Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ճա­զի յատ­կան­շա­կան հա­մերգ մը։ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը՝ «Նիւ Եորք-Ե­րե­ւան ճա­զի ճա­նա­չում» խո­րագ­րին ներ­քեւ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի մեծ աստ­ղը՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան հռչա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի տա­րուոյն լա­ւա­գոյն ֆութ­պո­լէօ­րը։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին ան ստա­ցաւ իր «Ոս­կէ գնդակ»ը։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017

Տարածքաշրջանէն ներս աննախընթաց ֆորում մը Երեւանի մէջ. «Ճգնաժամէն դէպի զարգացում»:
Միջազգային մասնագէտներ մատնանշեցին Հայաստանէ ներս քաղաքացիական հասարակութեան արձանագրած վերելքը:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017

Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան եւ Ար­ման Սրկ. Մա­րաշ­լեան։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017

Գա­րա­կէօ­զեան Տան եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հա­ւա­քոյթ մը։ Այս­պէս, հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին խնա­մա­կա­լու­թեան եւ ա­նոր ա­տե­նա­պե­տին՝ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ծնունդ ա­ռած ծրագ­րի մը ա­ռա­ջին պտուղ­նե­րը ներ­կա­յա­ցուե­ցան դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017

Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը համայնքի թիւ մէկ խնդիրը:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի վերադառնայ Իսթանպուլ:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Զիկ­մար Կապ­րիէլ յայտ­նեց, որ Եւ­րո­պա պէտք է ա­ւե­լի ան­կախ ըլ­լայ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն։ Rheinische Post թեր­թին հա­մար գրի ա­ռած յօ­դուա­ծին մէջ գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րը նշեց հե­տե­ւեա­լը. «Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը Անդ­րատ­լան­տեան հան­րակ­ցու­թեան հիմքն է, բայց Եւ­րո­միու­թիւ­նը պէտք է ի վի­ճա­կի ըլ­լայ ինք­նու­րոյն կար­գա­ւո­րե­լու այն ճգնա­ժա­մերն ու հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ի յայտ կու գան իր հա­րե­ւա­նու­թեամբ»։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Լոն­տո­նի ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Ե­րէկ, այս դէպ­քին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նեց Ի­ՇԻՊ-ը («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Մինչ այդ, Անգ­լիոյ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­ներն ալ պար­զե­ցին այս դէպ­քին տե­ղի տուած ա­հա­բե­կի­չին ինք­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Իս­րա­յէ­լի նո­րան­շա­նակ դես­պան Է­լիա­հու Ե­րու­շայ­միի հետ, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին նստա­վայ­րը կը գտնուի Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

«ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ԵՓԿ-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ցաւ կը պատճառէ Թուրքիոյ»:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ընդգծեց Անգարայի վերապահութիւնները՝ տարածքաշրջանի իրադարութիւններուն շուրջ:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Շար­ժան­կա­րի հա­մա­կիր­նե­րու միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս «Շախ­մատ» Ճատ­րա­կի փոք­րե­րու լի­կի Պէ­յօղ­լուի խմբա­ւոր­ման մրցում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան՝ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Շիշ­լիի խում­բը մրցա­շար­քի այս փու­լի ար­դիւն­քին հան­դի­սա­ցաւ ա­խո­յեան։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի ի յի­շա­տակ կազ­մա­կեր­պուած նար­տի մրցա­շար­քին ա­ւար­տա­կա­նը։ Այս տա­րի 23-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քը ըն­թաց­քի մէջ էր շուրջ մէ­կու­կէս ա­մի­սէ ի վեր։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Թուր­քիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ներ­կա­յիս ձեռ­նար­կած է բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քի մը՝ «Հայ կի­նը եւ ըն­տա­նե­կան կեան­քը» խո­րագ­րին ներ­քեւ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից ա­կում­բին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քի ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կը։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ խօ­սե­ցաւ պատ­մու­թեան ամ­բող­ջին մէջ հայ կա­նանց եւ ա­նոնց հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ծագած տագնապը կ՚ուղղորդուի ծով հարցականներով, որոնք կը խորացնեն անորոշութիւնը եւ խոր մտահոգութիւնը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի համոզմամբ, պէտք է խուսափիլ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տեղական վէճերու ներքաշելէ: Ժամադրութեան համար միշտ սպասում:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Եր­բեմն միայն՝ հոն եմ, ուր որ եմ… հո­սանք­ներ զա­նա­զան, ե­րէ­կը, ներ­կան ու գա­լիքն ալ միան­գա­մայն, կը միա­խառ­նուին:
Եր­բեմն… 

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, 16 Յու­լիս 1913 թուա­կա­նի՝ «Քա­հա­նա­յից լսա­րան»ի իր դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին, «Հայ Ե­կե­ղե­ցին ինք իր մէջ. Բա­րե­կար­գու­թիւ­նը ի՞նչ ուղ­ղու­թեամբ պէտք է ըլ­լայ» նիւ­թով, ի մէջ այ­լոց կ՚ը­սէ, թէ՝ ծէ­սե­րու եր­կա­րու­թեան եւ կա­նոն­նե­րու խստու­թեան առ­թիւ, պէտք է ըն­դու­նիլ որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին քա­ղա­քա­կան պատ­ճա­ռով հար­կադ­րուեր է եր­բեմն տե­ղի տալ շատ մը պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րու։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րի անձ­նա­կան հե­ռա­խօ­սը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ կա­յա­ցած ա­ճուր­դով մը վա­ճա­ռուած է 243 հա­զար տո­լա­րով: Յեն­լով Alexander Historical Auctions ա­ճուր­դա­յին տան յայ­տա­րա­րու­թեան՝ կը տե­ղե­կանց­նէ «Ար­մէն­փրէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Ա­խալց­խա­յի, Վրաստան, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ օրհ­նու­թեամբ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ․ Վազ­գէն Եպսկ․ Միր­զա­խա­նեա­նի՝ քա­ղա­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցած է «Հայ­կա­կան գա­թա» փա­ռա­տօ­նը, որ կը տօ­նուի քառասնօրեայ Մեծ պահ­քի Մի­ջին­քին:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խթանման համար հերթական նախաձեռնութիւն:
Սփիւռքի, մշակոյթի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները պիտի աշխատին համակարգուած:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի Մոս­կուա պի­տի այ­ցե­լէ՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մար­տի 28-ին ծրագ­րուած է քննար­կել Ռու­սաս­տան-Ի­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րուն ամ­բողջ հա­մա­լի­րը՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Էջեր