Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին մասին արծարծուած հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու՝ որոնք շքեղօրէն ճոխացուցած են մարդուս ճանաչումները եւ տեղեկութիւնը տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին եւ, վերջապէս մարդուն երեւումին մասին
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծանօթ բարեկամ մը տարի մը առաջ պաշտօնով եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնեայ. այս գրասենեակը եկաւ փոխարինել ժամանակին յայտնի «Սփիւռքի նախարարութիւն»ը, որ լուծարուեցաւ 2019 թուականին:
Երեւանի Օփերան կը պատրաստուի բանալ նոր եղանակը։ Օգոստոսի 29-ին պիտի սկսի նոր՝ 92-րդ թատերաշրջանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, առաջնախաղը ձօնուած պիտի ըլլայ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 155-ամեակին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հարկ է նշել, որ Իրանի խորհրդարանը վերջերս վաւերացուցած է՝ նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի գլխաւորած կառավարութեան կազմը, որու մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուած է Արաղչիին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա սպասուած զրոյց մըն էր՝ քանի Փութին քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ծաւալած քննարկումներէն տեղեակ պիտի պահէր Փաշինեանը։
Ֆութսալի Եւրոպայի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս, երէկ, Շիշլի մարզակումբը 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Մենչըսթըրի խումբին դիմաց։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Թուական մը, որ կը կարծես իրաւունք չունիս ուրիշ որեւէ բանի մասին գրելու կամ մտածելու… Պարոյր Սեւակի եղերական մահուան թուականը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրբ Երկրի եկեղեցիները ակնյայտօրէն կը թիրախաւորուին՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին մէջ:
Երուսաղէմի ընդհանուր դրութիւնը քաղաքական մահակ մըն է՝ մինչ քրիստոնեայ հոգեւոր կեդրոնները կը զրկուին հասոյթէ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց կ՚ուղեկցէր Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը երէկ Մենչըսթըրի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ «Tigers Roermond» խումբին հետ, որուն դիմաց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց։
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը, որ միշտ համաքրիստոնէական ուշադրութեան առարկայ է, այս շրջանին յաւելեալ հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ՝ վերանորոգման աշխատանքներու բերումով։ Արդարեւ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի լոյս գերեզմանին վրայ կառուցուցած հոյակերտ սրբավայրի յատակի նորոգութիւնը ընթացքի մէջ է տեւական ժամանակէ ի վեր։
Գնալը կղզիի ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ համախմբեց բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ փոքրամասնութեանց շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ «Բարեկամութեան ընթրիք» կոչուած էր այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ դրական մթնոլորտ եւ բարձր տրամադրութիւն։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
33 տարի առաջ այս օրերուն՝ 1991 թուականի օգոստոսի 20-ին կամ 21-ին, Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հաւաքեց լրագրողներս (այն ատեն «Ա1+»ի մէջ կ՚աշխատէի) եւ խնդրեց կշռադատուած լուսաբանել Արտակարգ դրութեան պետական կոմիտէի հետ կապուած իրադարձութիւններ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլ կրնայ փորձել Թուրքիոյ հետ իր բարդ հաշիւները մաքրել՝ հայութեան ձեռքը օգտագործելով:
Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի ճանաչման լոյսին տակ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կրնայ հին տետրակները բանալ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժողովուրդի ինքնակառավարումը՝ այսինքն ժողովրդավարութիւնը գրեթէ անկիրառելի քաղաքական վարչակարգ մըն է։ Ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեամբ քաղաքական վարչակազմ մը երբեք կատարելագործուած ձեւով չի կրնար բանիլ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու մարդուս հաւատքը եւ յոյսը, քան անոնց հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ։
Հաւատալու հարցին, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այժմ կը կարդամ մեր թուականէն 93 տարիներ առաջ՝ 1931-1932 թուականներուն Փարիզի մէջ լոյս տեսած գրական «Մենք» ամսագիրը, որուն մէջ կը տեսնենք Սարաֆեան, Շուշանեան, Շահնուր, Նարդունի եւ ուրիշ դէմքեր:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ինչպէս յիշեցի, հայոց լեզուի դասախօսներուս հետ բացի Ռաֆայէլ Իշխանեան մեծութենէն, նաեւ յարգանքս Յովհաննէս Բարսեղեանին, որ լեզուի պատմութիւն կը դասաւանդէր, հինգ տարի պատերազմի դաշտին վրայ գացինք-եկանք, յաղթեցինք ու նահանջեցինք։
Ամրան շրջանին Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած «Մենք երգ ենք» համերգաշարը երէկ երեկոյեան շարունակուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներէն վերջ, ծրագրի հերթական փուլը կեանքի կոչուեցաւ Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն առթեց տեղւոյն հայութեան:
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը մեկնած է Մենչըսթըր, Անգլիա։ Ֆութսալի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներուն կը մասնակցին շիշլիցիները։ ՈՒԷՖԱ-ի այս կարեւոր մրցաշարքին Շիշլի արդէն երկրորդ անգամ կը մասնակցի՝ անընդմէջ երկու տարի Թուրքիոյ ախոյեանի տիտղոսը նուաճած ըլլալով։