ԵԳԻՊՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՍՏԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեանն ու Գահիրէի Թեմական ժողովի անդամները։

Հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը՝ թեմակալ առաջնորդը տեղեկացուց, որ Գահիրէի Թեմական ժողովի անդամները Հայաստան այցելած են՝ մասնակցելու համար Արցախի Հադրութ քաղաքի գլխաւոր հիւանդանոցի վերանորոգեալ ծննդաբերական բաժանմունքի բացման արարողութեան։ Այդ ծրագիրը կեանքի կոչուած է Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի ջանքերով։ Թեմակալ առաջնորդը ուրախութեամբ մատնանշեց, որ սա Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի առաջին մեծ նախաձեռնութիւնն է ի նպաստ հայրենիքի եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի եւ պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ՝ ընդգրկելով նաեւ սահմանամերձ բնակավայրերը։

Ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ Թեմակալ խորհուրդի անդամներէն Մարտիրոս Բալայեան։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր գնահատանքը՝ ազգային կեանքէ ներս դրսեւորուած նախանձախնդրութեան, հայու ինքնութեան պահպանման ուղղեալ ծրագրերու, ինչպէս նաեւ նման օգտաշատ նախաձեռնութեան մը կազմակերպման համար։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ հայոց պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ թեմերու եւ անոնց կողքին կանգնած բարերար հայորդիներու շնորհիւ կեանքի կոչուած են նմանօրինակ բազում ծրագրեր՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդի եւ ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ եգիպտահայոց այս քայլը կարեւոր զօրակցութիւն մըն է արցախահայութեան։

Անդրադառնալով եգիպտահայ համայնքի փառաւոր պատմութեան՝ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ դիտել տուաւ, որ այսօր եւս եգիպտահայութիւնը կը շարունակէ նոյն նախանձախնդրութեամբ աշխոյժ ազգային եւ եկեղեցական կեանքով պահպանել այն բոլոր աւանդութիւնները, որոնք ստեղծուած են ժամանակի ընթացքին եւ փոխանցուած՝ սերունդէ սերունդ։

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը հայցեց Տիրոջ զօրակցութիւնը այս նախաձեռնութեան իրականացման համար եւ յորդորեց Գահիրէի Թեմական ժողովի անդամներուն՝ շարունակել իրենց աշխոյժ ներգրաւմամբ ծաղկեցնել համայնքն ու տիրախնամ թեմը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019