Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Վահ­րամ Վար­դա­նեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր՝ Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին ըն­դա­ռաջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 130-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ նա­խա­տե­սուած է յա­տուկ ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագ­րուած է՝ «Հայ դպրո­ցը՝ ան­ցեա­լէն դէ­պի այ­սօր»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Ա­մե­րի­կեան զօր­քե­րուն կող­մէ ան­ցեալ Ապ­րի­լի 6-ին Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ռմբա­կո­ծուած էր Շայ­րաթ օ­դա­յին ռազ­մա­խա­րիս­խը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալուի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
Սոչիի բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին ամենայն մանրամասնութեամբ օրակարգի վրայ կու գան տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

«Էլ Ճեզիրէ» մասնաւոր նախագծի մը ձեռնամուխ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ:
Քաթարակեդրոն հեռուստակայանի Իսթանպուլի գրասենեակէն ներկայացուցիչներ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

​Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Էլ Ճե­զի­րէ» ա­րա­բա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նը փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը պատ­րաս­տու­թեան ձեռ­նար­կած է՝ Լեռ­նա­յին Ղա­ղա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ այս հե­ռուս­տա­կա­յա­նին կեդ­րո­նը կը գտնուի Քա­թա­րի մէջ եւ ամ­բողջ աշ­խար­հով մէկ սփռում­ներ կը կա­տա­րէ՝ ա­րա­բե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ան­ցեալ դա­րաշր­ջան­նե­րուն եւ ներ­կայ դա­րուս իսկ ե­րազ­նե­րու առ­կա­յու­թիւնն ու մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը միշտ ալ մար­դոց անժխ­տե­լի ու մնա­յուն նիւթն են դար­ձած։ Մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը, որ կրնայ «փո­խա­կեր­պել» հա­մակ կեանքդ եւ կա­խում­նա­ւո­րել քեզ այդ գձուձ ու հիմք չու­նե­ցող բա­ցատ­րու­թեամբ։ Ե­րազ մը, որ կրնայ քեզ յո­ռե­տե­սու­թեան կամ լճա­ցած վի­ճա­կի ա­ռաջ­նոր­դել, պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար՝ որ կեանքդ ա­ռըն­չած ես ե­րազ­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ միշտ կան հա­կա­պատ­կեր ե­րե­ւոյթ­ներ, հա­կադ­րու­թիւն­ներ եւ ի­րե­րա­մերժ ա­րարք­ներ։ Այն որ ու­շադ­րու­թեամբ կը դի­տէ կեան­քի ա­մէն մէկ ե­ղե­լու­թիւն, կը տես­նէ, թէ հոն կա՛ն ա­մե­նէն մե­ղա­պարտ, աղ­տոտ եւ ստո­րին ա­րարք­ներ եւ նաեւ՝ ա­մե­նէն մա­քուր, բա­րի եւ ազ­նիւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ նոյն ան­ձին կող­մէ՝ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու կամ շրջան­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծուած։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ միշտ կան հա­կա­պատ­կեր ե­րե­ւոյթ­ներ, հա­կադ­րու­թիւն­ներ եւ ի­րե­րա­մերժ ա­րարք­ներ։ Այն որ ու­շադ­րու­թեամբ կը դի­տէ կեան­քի ա­մէն մէկ ե­ղե­լու­թիւն, կը տես­նէ, թէ հոն կա՛ն ա­մե­նէն մե­ղա­պարտ, աղ­տոտ եւ ստո­րին ա­րարք­ներ եւ նաեւ՝ ա­մե­նէն մա­քուր, բա­րի եւ ազ­նիւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ նոյն ան­ձին կող­մէ՝ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու կամ շրջան­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծուած։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեանն ու հա­մա­նուն միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան Մա­տա­կա­րար մարմ­նի աշ­խոյժ ան­դամ­նե­րէն Սօ­նա Մոր­պո­յա­ճըն։ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հա­մախմ­բուի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան խա­ւի­ծի օ­րուան առ­թիւ։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

​Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հնդկաս­տան, ուր շփում­ներ ու­նե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հնդկաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրա­նապ Մու­խեր­ճի Նոր Տել­հիի մէջ ընթ­րիք մը սար­քեց ի պա­տիւ Էր­տո­ղա­նին, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ իր եր­կի­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ԵՄ-ի հովանաւորած Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման խրախուսման ծրագրի շրջանակէն ներս:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ այս առաւօտ կազմակերպուած նիստի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակուած պատգամին մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը նոր յոյսերու եւ լաւատես ակնկալութիւններու ծնունդ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ վերջին օրերուն ծիլ տուած է թարմ երկխօսութիւն մը՝ աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապի յաղթահարման համար: Երկու սրբազանները թէեւ ունին տարբեր մօտեցումներ, սակայն հակուած չեն հարցերը անձնականացնելու ու պատրաստակամ են լուծման համար համատեղ աշխատանքի:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքէս բաժնուած է զգացականութեամբ, Գերմանիոյ մէջ կը սպասէ լաւ լուրերու եւ իր Իսթանպուլ գալու թուականը առայժմ անստոյգ 

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ կլոր սե­ղա­նի ձե­ւա­չա­փով քննար­կում մը, որ խո­րագ­րուած էր՝ «Սփիւռ­քի զօ­րակ­ցու­թեամբ»։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան, նա­խա­րա­րու­թեան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բա­ժան­մունք­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, սփիւ­քա­հայ յայտ­նի բա­րե­րար­ներ, գոր­ծա­րար­ներ ու ներդ­րող­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս քննար­կու­մին։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ան­ցեալ Կի­րա­կի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Պերճ Սեդ­րա­կեան գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ ՀԲԸՄ-ի ար­դիւ­նա­շատ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Կո­մի­տաս կը հա­մա­րուի ժա­մա­նա­կա­կից հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը: Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն ա­նոր հա­ւա­քած ե­րաժշ­տա­կան բա­նա­հիւ­սու­թեան նմոյշ­նե­րը՝ հո­րո­վել­նե­րու ե­ղա­նակ­նե­րը, «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ», «Մո­կաց Միր­զա» վի­պա­կան ա­սերգ­նե­րը, ան­տու­նի­նե­րը, հո­գե­ւոր տա­ղե­րը, 4000 գեղջ­կա­կան եր­գե­րը…

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Աշ­խար­հա­կալ Եւ­րո­պան այ­սօր կը տառա­պի իր կե­ցու­թեան պայ­քա­րով: Եւ­րո­պան՝ Յու­նա­կան եւ Հռո­մէա­կան կայս­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցաւ եւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին էր որ ա­սիա­կան եւ ափ­րի­կեան աշ­խար­հի ա­ռաջ ճա­նա­չում ստա­ցաւ, ուր տա­կա­ւին մնա­ցեալ Եւ­րո­պան կ՚ապ­րէր խոր մթու­թեան մէջ: Խա­չա­կիր­նե­րու ար­շա­ւանք­նե­րով Եւ­րո­պան մտաւ զար­թօն­քի դա­րաշր­ջան, սա­կայն իս­կա­կան զար­թօն­քը հա­սաւ մի­ջին դա­րե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն, անգ­լիա­կան, ֆրան­սա­կան, գեր­մա­նա­կան եւ եւ­րո­պա­կան այլ պե­տու­թիւն­նե­րու յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րով:

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ա­մե­րի­կա­ցի մար­դա­սէր Անտ­րիւ Քար­նէ­կի ա­ռի­թով մը ը­սած է. « Ոչ ոք ինք­նի­րեն կրնայ հարս­տա­նալ, ա­ռանց ու­րիշ­նե­րը հարս­տաց­նե­լու: Հա­րուստ մա­հա­ցող ան­ձը ան­պա­տիւ կը մեռ­նի»:

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին միտ­քը եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը սահ­ման չու­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի է եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով իւ­րա­քան­չիւր անձ կրնայ տար­բեր մտա­ծում եւ կար­ծիք ու­նե­նալ ու­րի­շի մը նկատ­մամբ։ Սա­կայն մտքի, կար­ծի­քի եւ գա­ղա­փար­նե­րու զա­նա­զա­նու­թիւ­նը ո՛չ թէ ար­գելք, այլ եւ մա­նա­ւանդ ա­ռիթ­ներ են ճշմար­տու­թեան հաս­նե­լու, քա­նի որ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կու­թեան ար­դիւնք կը յայտ­նուի ճշմար­տու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Վեր­ջերս մամ­լոյ եւ տե­ղե­կա­տուա­կան այ­լա­զան աղ­բիւր­նե­րէ կ՚ի­մա­նանք այն ին­չին տե­ղեակ չէինք ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն: Օ­րի­նակ՝ եր­կու ա­նօ­րէն կե­ցու­թեամբ ամ­բաս­տա­նուած ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ մին տասնեօթ տա­րե­կան, միւ­սը՝ տասնութ, հա­րա­ւ-ա­մե­րի­կեան եր­կիր­նե­րու բնա­կիչ­ներ, ո­րոնք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը գտնուին ու­սա­նո­ղա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, կը բռնա­բա­րեն 14-ա­մեայ աղ­ջիկ մը Մե­րի­լենտ նա­հան­գի վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

Էջեր