Արխիւ
Լոռիի մարզի Օձուն գիւղի Զ. դարու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը նախատեսուած է աւարտել Հոկտեմբերի 5-ին: Այս մասին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Օձունի հոգեւոր հովիւ Տ. Վրթանէս Քահանայ Պաղալեան նշեց, որ աշխատանքները պատշաճ կարգով եւ որակեալ կ՚իրականացուին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան պահեր՝ որ հաճելի են, մարդուս երջանկութեան զգացումներ կը պատճառեն, թէեւ ժամանակաւոր, բայց գոնէ ատեն մը մարդ կը գոհանայ, երջանիկ կը զգայ ինքզինք։ Այդ պահերը, ընդհանրապէս պատահական են, նախապէս պատրաստուած, աշխատանքի մը արդիւնք չեն, այլ կու գան մեղմ ու հաճելի զեփիւռի նման։
2016-2017 ֆութպոլի շրջանը աւարտին հասաւ Հայաստանի մէջ։ Այս տարի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց «Ալաշկերտ» խումբը։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի նախագահական պալատէն ներս տեղի ունեցած ժողովը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը։
Իսթանպուլ ժամանելէ առաջ տեղապահին հարցազրոյցը՝ «Հայ Ձայն» կայքէջին:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան լաւատես է՝ որովհետեւ 9 տարի վերջ մեր համայնքը պիտի ունենայ իր նոր պատրիարքը:
«Ես այձնապէս պատրաստ եմ՝ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի փորձառութենէն օգտուելու»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Փոքրիկ օրիորդիկը,
Նստել է սենեակը,
Լաց է լինում,
Լաց է լինում...»
Շատ հարազատ հնչիւններ են, «Սարայիկ»ը եղած է «օրիորդիկ», «կու լայ»ն՝ «լաց է լինում» , Հալէպը՝ Երեւան, բայց մեղեդին նոյնն է, նոյն սրտամօտ ու բարութիւն բուրող եղանակը, նոյն սփոփանքի ուսուցումը մանուկները զիրար կապող, ընկերասիրութիւն ու տկարին օժանդակելու սէր ու յարգանք հաղորդող:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներկայացնել Երերոյքի տաճարը:
Այս մասին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւոր մարզի մէջ՝ գոյնը ցոյց կու տայ զանազան բնութիւններ, վիճակներ։ Սուրբ Գիրքի մէջ զանազան գոյներ գործածուած են որպէս խորհրդանի՛շ, բացատրելու համար վիճակ մը, գաղափար մը կամ վերացական գոյութիւն մը։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Նորընտիր վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Այսօր Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925 թուականին՝ Ժընեւի մէջ երախաներու պաշտպանութեան համար հը-րաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, ինչ որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ կրթօճախէն ներս։ Յայտագրի սկիզբին մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Մուհթարեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։
Türkiye Ermeni toplumu, uzun ve çalkantılı bir süreç sonrasında, patriklik seçimi sorununda bir kırılma noktasına varmıştır. Cemaat olarak bugün Patrik Kaymakamı Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan'ı karşılamaktayız. Hepimiz açısından yorucu bir dönem sonrasında, artık patrik seçimine odaklanabileceğimiz umudu ve beklentisindeyiz.
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի քաղաքս ժամանումը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացը:
Պետրոս Շիրինօղլու կ՚ողջունէ Նորին Սրբազնութեան գալուստը եւ մեր ամբողջ համայնքին կոչ կ՚ուղղէ՝ համախմբուիլ անոր շուրջ եւ մէկ կողմ թողուլ իրարու դէմ կանխակալ կարծիքները:
Հայաստանի մէջ մօտ ապագային պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ ծխելը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ չափահաս տղամարդոց աւելի քան 55 առ հարիւրը ամենօրեայ ծխողներ են, իսկ կանանց 3 առ հարիւրը, սակայն շատ են նաեւ ոչ ամէն օր ծխողները:
Էսաեան վարժարանէ ներս ընթացքի մէջ է «Գիտութիւն՝ ամէն ինչի համար» քառօրեայ ծրագիրը, որու բացումը կատարուեցաւ երէկ։ Դպրոցի դասարաններն ու այլ զանազան բաժանմունքները յատկացուած են դպրոցի աշակերտներուն կողմէ մտայղացուած ու կեանքի կոչուած գիտական զանազան նախագիծերու ներկայացման։
«Փոքրիկ» հէքեաթներու մանկական կայքէջը երէկ երեկոյեան նշեց իր հաստատման երրորդ տարեդարձը։ 2014 թուականին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ու մանաւանդ անոր ատենապետին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի քաջալերումով հաստատուեցաւ «Փորքիկ»ը, որու երրորդ տարեդարձին առթիւ երէկ երեկոյեան մասնաւոր հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Ճիհանկիրի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ։
Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը պիտի ժամանէ քաղաքս։ Համապատասխան զեկոյցը այսօր լոյս տեսած է մամուլին մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շփումներ պիտի ունենան Երեւանի եւ Արցախի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան «Նոյնիսկ առանց հետաքննութեան դրութեան ակնյայտ է, թէ ո՛վ կը խախտէ հրադադարը»:
Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագրին ձօնուած հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ Երեւանի Մատենադարանի նիստերու դահլիճի երդիքին տակ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք կարեւոր քայլ կ՚առնենք դպրոցական միջազգային բարձր չափանիշներ հաստատելու ուղղութեամբ։ Այսօր կ՚ազդարարենք առաջին քայլը»:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ինչպէս միշտ, իր այցելութիւնով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ, սակայն այս անգամուան այցելութիւնը ունէր առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Զէքիեան Գերապայծառ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը պատուեց՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի յոբելենական շրջանին։