Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Կենդանի գիրքեր» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Մեր համայնքային հինգ լիսէներէն աշակերտական խումբեր մասնակցութիւն բերին այս ծրագրին, իրենց անգլերէնի ուսուցիչներու հսկողութեամբ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ իր յարգանքի տուրքը մատոյց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադրին՝ հոգելոյս Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի յիշատակին նկատմամբ։ Օր մը առաջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ ստեղծուած փակուղին կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքային օրակարգը։ Այս օրերուն համայնքային շրջանակները ուշի ուշով կը հետեւին վերջին իրադարձութիւններուն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ՝ 22 Մայիսին, Գանատայի մայրաքաղաքը՝ Օթթաուայի մէջ աւարտեցաւ Վարդակակաչներու նշանաւոր փառատօնը: Գանատայի մայրաքաղաքը բազմաթիւ հիւրեր ընդունեց, քաղաքին մէջ ու անոր շուրջը փառաբանուեցաւ գարնանային նրբագոյն ծաղիկը իր գունային բոլոր երանգներով:
Լոս Անճելըսի մէջ, նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին, Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի հեղինակած «Ահա կինը» գիրքին գինեձօնը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ լրագրող, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանը:
Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ սկսած է միջազգային ամենէն հեղինակաւոր՝ ՆԱՍԱ-ի Տիեզերական յաւելուածներու վեցերորդ մրցումը, որուն Հայաստանը մասնակցած է արդէն երկրորդ անգամ: Միացեալ Նահանգներու օդանաւորդութեան եւ տիեզերական հետազօտութիւններու ազգային վարչութիւնը՝ ՆԱՍԱ-ն, միջազգային մրցումի մասնակիցներուն առջեւ դրած է յաւակնոտ հարց. 24 ժամուան ընթացքին մշակել եւ ներկայացնել նորարարական լուծումներ եւ առաջարկներ՝ կիրարկելով տուեալներու վիրթուալացում, քոտաւորում, ձեւաւորում եւ այլ միջոցներ:
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) արդէն դարձած է 25 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած ժամանակաշրջանին ստեղծուած այս կազմակերպութեան հիմնադիր պետութիւններու շարքին է Հայաստան։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ վերստին պաշտօնապէս վերադարձաւ ԱՔ կուսակցութեան գլուխը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր ազդանշաններ տուաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն շուրջ:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ստեղծուած կլիմայի փոփոխութեան լոյսին տակ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այսօր կը տեսակցի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ:
ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը (ՊՀԵԵ միութիւն) սփիւռքահայ հնագոյն կազմակերպութիւններէն մին է:
Այսօր անիկա արդէն 90 տարեկան երիտասարդն է: Հակառակ անոր որ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն բերումով ենթակայ է բազում դժուարութիւններու, սակայն տակաւին պատնէշին վրայ կանգուն կը մնայ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկիրներ կառավարող, իշխանութեան վրայ գտնուող կիներուն մասին տարածուած ենթադրութիւն մը կայ, թէ ղեկավարող կիները իրենց պաշտօնակից այրերէն աւելի հակուած են դիւանագիտական մօտեցումներու, որուն արդիւնքը կ՚ըլլայ աւելի խաղաղ աշխարհ մը: Բայց որքանո՞վ ասիկա ճշմարտութիւն է: Կան մասնագէտներ, որոնք հակառակին ապացոյցները ունին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
6 Յունիս 1982 թուականին Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշում կ՚ընդունէր լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու սկսիլ Լիբանանի դէմ: Իսրայէլի նպատակը մէկն էր, մահացու հարուած տալ Եասէր Արաֆաթի ղեկավարած ՊԱԿ-ին (Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւն), որ սկսած էր դառնալ Իսրայէլի հիւսիսային սահմանները վտանգող զինուորական ուժ:
Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ «Բեթղեհէմեան ոսկէ աստղ» շքանշանը:
Նորին Սրբութիւնը Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաց լեզուի ակադեմիոյ նախագահը:
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ, դարուն արուեստագէտը՝ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձը Հայաստանի մէջ իր անուան հրապարակին վրայ նշելը արդէն գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Երէկ յետմիջօրէին դպրոցի նորակառոյց համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքոյթը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պայքա՛ր մըն է Քրիստոսի կեանքը եւ քրիստոնեային կեանքը՝ մարդկային անասնական եւ ստորին հակումներուն դէմ։ Անիկա պայքա՛ր մըն է այն ամէն չարիքներուն դէմ՝ որոնք կը նուաստացնեն մարդը եւ վա՛ր կ՚իջեցնեն իր արժանապատուութեան պատուանդանէն։
Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման դէմ աննախընթաց վերաբերմունք:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները առաջին անգամ մատնանշեցին բախումներու պատասխանատուն: Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Պաքու կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերը:
Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ գիտաժողով մը՝ Թուրքիա-Հայաստան կապերուն շուրջ:
«Քաղաքական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը չի կրնար խանգարել երկու հասարակութիւններու միջեւ շփումները»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ կարեւոր արդիւնք կամ արժէք կարելի է ձեռք բերել առանց աշխատանքի։ Ամէն ինչ որ մարդ ունի՝ աշխատութեան մը հետեւանքն է՝ արուեստ, դաստիարակութիւն, գիտութիւն, արհեստ եւ ամէն ինչ։