ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի սովորականէն քիչ մը աւելի կանուխ ապրեցաւ Բարեկենդանի ոգեւորութիւնը։ Անցեալ շաբաթավերջին, թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համար նախատեսուած էր Բարեկենդանի վաղ խրախճանք մը։ Այս խրախճանքին միացան նաեւ թաղէն ներս մանտոլինի դասընթացքներուն մասնակից տղաքը։ Ուրեմն, Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի վարիչ Գարին Քաթրանճըօղլու եւ դաշնակահար Նարինէ Մանուէլեան, ինչպէս նաեւ մանտոլինի դասընթացքներու հըս-կիչ Աւետիս Արզուման տօնական տրամադրութեամբ համախմբուեցան իրենց սաներուն հետ։ Բոլորը միասնաբար երգեցին ու պարեցին, ունեցան հաճելի ժամանց։ Խրախճանքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Խրախճանքի բոլոր մասնակիցները մէկտեղուեցան աշակերտներու ծնողներուն եւ դպրաց դասու վարչութեան կողմէ պատրաստուած տօնական սեղաններուն շուրջ։
Թրքահայ կեանք
- 03/12/2025
- 03/12/2025