Թրքահայ կեանք

ՏԵՍԼԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՄՔ

Ազգային կրթութեան նախարարը շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային շրջանակներուն հետ, որոնց դրական պատգամներ փոխանցեց ջերմ հիւրընկալութեան պայմաններու ներքեւ. նախ այցելութիւնՊատրիարքարան, յետոյ հաւաք Պէզճեան Մայր վարժարանի երդիքին տակ՝ յուշանուէրներու յանձնումով հանդերձ:
«Փոքրամասնական վարժարաններուն հետ անկեղծ ու արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը կը ծաւալենք։ Որպէս սիւննի թուրք մը՝ իմ զաւակներուս համար դպրոցէն ինչ որ կ՚ակնկալեմ, նոյնը կ՚ակնկալեմ նաեւ բոլո՛ր դպրոցներու բոլո՛ր աշակերտներուն համար»:
Թրքահայ կրթական հաստատութիւններէն ներս, 2026-2027 շրջանէն սկսեալ, հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկաներու պարագային «Թուրքիոյ դար»ու գծով գործադրութեան պիտի դրուի նոր ուսումնական ծրագիր մը:
Եուսուֆ Թեքին յստակ արտայայտուեցաւ խտրականութեան եւ վանումի դէմ՝ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ վճռականութեան ամբողջին մէջ անդրադառնալով մայրենիի նշանակութեան:

ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Երէկ, Գնալըի բարձունքին ոգեկոչուեցան Գարակէօզեան տան կազդուրման կայանի լուսահոգի հիմնադիրները, սատարողները, տնօրէնները, սպասաւորները եւ անդարձ բաժնուած սաները։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։

ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄԸ

Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յիշատակին կազմակերպուած մարզական խրախճանքը, որ վերջին օրերուն մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպուած հանդիսութիւնով մը։

«ԱՐՕՐՆ ՈՒ ՏԱՏՐԱԿԸ» ՆՈՐՈՎԻ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ աննախընթաց ձեռնարկ:
Մեներգչուհի Սիպիլի երաժշտութիւնը նոր հարթութեան վրայ՝ տեսահոլովակի մէջ մեծն Կոմիտասի հետ խորհրդանշական զուգերգով:

ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՄԱԹԻԼՏ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆԻ ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Յուղարկաւորները յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանին, որ մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր։ 

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Երէկ երեկոյան, Գնալը կղզիի մեջ սկսաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած մարզական խրախճանքը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ 

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գնալը կղզիի յունաց վանքի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսը։ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։

Էջեր