Արխիւ
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երեւանի մէջ, Դեկտեմբեմի 18-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ նուիրուած թուրք գրող Պիրկիւլ Օղուզի «Հա՛հ» հատորին: Թուրք երիտասրդ գրագիտուհիին գիրքը հրապարակուած է Հայաստանի մէջ գործող «Անտարես» հրատարկչատան կողմէ:
Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:
Նալպանտեան երէկ մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն բարձրաստիճան դէմքերու հետ:
Մամետեարով խօսեցաւ տարեմուտին Նալպանտեանի հետ նախաեսուած հանդիպման ժամկէտին մասին։
Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի տեսակցութիւնը։
Չավուշօղլու անկարեւոր կը համարէ Հայաստանի՝ արձանագրութիւնները առ ոչինչ հռչակելու ուղղեալ քայլը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օրերուն հազիւ-հազ այս երկրին մէջ տեղաւորուած էինք, եւ արդէն Thanksgiving Day-«Գոհաբանութեան օր» կոչուած արձակուրդը հասած էր, իսկ անոր յաջորդ օրն իսկ, երբ տակաւին նոյնիսկ հնդկահաւակերութեան ընթրիքի ամանները չէինք տեղաւորած, մեր տունէն ներս յանկարծ տարրօրինակ հարց մը կը ծագէր: Անծանօթ եւ նոյնքան ալ՝ աղմկալից:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի թատերական կեանքին հետեւող ամէն ոք «ցնցիչ» անակնկալի առջեւ կը դրուէր, լսելէ ետք պէյրութցի անուանի դերասան եւ բեմադրիչ Զիատ Իթանիի ձերբակալման լուրը:
Այս հաղորդումէն անմիջապէս ետք երկրին մէջ շրջան կ՚ընէին տարատեսակ խօսակցութիւններ եւ ասէկօսէներ, ըստ որոնց Իթանի ձերբակալուած էր անհատական խնդրի մը, կամ «սիրոյ պատմութեան» մը հիման վրայ, սակայն եղածը աւելի ծանր էր:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայերէնի նուիրեալ գործիչը Երեւանի մէջ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մեկնաբանելով հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլը:
Տքթ. Արմենակ Եղիայեան. «Մեր գոյութեան գերագոյն իմաստն է Հայաստանը, որուն համար պէտք է գուրգուրանք Սփիւռքին, պահենք մեր լեզուն ու առաւելագոյնս դիմանանք»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն մարդ որոշ տարողութիւն մը եւ կարողութիւն մը ունի յառաջանալու՝ իր նպատակին հասնելու համար։ Իւրաքանչիւր անձ իր անձնական ուժերուն համեմատ յաջողութիւն կրնայ ձեռք բերել՝ նպատակի մը հասնելու համար։ Ուստի ոեւէ անձէ մը իր կարողութենէն եւ տարողութենէն վեր որեւէ բան սպասել անիմաստ է, քանի որ միշտ պէտք է հաշուի առնուի «անկարելի՛»ն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նարինէ Թուխիկեանը, ոչ միայն Երեւանի Թումանեան տուն-թանգարանի տնօրէնուհին է, այլ նաեւ Հայաստանի բազմերանգ մշակութային կեանքին քաջածանօթ անձնաւորութիւն մը: Վերջին ամիսներուն Հայաստանի լրատուական դաշտին մօտէն հետեւողներուն համար Նարինէ Թուխիկեանի անունը դարձաւ յաճախակիօրէն հնչող եւ երեւցող անուն մը:
Էսաեանի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ վարժարանին ի նպաստ Ամանորի սեմին կազմակերպուած աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Դպրոցի սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ երկօրեայ ծրագիրը։ Երէկ, օրուան սկիզբին, քէրմէսի բացման ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս ժողովուրդներու պատմութեան մէջ մեծութիւնները չեն մեռնիր, այլ կ՚ապրին իրենց ձգած ժառանգութեամբ, տուեալ ժամանակաշրջանին իրենց արծարծած հայեացքներով ու տեսութիւններով, գիտութեան ու գրականութեան անդաստանին իրենց տուած բերքով։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Նահատակ բարի Քրիստոսի եղեր այսօր ի միջի մերում, եւ մտեր ի վերնատունն խորհրդոյ յաւիտենականի։ Որ ընտրեցար ի դասս երկնաւոր զօրացն, պսակեցար ի թագաւորէն, զանթառամ զպսակն, եւ մկրտեցար արեամբդ քո սրբոյ, առաջին վկայ Քրիստոսի Սուրբ Ստեփանոս, նախասարկաւագ մեծ» («Շարակնոց»)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոն ուր «պատճառ» մը կայ, հոն կայ նաեւ «արդիւնք» մը, որ կը նշանակէ՝ «արդի՛ւնք»ով հասնելիք «նպատակ» մը գոյութիւն ունի։ Ուրեմն մարդուն արարչութեան պատճառն ալ ունի նպատակ մը՝ որ ստեղծագործութեամբ ակնկալուած արդի՛ւնքն է։
Գերմանական կաճառի Երեւանի նորահաստատ մասնաճիւղի բացման առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Նոյն յարկին ներքեւ կը միաւորուին մշակութային եւ գիտական զանազան նախաձեռնութիւններ՝ հմուտ մասնագէտներով:
Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագրի կտրած ուղիի եւ խոստացած հեռանկարներու լոյսին տակ:
Երեւանի առջեւ նոր կարելիութիւններ կ՚ուրուգծուին՝ իր դիրքերու ամրապնդման եւ ներուժի օգտագործման առումով:
Երէկ, հայճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն, որուն կ՚ընկերանային նոյն խորհուրդի սիւներէն Նազար Գալփաքճը եւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրօլ Չընար։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ փափաքած էին տեղեկութիւններ փոխանցել Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Դաշինքը կը յուսայ նոր ազդակ տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս՝ քանի որ լուծումը շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածքաշրջանին համար:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Երուսաղէմի խնդիրը առիթ պիտի հանդիսանայ մարդկութեան ամբողջութեամբ զարթնելուն։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Համաշխարհային գաղթականաց օրուան առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչի պաշտօնին մէջ հերթի փոփոխութիւն:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան առաքելութեան շրջանի աւարտին երէկ առաւօտ անմիջական զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներու հետ:
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Նոր գիրք մը ունենալը աշխարհի ամենէն լաւ զգացումներէն մէկն է, քանի որ ընթերցողին յոյս կը ներշնչէ, թէ՝ ան նոր աշխարհ մը պիտի ճամբորդէ գիրքի էջերուն ընդմէջէն: Գիրքին բովանդակութիւնը` իր կարգին, բայց գիրքը ինքնին` կողքիը, կողքի նկարը, էջերուն որակը, էջադրումը, տառատեսակը՝ ամբողջութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունին գիրքի ընծայելիք փորձառութեան:
Պօղոս Նուպար փաշա (1851-1930) առանց փառասէր ըլլալու, համազգային առումով եղաւ ամենէն առաջ իմաստուն, ողջմիտ եւ մանաւանդ գործնական հայորդին իր լիաբուռն առաքինութիւններով, զորս անվարան գործի վերածեց ճշմարիտ հայրենասիրութեան ոսկեայ շրջանակին մէջ, պայքարելով աղքատութեան եւ տգիտութեան դէմ։ Որպէս հիմնադիրը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 110 տարիներ առաջ, Պօղոս Նուպար կը մնայ «երկնի անթիւ աստղերէն մե՛րը միայն»։