ՕՐՀՆԵԱԼ ԵԿԵԱԼ ԱՆՈՒԱՄԲ ՏԵԱՌՆ

Աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը իր աւարտին կը հասնի Մեծ պահոց վերջին ուրբաթ երեկոյին կատարուած խաղաղականի Ժամերգութեամբ։ Այդ պահէն սկսեալ մենք մուտք կը գործենք տարւոյն ամենասուրբ շրջանի շեմէն ներս։ Այս նուիրական շրջանը կը բացուի չորեքօրեայ մեռեալ Ղազարոսի յարութեան հրաշալի դէպքին յիշատակութեամբ ու կը հասնի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսին։

Այս կիրակի Ծաղկազարդ է։ Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Երուսաղէմ քաղաք մուտքի տօնը։ Օրուան հոգեւոր երգերը, հոգ չէ թէ տաճարներուն մէջ առանձնութեան մէջ երգուին, լաւագոյնս կը փոխադրեն մեզ դէպի Սուրբ Աւետարանի կենսատու ակին մօտ, ուր կրնանք վայելել սքանչելի մուտքին խորհրդաւոր տեսարանը։

Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք թէ, Հին Կտակարանի մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը նկարագրուէր իր ահացուցիչ հանգամանքովը։ Քերովբէական աթոռի վրայ բազմած Աստուած, իր շուրջը ունէր սրբասաց վեցթեւեան սերովբէներ, որոնք տեւաբար «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր զօրութեանց, լի են երկինք եւ երկիր» կ՚երգէին (Եսայի, 6.1-3)։ Ահ ու սարսափ ազդող Աստուածային ներկայութիւնը այս անգամ Երուսաղէմի մէջ ժողովուրդի խանդավառութեան դուռ կը բանար։ Աստուծոյ արարչագործ Խօսքը՝ Բանն Աստուած, «յանձն առած էր մարդկային մարմին առնել ու որպէս մարդ յայտնուիլ աշխարհի մարդոց» (Փիլիպպեցիս, 2.6-9), օժտուած ըլլալով զանոնք մեղքի կապանքէն փրկելու առաքելութեամբ։ Եւ ահա Աստուածային փառքէն մերկանալով աշխարհ եկած Քրիստոսն է, որ այս անգամ փոխան քերովբէական աթոռի, աւանակի մը վրայ բազմած մուտք կը գործէր Սուրբ Քաղաք։ Երկինքի քերովբէական աթոռը, վերածուած էր խոնարհ կենդանիին ու երկնքի սրբասաց սերովբէներու դերը երկրի վրայ ստանձնած էին մանուկներ, երիտասարդներ ու ծերեր, որոնք ի ձեռին ունենալով արմաւենիի ճիւղեր, ձիթենիի ոստեր խանդավառութեամբ կը դնդացնէին երկինքն ու երկիրը։ Կանանչագեղ օրուան գեղեցկութիւնը կ՚ընդելուզուէր «Ովսաննա՜ Բարձրեալին. Օրհնեա՜լ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով. Օրհնեա՜լ ըլլայ մեր Հօր՝ Դաւիթի թագաւորութիւնը, որ կու գայ. Խաղաղութի՜ւն՝ երկնքի մէջ եւ փա՜ռք՝ բարձունքներու մէջ» (Մարկոս, 11.9-10) աղաղակներուն հետ։ Ուրախութիւն եւ հրճուանք կը բուրէր ամէնուրեք։ Քրիստոս, այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ, երբ կը դիտէ քաղաքին տեսարանը, անոր սքանչելի կառոյցները, մանաւանդ Աստուծոյ փառքին ընծայուած փառաւոր Տաճարը կը յիշէ իր եռամեայ քարոզչական առաքելութիւնը, գործած հրաշքները եւ հակառակ այդ բոլորին մարդոց որդեգրած յամառ կեցուածքը՝ իրենց ականջները խցելու ճշմարտութեան, չըմբռնելու՝ փրկութեան խօսքը, չապաշխարելու, չդառնալու եւ չուղղուելու։ Այս վերջին յիշողութիւնը դուռ կը բանայ արտասովոր յուզման կը սկսի արտասուել։ Յայտնի է, թէ այս թափուած արցունքները ոչ թէ ուրախութեան, հրճուանքի, այլ ընդհակառակը ցաւի եւ տրտմութեան արցունքներ էին, մանաւանդ երբ Քրիստոս կը մարգարէանար քաղաքի կործանումը ըսելով. «օրեր պիտի գան վրադ, երբ թշնամիներդ քու շուրջդ պատնէշ պիտի պատեն եւ պիտի պաշարեն քեզ, պիտի նեղեն քեզ ամէն կողմէ եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու քու մէջդ՝ քու որդիներդ. Եւ քար քարի վրայ բնաւ պիտի չձգեն քու մէջդ, քանի որ չգիտցար քու այցելութեանդ ժամանակը» (Ղուկաս, 19.43-44)։

Քրիստոս տրտմութեամբ համակուած սրտով ու արտասուածոր աչքերով մուտք կը գործէր Երուսաղէմ։ Մարդիկ իրենց զգեստները, ծառերէն յօտած ճիւղերը կը տարածէին ճամբուն վրայ։ Հակառակ տիրող խանդավառ մթնոլորտին, Քրիստոսի աչքին առջեւ կը պատկերանային այն ցաւառիթ տառապանքի ու չարչարանքի պահերը, զորս կը սպասէին Իրեն, եւ որոնց պիտի ենթարկուէր կամովին վասն փրկութեան ազգի մարդկան։

Երբ կը տօնենք Քրիստոսի Սուրբ Քաղաք գալստեան Տնօրինութիւնը, կը հրաւիրուինք ի մտի ունենալ, թէ Քրիստոս բնաւ չէ լքած զմեզ, եւ Իր արտասուաթոր աչքերով կը նայի մեր վրայ։ Քրիստոս ամէն վայրկեան կ՚ուղղուի դէպի մեր սրտերը։ Մենք ի՞նչ ունինք այդ ճանապարհին տարածելու։ Մենք կը թելադրուինք աշխարհիկ հոգերով մաշած հնամաշ զգեստները մեր վրայէն հանել, մեզ Քրիստոսի Կեանքի Խօսքերէն հեռու պահող ազդակները յօտել ու այդ բոլորը տարածել, որպէսզի տիեզերքի Փրկիչը զանոնք կոխկռտելով Իր օրհնաբեր ներկայութեամբ յայտնուի մեր մէջ ու նորոգէ ամէն ինչ, բան մը զոր կարող է ընել անկասկած։

Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին մանուկներ, երիտասարդներ ու ծերեր «Ովսաննա» կ՚երգէին։ Մենք ունի՞նք տրամադրութիւնը Աստուածորդին օրհնութեան երգերով դիմաւորելու եւ բանալու՝ մեր սրտերուն դռները։ Մենք ունի՞նք տրամադրութիւնը մեր մանուկներն ու երիտասարդները առաջնորդելու Քրիստոսը դիմաւորելու մեր աւանդական հոգեւոր երգերով, թէ ոչ կամայ եւ ակամայ չափազանց աշխարհականացած կեանքի օրինակով պատճառ կը դառնանք, որ անոնք զրկուած մնան այս օրհնութենէն։ Աստուած հեռու պահէ մեզ այն մեղքէն, որուն մասին Տէրը իր «վայ»երէն մին արտասանեց ըսելով. «Վայ ձեզի,…որ երկնքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. Դուք չէք մտներ եւ մտնողներուն ալ թոյլ չէք տար որ մտնեն» (Մատթէոս, 23.13)։

Երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան «Մանուկ Յիսուսը Թագաւոր» քերթուածի վերջին տողերուն մէջ հայրական խրատով կը ներկայանայ մանուկներուն.

…Որ­դեակ, մա­նուկ մնա­լով միշտ՝ 
Մի մեր­ժեր սէ­րը Փրկչիդ,
Հե­ռու կե­ցած դու մար­դե­րէ ամ­բա­րիշտ՝
Զին­քը պաշ­տէ անք­թիթ։
Կեան­քիդ բո­լոր տեն­չանք­նե­րէն լուրջ կամ թե­թեւ՝
Ընտ­րէ միայն այն զբօ­սանքն եր­կա­րա­տեւ՝
Որ զքեզ Մա­նուկ Յի­սու­սին քով
Կ՚ը­նէ ըն­կեր մը խա­ղա­կից
Հա­գուե­ցուր զինքն ար­քա­յա­կան իր զար­դե­րով,
Եւ ող­ջու­նէ Զինք Թա­գա­ւոր յա­ւի­տե­նից։

Երուսաղէմ մուտքի դալարազուարճ տեսարանին փոխարէն ունի՞նք մշտադալար հաւատք, որ նոյնիսկ եթէ «մանանեխի հատիկի չափ ըլլայ կրնայ լեռները տեղափոխել» (Մատթէոս, 17.19)։ Բոլորս կը հրաւիրուինք զօրաւոր հաւատքով փլցնելու մեզ շրջապատող ու Քրիստոսի մուտքին արգելք հանդիսացող աննիւթական պատուարները, ինչպէս փուլ եկած էին «Երիքովի պարիսպները» Աստուածային հրաշքով (Յեսուայ, 6.20)։

Պօղոս առաքեալ ուրախութիւնը կատարեալ կը նկատէ «Քրիստոսով մխիթարութեան, սիրոյ սփոփանքի, Հոգիի հաղորդութեան, գթութեան եւ ողորմութեան» գոյութեան պարագային ու կը թելադրէ ըսելով. «նոյն բանը խորհեցէք, նոյն սէրը ունեցէք ձեր մէջ, եղէք միաշունչ, միախորհուրդ։ Ոչ մէկ բան ըրէք հակառակութեան ոգիով, ոչ մէկ բան՝ սնապարծութեամբ, այլ խոնարհութեամբ մէկզմէկ աւելի լաւ համարեցէք քան ինքզինքնիդ։ Մի փնտռէք ձեր շահը միայն, այլ իւրաքանչիւր ոք թող փնտռէ իր ընկերոջ շահը։…» (Փիլիպպեցիս, 2.1-5)։

Աստուած բոլորիս պարգեւէ իմաստութիւն եւ կարողութիւն, որ կարենանք լաւագոյնս արժեւորել Աւագ շաբթուան տնօրինութեանց օրհնութիւնները եւ վճռակամութեամբ հետեւինք Աստուածորդիին քայլերուն եւ հոգեւոր ուրախութեամբ հասնինք տօնելու Սուրբ Յարութեան աւետիսը։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

10 ապրիլ 2019, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Ապրիլ 13, 2019