաբար դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Անձրեւը սեւագորշ ամպերէն կախուած ցնցուղի նման յանկարծ համակ բնութիւնը իր տարափին տակ կ՚առնէ։ Անձրեւը բնութեան ամենամեծ բարիքներէն է, որ սերտօրէն կապուած է մարդու կեանքին հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017

Գիտեմ, որ ըսելիքս նորութիւն չէ, բայց վերջին իրադարձութիւնները ստիպեցին զիս անգամ մը եւս, ինչպէս արաբական ասացուածքը կ՚ըսէ, «կէտերը տառերուն վրայ դնել», այսինքն՝ ամէն ինչ ճիշդ ներկայացնել՝ բնականաբար իմ տեսանկիւնէս։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017

Թուրքիա եւ Յունաստան խաղաղութեամբ եւ բարեկամութեամբ ապագայ մը պիտի կառուցեն:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ կարեւոր շփումներ ունեցաւ Աթէնքի մէջ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017

Եդուարդ Նալպանտեան Պաքուին մեղադրանքներ հասցէագրեց՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Վիեննայի ժողովին ընթացքին:
«Ատրպէյճանի մտադրութիւնները կ՚երեւին իր կողմէ իրականացուած ծախսերէն, յարձակողական սպառազինութիւն ապահովելու համար ծախսած մեծ գումարներէն»:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին զարգացումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Երուսաղէմը պաշտօնապէս Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու որոշումը լուրջ անհանգստութիւն յառաջ բերած է թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ եւ թէ քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու ու կրօնական այլ յարանուանութիւններու մօտ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017

Սկիւտարի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային ընթերցման խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամանորի նախատօնակի ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017

Հայաստանի մէջ յաճախ տարեցներէն լսած եմ, որ եթէ սոխի կեղեւը հաստ ըլլայ՝ ձմեռը խիստ կ՚ըլլայ, իսկ եթէ բարակ ըլլայ, ձմեռը մեղմ կ՚ըլլայ… Հաւատալ, թէ՝ ոչ, սա էր բուն խնդիրը…

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­ւա­նա­բար չի գտնուիր անձ մը՝ որ իր պա­տա­նե­կան շրջա­նին դպրո­ցա­կան քննու­թիւն­նե­րու եր­կուն­քը ապ­րած չըլ­լայ՝ եր­կար կամ կարճ ժա­մա­նակ մը։
Եւ այս եր­կուն­քը այն­պէս է տպա­ւո­րուած որ տա­րի­նե՜ր վերջ իսկ ա­տեն-ա­տեն ե­րազ­նե­րու մէջ կը յայտ­նուի եւ վախ կը պատ­ճա­ռէ են­թա­կա­յին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամետեարով երէկ երեկոյեան միջնորդներուն մասնակցութեամբ տեսակցեցան Վիեննայի մէջ:
Նախարարները, որոնք պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները, ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հռետորական ոճով մը ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը ճանչցաւ՝ որպէս Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք: Թրամփ, որ «հերոսական» եւ «յաղթանակ» տանողի դիրքերէն խօսեցաւ, նաեւ ըսաւ՝ որ իր այս քայլը (իմա՝ ճանաչումը) «բաւական ուշացած քայլ մըն է»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ, անտեսելով բոլոր զգուշացումները, յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Երուսաղէմը կը ճանչնայ՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ երէկ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը, յառաջիկայ շաբթուան կէսին արտահերթ գագաթաժողովի մը հրաւիրեց Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները, որոնք պիտի համախմբուին Իսթանպուլի մէջ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

​Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ երէկ երեկոյեան «Կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց իր աւանդական ամանորեան երեկոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիւքրիւ Կենչ վերջին տարիներուն Ամանորի շրջանին ընթրիք կը կազմակերպէ քաղաքիս փոքրամասնական շրջանակներուն եւ հասարակութեան այլ զանազան խաւերու ներկայացուցիչներուն համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հրազդան Թոքմաճեան Հալէպի մէջ, ռումբերու տարափին տակ պատրաստած է իր վերջին հատորը, որ կը կոչուի՝ «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ»։ Այս պատկերագիրքի շնորհանդէսը, հեղինակին ներկայութեամբ, խաղաղած Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ ընթացիկ օրերուն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

Գաղտնիք մը չէ, որ ամերիկացիներ եւ շատ հաւանաբար ալ շարք մը ուրիշ ազգերու ժողովուրդներ ծայր աստիճան հոգատար են իրենց որդեգրած ընտանի կենդանիներուն եւ յատկապէս շուներուն նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Թաքսիին մէջէն բարձրաձայն քահ-քահները դուրսէն կը լսուին, կողքէն անցնողները կը ժպտին: Վարորդը ուրախ ու ժպտուն, երբեմն խնդուքով մը ինք եւս կը մասնակցի յաճախորդներուն քահ-քահներուն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աչ­քը՝ տե­սո­ղու­թեան գոր­ծա­րանն է ա­մէն կեն­դա­նի էա­կի, աչ­քով է, որ կը տես­նեն ա­նոնք աշ­խար­հը, թէեւ ա­մէն մէ­կը տար­բեր կեր­պե­րով։
Ինչ­պէս որ տես­նե­լու հա­մար էակ մը աչ­քի կը կա­րօ­տի, աչքն ալ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­րե­նալ կա­տա­րե­լու հա­մար լոյ­սի կը կա­րօ­տի եւ հոն ուր լոյս չկայ, աչ­քը իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը չի կրնար կա­տա­րել՝ չի՛ տես­ներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017

Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան ռազմափորձեր։ Այս զօրավարժութիւններուն մասնակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մովսէս Յակոբեան եւ հայկական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութենէն դէմքեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Ֆրանսա եւ Զուիցերիա։ Աւելի քան տասնօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան եղաւ Մարսէյլի, Լիոնի, Վալանսի, Տեսինի եւ Կրընոպլի մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017

Կիպրոսի հարաւի պաշարներէն բնական կազ արտահանելու եւ ծովի յատակէն կառուցուելիք խողովակաշարի մը միջոցաւ Եւրոպա փոխադրելու վերաբերեալ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը։ NTV-ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Յունական Կիպրոս, Յունաստան, Իսրայէլ եւ Իտալիա։ Այս վերջինը յանուն Յունական Կիպրոսին կը կատարէ բնական կազի որոնումներ։

Էջեր