Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017

Վե­նե­տի­կի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տուին քա­ղա­քին մէջ տե­ղադ­րել  յա­տուկ սար­քա­ւո­րում­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցով պի­տի ո­րո­շեն ի­րենց այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ո­րոշ թի­ւը:

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­մե­նա­սի­րուած նա­խա­գահ­նե­րէն՝ Ճոն Քե­նե­տիի անձ­նա­կան օ­րա­գի­րը Պոս­տո­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­ճուր­դի ժա­մա­նակ վա­ճա­ռուած է 718.750 տո­լա­րով:

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Վեր­ջերս մամ­լոյ եւ տե­ղե­կա­տուա­կան այ­լա­զան աղ­բիւր­նե­րէ կ՚ի­մա­նանք այն ին­չին տե­ղեակ չէինք ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն: Օ­րի­նակ՝ եր­կու ա­նօ­րէն կե­ցու­թեամբ ամ­բաս­տա­նուած ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ մին տասնեօթ տա­րե­կան, միւ­սը՝ տասնութ, հա­րա­ւ-ա­մե­րի­կեան եր­կիր­նե­րու բնա­կիչ­ներ, ո­րոնք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը գտնուին ու­սա­նո­ղա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, կը բռնա­բա­րեն 14-ա­մեայ աղ­ջիկ մը Մե­րի­լենտ նա­հան­գի վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պեց կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը։ Հա­մա­նուն սրա­հին մէջ ա­մառ­նա­մու­տի այս հա­ւա­քոյ­թը նա­խա­տե­սուած էր ի նպաստ դպրո­ցին։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

Եւրոմիութիւնը եւ Հայաստան յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեւաւորեն օդագնացութեան ընդհանուր գօտի մը:
Ապագայ համաձայնութեան շնորհիւ երկիրը պիտի ունենայ արտաքին աշխարհին հետ կապուելու աւելի լայն հնարաւորութիւն, կը նախատեսուին նաեւ զեղչեր՝ տոմսերու սակագիներուն մէջ: «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան արդիւնքները:

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն նախաձեռնութեամբ համահայկական ծրագիր:
Նախարար Արմէն Ամիրեան. «Արուեստը լաւագոյն հարթակն է, որ կրնայ ապահովել մեր միասնականութիւնը»:

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման ուղղեալ բանակցութիւնները շարունակուեցան Մոսկուայի մէջ:
Սէրկէյ Լաւրով, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով որոշեցին շփումները շարունակել քննարկուած հարցերուն շուրջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ար­մա­տա­ցած սո­վո­րու­թիւն­ներ կան մեր կեան­քի խաչ­մե­րուկ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք վա­րա­կիչ ախ­տի նման բոյն դրած են մեր ներ­սի­դին։ Ախ­տեր, ո­րոնք փո­խան­ցուած են յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն դա­րե­րու ըն­թաց­քին, բայց ձա­խա­ւեր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են ներ­կայ ե­րի­տա­սար­դին մօտ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Լի­բա­նա­նի Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն, վեր­ջերս պատ­կե­րասփ­ռուած խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով՝ երկ­րի խորհրդա­րա­նէն պա­հան­ջեց մէկ ամ­սուան հա­մար սա­ռեց­նել իր աշ­խա­տանք­նե­րը: Նախ­քան նա­խա­գա­հին կա­տա­րած «մի­ջամ­տու­թիւ­ն­»ը, երկ­րին մէջ կը տի­րէր բա­ւա­կան լա­րուած մթնո­լորտ:

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

«Մա­րալ» եր­գի-պա­րի միու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հեր­թա­կան ան­գամ ներ­կա­յա­ցուց «Ա­րա եւ Շա­մի­րամ»ը։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ռըն­թեր «Քենթ» մշա­կոյ­թի միու­թեան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Հայ մշա­կոյ­թի եւ զօ­րակ­ցու­թեան միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զա­տի­կէն յե­տոյ եր­րորդ Կի­րա­կին ծա­նօթ է «Աշ­խար­հա­մատ­րան Կի­րա­կի» ա­նու­նով։ Այս Կի­րա­կին նաեւ Յի­նանց եր­րորդ Կի­րա­կին է եւ սո­վո­րա­բար կը կո­չուի նաեւ՝ «Կա­նանչ Կի­րա­կի»։ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թիւն մըն է այս Կի­րա­կին՝ որ կը մտա­բե­րէ կեան­քի խոր­հուր­դը, վե­րա­կեն­դա­նու­թիւ­նը եւ վե­րած­նուն­դը ամ­բողջ բնու­թեան եւ ան­շուշտ՝ մա՛ր­դուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը՝ հայր, մայր եւ զա­ւակ­ներ, գրե­թէ գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ դադ­րած է Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին։ Հի­մա միա­սե­ռա­կան (gay) եր­կու այ­րեր կամ միա­սե­ռա­կան (lesbian) եր­կու կի­ներ՝ կրնան զա­ւակ որ­դեգ­րել եւ ըն­տա­նիք կազ­մել…

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գնա­լը կղզին՝ այն ե­րա­զա­յի՜ն վայ­րը, այն քաղցր յի­շա­տակ­նե­րու անս­պառ ա­կը, խա­ղա­ղու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան խորհր­դա­նի­շը, շա­տե­րու հա­մար կեան­քի ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ շրջան­նե­րուն վկան, հան­դար­տու­թիւն, ան­դոր­րո­թիւն եւ ան­շուշտ հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն եւ վստա­հու­թիւն ներշն­չող, ա­պա­հով ա­պաս­տա­րա­նը խռո­ված, յու­զուած, այ­լայ­լած հո­գի­նե­րու…։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի վե­ցե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ 100-ա­մեայ լի­սէ­նե­րու մի­ջեւ լու­սան­կար­չա­կան մրցոյ­թը, որ ձօ­նուած է աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Ա­րա Կիւ­լէ­րի անուան։ 26 լի­սէ­նե­րէ 117 ա­շա­կերտ՝ 308 նկա­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ այս մրցոյ­թին, ո­րու այս տա­րուան նիւթն էր Իս­թան­պուլ քա­ղա­քը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

Լիզպոնն «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը եւ Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը ու­րախ են յայ­տա­րա­րե­լու «Լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան մշա­կում» ծրա­գի­րին մեկ­նար­կին մա­սին: Սոյն ծրա­գի­րին նպա­տակն է, ման­կա­վար­ժու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից գի­տու­թեան հետ հա­մըն­թաց, մաս­նա­գի­տա­կան վե­րամ­շակ­ման ա­ռիթ ստեղ­ծել լի­բա­նա­նա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ կրթա­կան մար­զի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հա­մար:

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կայ ամ­սուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­սու­ննան նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ Իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող եւ վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րէն դար­ձեալ մե­ծա­մաս­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լով դուրս ե­կած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՀՀԿ) կը պատ­րաս­տուի դար­ձեալ հա­մա­խո­հու­թիւն մը կազ­մել Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) հետ։ Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն այս խնդի­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ երկ­րին օ­րա­կար­գը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

Սրապիոնեան բացատրութիւն տուաւ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերուն շուրջ:
«Յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի սփիւռքահայ գործարարներու ներդրումներուն նկատմամբ»:

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նեց Լի­բա­նա­նի Ծրագ­րա­ւոր­ման պե­տա­կան նա­խա­րար Մի­շէլ Փա­րա­ւո­նը, որ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց իր այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Հա­յաս­տան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր Մալ­թա­յի մէջ կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհրդա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) նա­խըն­թաց օր ո­րո­շած էր վերս­տին քա­ղա­քա­կան հա­կակ­շիռ սահ­մա­նել Թուր­քիոյ պա­րա­գա­յին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տուի վե­րա­դառ­նալ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան գլու­խը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէով կա­տա­րուած սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թեամբ՝ հնա­րա­ւոր դար­ձած է, որ­պէս­զի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ըլ­լայ կու­սակ­ցա­կան մը։ Այս հի­ման վրայ Էր­տո­ղան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին վերս­տին պի­տի գլխա­ւո­րէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու հիմ­նա­դիր կու­սակ­ցա­պետն է։

Էջեր