Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ժա­մա­նա­կա­կից աստ­ղե­րէն Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան վեր­ջին օ­րե­րուն զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ իր եւս մէկ ու­շագ­րաւ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նով։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը երէկ վերյիշեցին Մարտի 1-ի դէպքերուն զոհուած տասը քաղաքացիները:
Ազատութեան հրապարակէն դէպի Միասնիկեանի հրապարակը տեղի ունեցաւ հաւաք-երթ մը՝ բացայայտման պահանջով:

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ վեր­ջերս դէ­պի Վրաս­տան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հա­ւա­նա­կան նկա­տեց, որ Հա­յաս­տան եւ Վրաս­տան պի­տի կա­րե­նան այ­լընտ­րան­քա­յին ճա­նա­պարհ մը գտնել՝ Վե­րին Լար­սի սահ­մա­նա­յին ան­ցա­կէ­տին հա­մար։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային հերթական անգամ քննադատեց Հայաստանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ՝ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Փաքիստանի մէջ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի թեւակոխած նոր փուլը եւ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ձեւաւորուած ենթադրութիւնները՝ հրատապ օրակարգ:
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս-խորհրդակցութիւն մը՝ հաստատութեան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներուն մասնակցութեամբ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հան­դէս ե­կաւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ուղ­ղեալ կո­չով մը։ Այդ կո­չը տա­րա­ծուե­ցաւ նաեւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք զայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­լով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց իր երկօրեայ աշխատանքային այցը դէպի Պրիւքսել:
Սերժ Սարգսեան ԵՄ-ի ղեկավարութեան նկատառման յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առկայ վիճակը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Սու­րիա­յէ ներս՝ Ճե­րապ­լու­սի, Ռա­յիի, Տա­պը­քի եւ Էլ Պա­պի մէջ շատ յա­ջող գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ յա­ռաջ տա­րած են ու ներ­կայ փու­լի թի­րախն է Մեն­պիչ քա­ղա­քը։ Էր­տո­ղան շեշ­տեց նաեւ, որ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ պէտք է ետ քա­շուին դէ­պի Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Կեան­քը ինք­նին գո­յա­մարտ է… սա­կայն երբ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը կը հաս­տա­տուի կ՚ամ­րա­նայ իր հո­ղին վրայ, ու եր­կար ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին յա­րա­բե­րա­կան խա­ղա­ղու­թեան տի­րա­նայ, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կար­ծես կը մոռ­ցուին ար­տա­քին պայ­քար­նե­րը ու կ՚ըն­թա­նայ սո­վո­րա­կան դար­ձած օ­րի­նա­չա­փու­թեան մը վրայ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Ար­դէն սկսաւ Մեծ պահ­քը: Այդ շրջա­նը կը տե­ւէ 48 օր՝ Բուն բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Ս. Յա­րու­թեան (Ս. Զատ­կի) տօ­նի նա­խօ­րէն: Պահ­քի շրջա­նին կ՚օգ­տա­գոր­ծեն բա­ցա­ռա­պէս բու­սա­կան ծա­գում ու­նե­ցող սննդամ­թերք:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին կեն­սու­նա­կու­թեան եւ ազ­գա­յին տա­ղան­դին ա­մենէն խօ­սուն վկան է հայ թատ­րո­նը, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր հսկա­նե­րէն Մար­տի­րոս Մնա­կեա­նի (1837-1920) մա­հուան 97-րդ տա­րե­լի­ցը կ՚ո­գե­կո­չենք Փետ­րուար 22-ին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՛չ մէկ տա­րա­կոյս, ո՛չ մէկ կաս­կած՝ Աստուած Ի՛նքն է զօ­րու­թեան ա­կը՝ Ան ա­մե­նա­կա­րող է, քա­նի որ Ան ա­մե­նա­զօր է եւ ա­մէն զօ­րու­թիւն Իր­մէ կը բխի։ Բայց այդ զօ­րու­թեան ներ­գոր­ծու­թեան ար­դիւն­քը պէտք է ապ­րուած կեն­դա­նի կեան­քով ցոյց տրուի մարդ էա­կին, ո­րո­հե­տեւ ան տես­նե­լով եւ շօ­շա­փե­լով է որ կրնայ ըմբռ­նել կարգ մը վե­րա­ցա­կան  ար­ժէք­ներ՝ ո­րոնք «խոր­հուրդ» են եւ կը ծած­կուին մարդ­կա­յին տե­սո­ղու­թե­նէն եւ զգա­յու­թե­նէն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նէն ներս ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը։ Դպրո­ցի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ ու­սուց­չաց կազմն ալ բաժ­նե­ցին ծրագ­րի մաս­նա­կից՝ ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի սա­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«Իւ­րա­քան­չիւր օր պէտք է հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան օր ըլ­լայ»:
Շատ ան­գամ մար­դիկ ու բա­րե­կամ­ներ հարց տուած են ին­ծի աշ­խա­տան­քա­յին աս­պա­րէ­զիս՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րու­թեան եւ Ծո­ցի տա­րած­քաշր­ջա­նի մէջ գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թեան մա­սին, ո­րով­հե­տեւ, եւ հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով, դժուար կ՚ըլ­լայ պատ­կե­րաց­նել, որ իս­լա­մա­կան այս եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք ծա­նօթ են նաեւ որ­պէս նոյն այս կրօ­նին հիմ­քը նկա­տուող ոս­տան­ներ, որ­պէս պե­տու­թիւն եւ պե­տա­կա­նու­թիւն, ի­րենց մէջ կրնան ընդգր­կել քրիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թիւն:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը ընտրութիւններուն ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Կուսակցութեան նախընտրական կեդրոնական գրասենեակի պետը՝ նախկին նախարար Աղուան Վարդանեան կը մեկնաբանէ քաղաքական համայնապատկերը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այն պա­հուն երբ մարդ կը տես­նէ եւ կը հասկ­նայ բա­րիին ար­դա­րու­թեան եւ ի­մաս­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, բա­րո­յա­կան կա­տա­րե­լու­թեան հաս­նե­լու հա­մար ար­դէն ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տած կ՚ըլ­լայ։ Այդ լու­սա­ւոր եւ եր­ջա­նիկ պա՛հն է՝ որ մար­դուս մտքին կը տի­րա­պե­տէ «բա­րո­յա­կան կա­տա­րե­լու­թեան» գա­ղա­փա­րը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Ա­մե­րի­կեան Thrillist կայ­քէ­ջը Հա­յաս­տա­նը նե­րա­ռած է այն ինն եր­կիր­նե­րու շար­քին, ուր հնա­րա­ւոր է ապ­րիլ ամ­սա­կան 1000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Մար­տի 5-ին Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի «Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէի ա­ռաջ­նա­խա­ղը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարչին վերջին ալպոմը ծանօթացուեցաւ Մատենադարանի երդիքին տակ:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին ընթացքին հնչեցին բարձր գնահատանքի ելոյթներ՝ գործի որակի արժեւորմամբ

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Հայ բժիշկ­նե­րու 12-րդ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը 31 Մա­յիս-2 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ։ Ար­ժան­թի­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ նա­խա­տե­սուած այս հա­ւա­քին հա­մար ար­դէն սկսած են նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Էջեր