Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Շու­շիի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեդ­րո­նը վե­րա­նո­րո­գուած եւ վե­րա­կա­ռու­ցուած է ար­դի չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան: Այս մա­սին «Ար­ցախփ­րէս»ին յայտ­նած է Ար­ցա­խի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան գլխա­ւոր մաս­նա­գէտ Ա­զատ Համ­բար­ձու­մեան:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

«Տինամիթներով կարելի է քանդել, բայց կարելի է նաեւ ժայռեր փշրել եւ շինարարութիւն կատարել»:
Տագէսեան. «Հայագիտութիւնը համաշխարհայնացման ներկայ հրաշքային պայմաններուն ներքեւ կրնայ միայն ծաղկիլ»:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Տարօն Աճէմօղլու. «Հայաստան արդէն տէր է հարիւրամեակներու յառաջդիմական աւանդութեան»:
MIT-ի դասախօս աշխարհահռչակ տնտեսագէտին համոզմամբ, հայկական մշակոյթը բնաւ ներհակ չէ ժողովրդավարութեան:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անց­նող օ­րե­րուն սպա­սուած եւ տպա­ւո­րիչ ձեռ­նարկ մը եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­ւա­նեան կեան­քին մէջ։ Աշ­խար­հահռ­չակ ճազ դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան 7-8 Մա­յի­սին, «Ա­րամ Խա­չատ­րեա­ն» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ իր նոր՝ «An Ancient Observer» («Հնա­գոյն դի­տոր­դ») ալ­պո­մի հա­մեր­գա­յին շրջա­գա­յու­թեան ծի­րէն ներս հա­մերգ­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ իր ծննդա­վայր Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ կրկին հա­մախմ­բե­լով իր ա­րուես­տով տա­րուած հա­զա­րա­ւոր ե­րա­ժիշտ­ներ եւ մաք­րա­մա­քուր ե­րաժշ­տու­թեան իս­կա­կան տօն մը պար­գե­ւե­լով հան­դի­սա­տես­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կրնա՞յ կա­տա­րեալ ըլ­լալ։ Ան­շուշտ այս հար­ցու­մին վճռա­կան պա­տաս­խան մը կա­րե­նալ տա­լու հա­մար նախ պէտք է պա­տաս­խա­նել, պէտք է նա­խա­պէս բա­ցատ­րու­թիւն մը գտնել սա հար­ցու­մին, թէ՝ «կա­տա­րեալ ըլ­լալ» ի՞նչ կը նշա­նա­կէ։ Ի՞նչ է կա­տա­րե­լու­թիւն ը­սուա­ծը։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Կար­միր բա­նա­կին եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րուն մէջ պատ­կա­ռե­լի ե­ղած է հայ զի­նուոր­նե­րու, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րու եւ հե­րոս­նե­րու թի­ւը: Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­գի­տու­թեան թեկ­նա­ծու, սփիւռ­քա­գէտ, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող Քնա­րիկ Ա­ւա­գեան «Նիւզ էյ. էմ.» կայ­քին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է տուեալ­ներ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բա­նա­կին մէջ հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին:

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­հա­ւա­սիկ եր­կու սար­սա­փազ­դու բա­ռեր, ո­րոնք զե­տե­ղուած են բա­ռա­րան­նե­րու մէջ։ Բայց այս եր­կու բա­ռե­րը ե­թէ մնան միա՛յն բա­ռա­րան­նե­րու մէջ, այն­քան վտան­գա­ւոր եւ սար­սա­փե­ցու­ցիչ չեն ըլ­լար, ո՛ր­քան բոյն դրած ըլ­լան սրտե­րու մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

«Հայ դպրոցը. անցեալէն դէպի այսօր» խորագրեալ յոբելենական հանդիսութիւնը ցոլացուց մեր կրթական հաստատութիւններու բախտորոշ առաքելութիւնն ու դաստիարակչական կեանքի հարուստ աւանդութիւնները՝ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ շեշտելով տուեալներ, նաեւ խորհրդանշական զուգահեռներով խոշորացոյցի տակ բերելով առկայ կացութիւնը, ընդգծելով մերօրեայ եւ ապագայ սերունդներուն ինքնութեան գոյատեւման մարտահրաւէրները:
Աշակերտները յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրելէ վերջ ձեռնարկի աւարտին երգեցին «Ով մեծասքանչ»ը՝ կրելով պաստառներ, որոնց վրայ նշուած էին պոլսահայ այսօրուան վարժարաններուն անունները:

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին խմբավարը մեծարուեցաւ իր ծննդավայրէն ներս:
Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Յովհաննէս Չեքիճեանին շնորհուած շքանշանը յանձնուեցաւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ե­ղած է բա­ւա­կան նուազ։ Մայ­րա­քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րուն հա­զիւ 41 տո­կո­սը մաս­նակ­ցած է քուէար­կու­թեան՝ ա­ւա­գա­նիի, այ­սինքն, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ընտ­րու­թեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Ուք­րայ­նոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Քիե­ւի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2017» եր­գի մրցոյ­թը, ո­րու դափ­նե­կի­րը դար­ձաւ Փոր­թու­գա­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սալ­ւա­տոր Սոպ­րալ։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Քա­թար։ Տո­հա­յի մէջ ան այ­սօր կը հիւ­րըն­կա­լուի Քա­թա­րի է­միր Թա­միմ Պին Էր Հա­մատ Էլ Թա­նիի կող­մէ։ Շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանին կ՚ընկերանայ բարձ­րաստիճան պատուիրա­կու­թիւն մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Փեքինի ֆորումին մասնակցելէ վերջ Հանրապետութեան նախագահը ուղեւորուեցաւ Ուաշինկթըն:
Սպիտակ տան բանակցութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ:

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պաի Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ա­ւար­տեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի առ­կայ հար­ցե­րուն շուրջ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այ­սօր կը մեկ­նի Մոս­կուա, ուր վա­ղը պի­տի սկսի Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Հան­գու­ցեալ նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լե­րիի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին նկար­չու­թեան մրցոյ­թի մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ։ Ծա­նօթ է, որ Քրիս­տին Սա­լե­րիի հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ հիմ­նուած է հա­մա­նուն հիմ­նարկ մը, որ հե­տա­մուտ է վառ պա­հե­լու ան­մո­ռա­նա­լի ա­րուես­տա­գի­տու­հիին յի­շա­տա­կը։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փա­ռա­շուք հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ՝ իր հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Սա եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­սուած հա­մերգ մըն էր մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ եւ Վար­դա­նանց երգ­չա­խումբն ալ հեր­թա­կան ան­գամ ար­դա­րա­ցուց իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը՝ վե­րա­նո­րոգ ե­ռան­դով ու վա­ղե­մի կար­գա­պա­հու­թեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանի «Հեռանկար» հաղորդաշարէն:
«Եթէ պէտք ըլլայ՝ կը զիջինք, ինչու չէ։ Հնարաւոր է այս բանը, անհնար բան մը չկայ աշխարհի վրայ, կեանքի մէջ։ Միայն թէ այստեղ պայքար չկայ, այլ կայ ընթացք մը, որ պէտք է շարունակուի։ Իմ կարծիքով, որոշ չափով սխալ է հարցը ներկայացնել պայքարի ձեւով, որովհետեւ ուղղակիօրէն յարատեւութեան ի խնդիր պէտք է տեղի ունենայ ընտրութիւն»:

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) Մոս­կուա­յի մօ­տա­լուտ նստաշր­ջա­նին ըն­դա­ռաջ կը քննար­կէ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի առ­կայ հար­ցե­րը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ ըն­դու­նեց Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նը, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ մեկ­նած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ող­ջու­նեց՝ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս ե­ղա­նա­կին կազ­մա­կեր­պուած պա­լէի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կան հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։

Էջեր