Արխիւ
Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի սովորականէն քիչ մը աւելի կանուխ ապրեցաւ Բարեկենդանի ոգեւորութիւնը։ Անցեալ շաբաթավերջին, թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համար նախատեսուած էր Բարեկենդանի վաղ խրախճանք մը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տակաւին թարմ է լուրերուն այն ազդեցութիւնը, որ ունէինք մօտ անցեալին՝ հեռատեսիլէն կամ լրատուական այլ միջոցներէն, հետեւելով Խրիմ թերակղզիին իրադարձութիւններուն: Ցուցարարներուն միջեւ բախումները, Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ռուսաստանի՞, թէ՞ Ուքրայնոյ կազմին մէջ ըլլալուն համար կռիւները թերեւս վերջ գտած են, եւ Խրիմէն կարճ ժամանակուան համար Հայաստան եկող մեր հայրենակիցները կը խօսին փոքրիկ այդ հանրապետութեան խաղաղ կեանքին մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի Ծնունդը հոգեւոր մեծ երջանկութիւն կը պատճառէ ամէն անոնց՝ որոնք կ՚անդրադառնան այդ աստուածային օրհնութեան արժանանալու՝ կենարար այս աւետիսին, եւ սրտանց կը մասնակցին այս եզական ուրախութեան։ Արդարեւ, աւետիսը երբ կը լսեն մարդիկ, կ՚ուրախանան եւ իրենց ուրախութիւնը կը վերածուի երջանկութեան։
Կը ներկայացնէ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ըսուած խօսք է, թէ ընթերցումը շարժում, հոգեշարժ, սրտաշարժ, կեա՛նք, հաղորդութիւն է. երբեմն յուզում, երբեմն վերթեւում, երբեմն վերասլաց ձգտում, երբեմն խաղաղ վայելում, երբեմն բողոք ու ընդվզում, երբեմն խոկում ու որոնում, երբեմն գիւտ ու երջանկութիւն. գունաթափում, ո՛չ տափակութիւն, ո՛չ ինքնաժխտում, որովհետեւ մարդը ինքը կեա՛նք է եւ շարժում։
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԵՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Եւրոպայի հնագոյն Հայ Եկեղեցին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցին կը նկատուի որուն հիմնադրութեան թուականը 1713 Հոկտեմբեր 26 արձանագրուած է պատմական ստոյգ տեղեկութիւններէն՝ գրուած Առաքել Սարուխանի «Հոլլանդան եւ Հայերը» երկասիրութեան մէջ եւ հրատարակուած Վիեննայի Մխիթարեաններուն կողմէ 1926 թուին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը անարգել եւ անզուսպ ընթա՛ցք մըն է՝ որ կը սուրայ եւ չես գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚երթայ եւ թէ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ։ Կեանքը անծանօթ, անորոշ գնացք մըն է, եւ մարդ կը կարծէ, թէ ի՛նք ուղղութիւն կու տայ անոր, բայց կեա՛նքն է, որ կ՚որոշէ մարդուն նպատակակէտը այդ ընթացքին մէջ։
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ այցելեց Սուրբ Յակոբ հիւանդանոց։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին քաղաքապետը, որուն կ՚ընկերանային քաղաքապետարանէն կարգ մը պաշտօնատարներ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Hôtel du Collectioneur»ի շքեղ սրահներուն մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը:
Պատուոյ հիւրն էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, որ հաւասարակշռուած մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ քաղաքապետ Անն Իտալկօ մետայլով մը պարգեւատրեց երեսփոխան Կարօ Փայլանը: Փարիզէ ներս յառաջիկային պիտի բացուի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար:
Փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղը՝ ներշնչուած Երեւանի օրինակէն:
Ֆրանսահայ համայնքի ընտրանին ընդգծեց զգայնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։
Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, վերջերս Անթալիայի մէջ կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Փոքրերու եւ աստղերու տարիքային համեմատութիւններուն համաձայն կազմակերպուած էր այս մրցաշարքը, որու արդիւնքին փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց մեր համայնքէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլ։
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կանանց առաջին կազմը այս եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցի աղջիկները իրենց դասաւորումը աւարտած են առաջին հորիզոնականի վրայ։
2017-2018 կրթական շրջանի ձմրան արձակուրդի ներկայ փուլին, Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցին մէջ կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ։ 230 աշակերտներ հիւրընկալուեցան այս արձակուրդային նախագծին շրջագծով։
Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութեան կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Մխալեանի։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս մեծարանքի փայլուն հանդիսութիւն:
Երեւանի մէջ նշուեցաւ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի 75-ամեայ յոբելեանը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի համաձայն, Ատրպէյճան կասկածի տակ կը դնէ իր իսկ վստահելիութիւնը:
Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի առաջին հինգ դասարաններու իւրաքանչիւր աշակերտ, Երկուշաբթի, 22 Յունուարին, ստացաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքէն օրինակ մը։ Այս նոր գիրքը հրատարակուած է Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան կողմէ եւ կը բաժնուի որպէս նուէր հայկական տարբեր գաղութներու մէջ։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Հարստութիւնը դարեր շարունակ մարդ արարածի ականչին հնչող ամենէն ցանկալի ու հեշտ բառերէն մէկը եղած է։ Շատեր կ՚ուզեն հարստանալ, որովհետեւ կը խորհին, թէ ստացուածքը կերպով մը աշխարհի դժուարութիւններուն դէմ դնելու միջոցը պիտի ըլլայ իրենց համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արտակ Քալանթարեան բնիկ երեւանցի է: Ան Հայաստանի դժուարին տարիներուն ստիպուած եղած է Միացեալ Նահանգներ գաղթել:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս նոր ու գեղեցիկ աւանդութիւն մը ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ՝ տօնական օրերուն, թանգարաններէն կամ Մատենադարանէն կը հանուին տուեալ տօնին առընչուող մասունքներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ մօտէն ծանօթանալու օրուան խորհրդանիշ մասունքներուն հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ցաւերով, վիշտերով, տառապանքներով լեցուն այս կեանքին մէջ ո՜վ կարօտը չի զգար զուարթ եւ ժպտուն կեանքի մը։ Կեանքը միշտ ունի ելեւէջներ՝ երբեմն կը բարձրանայ, երբեմն կ՚իջնէ, երբեմն կը ժպտի, երբեմն ցոյց կու տայ իր խոժոռ, մռայլ դէմքը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Փաստեր եւ անծանօթը: Գիտութիւնը ի՞նչ կ՚ըսէ ընկերային ցանցերու՝ «Ֆէյսպուք»ի, «Թուիթըր»ի եւ «Ինսթակրամ»ի ազդեցութեան մասին՝ քու մտային առողջութեանդ վրայ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Պի. Պի. Սի.»: Կը ներկայացնենք հատուածներ: