Արխիւ
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Գարակէօզեանի մանկապարտէզը կը բաղկանայ ընդհանուր առմամբ երեք խմբաւորումէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպահայերուն յայտնի, սիրուած եւ յարգուած անուն մըն է Ժիրայր Քէչէճեան:
Նախապատերազմեան Հալէպի մէջ զանազան առիթներով ձեռնարկներու կամ տօնակատարութիւններու ընթացքին ան իր պարախումբով, իր ներկայութեամբ եւ պարարուեստի հանդէպ իր նուիրումով յաջողած էր դառնալ հայ գաղութի սիրուած արուեստագէտներէն մէկը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Գագիկ Յարութիւնեան նպատակայարմար չի նկատեր իր աշխատանքը շարունակել՝ վերջին իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Ըստ Փաշինեանի, երկիրը իսկապէս հետամուտ է կրօնի, համոզմունքի, հաւատի եւ խղճի ազատութեան:
«Հայաստանի մէջ ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններու ինքնութեան պահպանումը երաշխաւորուած է»:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
1972 թուականի աշնան գացի Սէուտական Արաբիոյ Տահրան քաղաքը, աշխատելու Արամքօ ընկերութեան մէջ, որպէս անգլերէն լեզուի ուսուցիչ։
Դասաւանդութեանց չսկսած, պէտք էր մասնակցէինք երկու օրուայ տեւողութեամբ գումարուած կողմնորոշման (orientation) յատուկ նիստերու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կարելի չէ արդարացնել գէշ գործ մը՝ կատարուած բարի դիտաւորութեամբ», կ՚ըսէ Ս. Թովմաս Աքուինացի։
Զգացումները կամ կիրքերը կ՚արտայայտեն յուզումներ կամ զգայնութեան շարժումներ, որոնք կը միտին գործելու կամ չգործելու, նայած թէ մարդ բան մը իբր «բարի» կամ իբր «չար» կ՚ընկալէ կամ կը պատկերացնէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սփիւռքի արդի գրականութեան յայտնի անուններէն է Արա Ճուհարեան։ Ան ծնած է Հալէպ եւ անցնող տարիներուն աշխատանքի բերումով հաստատուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ (ուր գործած է, որպէս ճարտարապետ)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ո՞ւմ արձանն է, մա՛մ,- կը հարցնէ ձագուկ մը Մատենադարանի անցքերէն մէկուն մէջ բազմած պատմահօր պրոնզեայ արձանին ակնարկելով:
-Մովսէս Խորենացու արձանն է, բալէս, նա է առաջին անգամ գրել մեր պատմութիւնը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները այս տարի եւս ունեցան՝ բանաստեղծութեան, պարի եւ խմբերգներու հանդէս մը։ Վերջին տարիներուն դպրոցէն ներս աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որու այս տարուան փուլն ալ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Գալֆաեան Տան ի նպաստ երէկ տեղի ունեցաւ կանանց կէսօրուան ճաշկերոյթ մը, որ կազմակերպուած էր տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։ Վարժարանի ննջարանի համալիրի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան զանազան թաղերէ համակիրներ։
Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան 2006 թուականէն ի վեր կը վարէր վերատեսուչի պաշտօնը։ Հայաստանի մէջ շուրջ տարի մը առաջ յեղափոխութեան զուգահեռ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան շրջանէն ի վեր օրակարգի վրայ էր Արամ Սիմոնեանի հրաժարականի հարցը։
Սահմանադրական ատեանը նախընթաց օր օրակարգի վրայ ունեցաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի առկախեալ ընտրութեան հարցի վերաբերեալ թղթածրարը։ Բարձրագոյն դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ պատրիարքական ընտրութեան առկախումբը տեղի տուած է կրօնի ազատութեան ոտնահարման։
Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան եղած է խաչմերուկի վրայ, այս պատճառով սորված է աշխատիլ բոլորի հետ»:
Եւրոասիական 16-րդ մետիա ֆորում. «Ապահամաշխարհայնացում. աշխարհ զարգացման նոր մոտելներու որոնման մէջ»:
«Պիլկի» համալսարանի Թուրքիոյ մշակոյթներու աշխատանքային խումբի ուշագրաւ նախաձեռնութիւնը:
Վերջին երեք տասնամեակին մայրենիով կատարուած մշակութային արտադրութեան եւ իրաւունքի պայքարի մասին ցուցահանդէս մը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մինչ Հայաստանի մէջ քաղաքական կիրքերը օրէ օր կը բորբոքին, Արցախը բոլորովին ուրիշ տրամադրութեան մէջ է: Տօնական եռուզեռ մը կը տիրէ Արցախի մէջ: Յունիսի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ շատ մեծ մարզական ձեռնարկ մը, որ Արցախի մէջ մինչեւ այժմ կազմակերպուած ամենէն մեծ զանգուածային ձեռնարկը կը յաւակնի ըլլալ:

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Ատրուշան Հալաճեանը, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլուն եւ տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Ալպէռ Կիւլպէնկը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Ֆէրիգիւղի դպրաց դասը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։
«Դարերու հոլովոյթի փորձառութիւնը կը վկայէ, թէ հեշտընթաց չեն հանդուրժողութեան ճանապարհները»:
«Անհնար է Աստուած փառաբանել՝ առանց մարդու կեանքի, անոր աստուածաստեղծ պատկերի հանդէպ նուիրական զգացումի»:
Պիշքեքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը:
Մնացականեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Թուրքիոյ միակողմանի դիրքորոշման վրայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան մեր ընկերութիւնը բաժնուած է երկու հսկայ հակադիր խումբերու: Եթէ փորձենք այդ խումբերուն անուն մը տալ, հետեւեալը կ՚ունենանք. ազատամիտներ եւ պահպանողականներ (պահպանողականներուն մասին առանձին յօդուածով պիտի անդարադառնամ):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լաւագոյն» բառը իմաստառատ բառ մըն է, իմաստալից, որ իր մէջ կը բովանդակէ օգտակարը, յարմարագոյնը, բարին եւ շատ մը առաքինութիւններ, որոնց կը կարօտի մարդ՝ իր կատարելութեան ճամբուն վրայ։
Կայ նաեւ «զօրաւորագոյն»ը, եւ զօրաւորագոյնը միշտ «լաւագոյն»ը չէ, ընդհակառակը, յաճախ «յոռեգո՛յն»ը։