Արխիւ
Հայաստան-Իտալիա նորաստեղծ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, լաւ հարթակ մը ստեղծուած է երկկողմանի համագործակցութեան խորացման համար:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ուղիներ կ՚որոնեն վստահութեան ամրապնդման համար:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման լոյսին տակ քննարկումներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ համայնքէն ներս շատերուն յայտնի է Արամ Մալեանի անունը: Ան իր ազգային-հասարակական գործունէութեան սկսած է տարիներ առաջ եւ ներկայիս անդամ է մայրաքաղաք Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին: 2016-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Տեղական ինքնակառավարման մարմնի (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն Մալեան ներկայացնելով՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ), անդամ դարձած է քաղաքապետական խորհուրդին:
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:
Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Աննպաստ եղանակին հետեւանքով Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, այլապէս այդ մէկը նախատեսուած էր Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ բացօթեայ ձեւաչափով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆերահեան» հայկական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ։ Քառասուն հոգիէ բաղկացեալ այս աշակերտական խումբը հիւրընկալելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան հայկական վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Համբերութեամբ եւ խաղաղ ապրելու ձգտումը շատերու կողմէ ցանկալի երեւոյթ մըն է։ Մարդկային յարաբերական եւ ընկերային կեանքին մէջ իրարու նկատմամբ հանդուրժողութիւնը, փոխհասկացողութիւնն ու զիջողութիւնը իրենց իբրեւ արմատ ունին համբերութիւնը, զոր նկատուած է կորիզը ընկերութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լոյսը կեա՛նք է, լոյսը աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին քա՛յլն է, լոյսը ամէն ինչ է կեանքի համար, կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւմա՛ն համար։
Երբ խօսքը «լոյս»ի մասին է, այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել սիրելի բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի մէկ յօդուածը, որուն խորագիրը առինք որպէս վերնագիր։
2016-2017 կրթական շրջանի վերջին շաբաթը Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կազմակերպուած երգի եւ պարի երեկոյթը առանձնացաւ՝ թէ՛ իր ճոխ յայտագրով եւ թէ աշակերտներու կողմէ տարուած ստեղծագործական աշխատանքի փայլուն արդիւնքով։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Այսպէս, վարժարանի լիսէի բաժնի թատրոնի խմբակը ներկայացուց «Ահ շու կենչլէր» զաւեշտը, որու հեղինակն է Թուրկուտ Էօզաքման։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
2016-17 դպրոցական տարեշրջանը իր աւարտին հասած ըլլալով, շրջանաւարտից դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսները ամէնուրեք են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը բանաւորութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ մարդ ազա՛տ է, քանի որ ան բանաւոր էակ մըն է, օժտուած է՝ իր իսկ որոշումներով ընթացք տալու կեանքին եւ իր կեանքը վարելու կարողութեամբ, օժտուած է իր իսկ ճակատագիրը ծրագրելու զօրութեամբ։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդը «մա՛րդ» ընող, իր արժանապատուութիւնը պահպանող կարեւոր ազդակ մըն է ասիկա։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ միտքով եւ հոգիով՝ մտածումներով եւ զգացումներով անկա՛խ ըլլալ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ ԵՆԺ-ին:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած քառօրեայ 6-րդ նստաշրջանը եզրափակուեցաւ՝ կարեւոր աշխատանք ծաւալած ըլլալով Հայ եկեղեցւոյ առկայ վարչական խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին հերթական անգամ կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Ըստ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի, պէտք է յաղթահարուին այն փոքր, սակայն լուրջ մանրամասնութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ շրջանաւարտութեան հանդէսը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօզկիւլ եւ իր ընկերները եւ բազմաթիւ հիւրեր, ծնողներ, հաստատութեան համակիրներ։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Միսս ԱՊՀ» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 18-25 տարեկան 24 գեղեցկուհիներ մասնակցեցան այս մրցոյթին։
Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւններուն միջեւ յառաջացած տարակարծութիւններուն զուգահեռ՝ Գերմանիոյ կառավարութիւնը որոշեց իր զօրքերը դուրս բերել Թուրքիայէն։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին գերմանական զօրքերը պիտի հեռանան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ու պիտի տեղակայուին Յորդանանի մէջ։
«Քարնեկի» հիմնարկը զեկոյց մը պատրաստած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ:
ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը տակաւին պէտք է ձեւակերպէ իր քաղաքականութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի պարագային:
Թոմ Քաթինան այն բժիշկն է, որ Նիւ Եորք քաղաքի հանգիստ պայմանները թողլով կը մեկնէր Սուտան, մարդասիրական առաքելութիւն մը իրականացնելու համար: Ամերիկացի բժիշկը իր աշխատանքը կը ծաւալէր «Մայր գթութեան» անունը կրող հիւանդանոցին մէջ, որ կը պարփակէ անկողին եւ որ միակն է շրջանին մէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի քառօրեայ նստաշրջանը պիտի եզրափակուի վաղը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն: