Արխիւ

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

Ռիոյի ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի մարզիկները երէկ երեկոյեան վերադարձան Երեւան:
Ժողովուրդը մեծ համակրանքով շրջապատեց մետայլակիրները, որոնք արժանացան համատարած գնահատանքի:

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

​Վոսփորի հիւսիսէն Եւրոպան եւ Ասիան միացան նոր կամուրջով մը՝ Եավուզ Սուլթան Սելիմի անունով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ներկայ եղաւ երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր ըն­դու­նեց Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­միրն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ թա­ղի ե­րէ­ցը՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ամ­րան դա­սըն­թացք­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը եզ­րա­փա­կուե­ցան։ Ծա­նօթ է, որ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Շիշ­լի Գնա­լը կղզիի մէջ ամ­րան շրջա­նին կը կազ­մա­կեր­պէ վո­լէյ­պո­լի, պաս­քեթ­պո­լի եւ ճատ­րա­կի դա­սըն­թացք­ներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՜նչ գե­ղե­ցիկ է սա բնու­թիւ­նը՝ հա­ւա­տա­րիմ եւ ան­կե՛ղծ։
Պահ մը խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք դաշտ մը կամ բլուր մը՝ ուր կը շրջա­գա­յիք մտա­ծում­նե­րու մտե­րիմ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, կը նշմա­րէք ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք կը լու­սա­բա­նեն, կը պար­զա­բա­նեն հա­զար ու մէկ նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու դէմ մայր բնու­թեան, ան­կեղծ բնու­թեան ցոյց տուած վար­մուն­քը՝ որ կը նմնաի մարդ­կա­յին վար­մուն­քին։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

Գաղտ­նիք մը չէ, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը դրա­մա­տի­րա­կան եր­կիր մըն է, ուր կ՚իշ­խէ տան­տէրն ու գոր­ծա­տէ­րը։ Միտքս պի­տի պար­զեմ ի­րա­կան կեան­քէ առ­նուած օ­րի­նակ­նե­րով։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Դա­սըն­կեր­ներ էին: Դպրո­ցա­կան օ­րե­րէն ի­րա­րու կը հա­մակ­րէին:
Տա­րի­նե­րը ան­ցան, դար­ձան մտե­րիմ­ներ, ա­պա՝ սի­րա­հար­ներ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Երբ մարդ բնու­թեան մտեր­մու­թեա­նը մէջ է, կար­ծես շատ ա­ւե­լի տար­բեր կը խոր­հի, տար­բեր կը դի­տէ իր շուր­ջը, բնու­թիւ­նը, կեան­քը՝ աշ­խար­հը ամ­բողջ։ Եւ բնու­թեան մէջ, մարդ կ՚անդ­րա­դառ­նա,յ թէ եր­բեմն ո՜ր­քան ա­նի­մաստ ու անն­պա­տակ մտա­ծում­նե­րով ժա­մա­նակ կ՚ան­ցը­նէ…։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

Ե­րե­ւա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, բա­ցու­մը կա­տա­րուած է Չե­խիա­յէն հայ­րե­նա­դար­ձած գե­ղան­կա­րիչ, ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան վար­պետ եւ ձե­ւա­ւո­րող Մա­րիամ Ղա­րի­բեա­նի ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը կը հա­ղոր­դէ.-
Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Կիպ­րո­սի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Նա­րեկ Արք. Ա­լեէ­մէ­զեան հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

Ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րը ե­րէկ զար­ման­քով հե­տե­ւած էին այն լու­րե­րուն, ըստ ո­րոնց Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան նոր նա­մակ մը ու­ղար­կած էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

Մի­ջազ­գա­յին լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­ներ յայտ­նե­ցին, որ ներ­կա­յիս Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րիզն է 2024 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­նա­լիք 33-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լու գլխա­ւոր թեկ­նա­ծուն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը աշ­խար­հի չորս եր­կիր­նե­րու մէջ գու­մար­ներ պի­տի յատ­կաց­նէ՝ գաղ­թա­կան ե­րա­խա­նե­րու եւ որ­բե­րու ա­ջակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րող քա­նի մը ծրա­գիր­նե­րու:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի վրայ կը կար­դանք.-
Հա­լէ­պի հայ­աբ­նակ շրջան­նե­րը նա­խըն­թաց օր դար­ձած են ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րու հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րուն թի­րա­խը: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ինքնաշարժներու շարասիւնը յարձակման ենթակայ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն դէմքեր զօրակցեցան ընդդիմադիր ղեկավարին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

«Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը վերաձեւաւորէ Սուրիոյ հաւասարակշռութիւնները, ստեղծելով միջազգային լայն արձագանգ:
Թրքական զօրքերը երէկ Ճերապլուսի մօտակայքին ռմբակոծեցին նաեւ ԵՓԿ-ի շարքերը: Զօրավար Կերասիմով Անգարա կ՚այցելէ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016

​Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ դամբանական մը: Համայնքային շրջանակները խորապէս վշտակցեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ ընտանիքին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

​Թուրք զինեալ ուժերու լայնածաւալ գործողութեան շնորհիւ Ճերապլուս ամբողջութեամբ մաքրագործուեցաւ ԻՇԻՊ-էն:
Ճոն Քերի հեռախօսազրոյցի ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլուին տեղեկացուց, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերը կը վերադառնան իրենց նախկին դիրքերը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Կեան­քի յա­րա­ցոյց­նե­րը, այ­սինքն կեան­քի ի­տէա­լը եւ մտա­տի­պա­րը եր­կին­քի չափ բարձր են։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ան­մար­մին են եւ ան­հա­սա­նե­լի։ Եւ հո­գին կը հիւ­սէ՝ զա­նոնք կեն­դա­նի ներշն­չում­նե­րով այն ե­րա­զանք­նե­րուն՝ ո­րոնց անձ­նա­տուր կ՚ըլ­լայ շնոր­հիւ իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան։

Էջեր