Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։
ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի որոշեց մասնակցիլ այս Կիրակի Ենիգաբուի մէջ նախատեսուած հանրահաւաքին։ Ծանօթ է, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ Ենիգաբուի մէջ այս Կիրակի տեղի պիտի ունենայ «Ժողովրդավարութեան եւ նահատակներու» մեծ հանրահաւաքը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախարարները կարծիքներ փոխանակած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զանազան ոլորտներուն շուրջ։
Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի յատուկ ծառայութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնութիւն։ Վրաստանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան նախագահ Վախթանկ Կոմելաուրի նախընթաց օր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մարդասիրական տրամադրութիւններու վառ դրսեւորում:
«Կ՚ուզեմ համոզուիք, որ ոստիկանութիւնը ծեծող-ջարդող կառոյց մը չէ, կը պաշտպանէ ժողովուրդը»:
Պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիա հիւրընկալեց Եւրոպայէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
Եակլանտի խօսքերով, եւրոպացիները յստակօրէն չեն ընկալած զուգահեռ կառոյցի ազդեցութեան հասած համեմատութիւնները:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու վաստակաւոր կրթական մշակ ու գիտնական Տքթ. Արմաւենի Միրօղլուն, որ մեզի նուիրեց Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակուած իր գիրքը, որ կը կոչուի «Պոլսահայերը (1923-1939)»։
Շիշլի մարզակումբը ճատրակի մէջ կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ 15-22 Յուլիս թուականներուն Շիշլիի ճատրակի կազմը Գոնիայի մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիոյ առաջնութեան։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Չեմ յիշեր ո՛ր դասապահն էր՝ միայն այն, թէ քննութեան պահ էր, տետրակիս նախկին էջերը կը պրպտէի հոնկէ ակնկալելով օգնութիւն՝ հարցումի մը պատասխանելու, մինչ լսուեցաւ ուսուցիչին ձայնը. «Հրեան երբ սնանկանայ, հին տետրակները կը պրպտէ»: Ի հարկէ անձնական դաս չըլլալուն՝ գլանը կը հարուածէր զիս...։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶՐԱԵԱՆ
Կ՚անցնին տարիներ, կը սպիացնեն խոր վէրքեր, չէ՞ որ կ՚ըսեն ժամանակը կը բուժէ ամէն վէրք, այդպէս ալ կ՚ըլլայ, արդեօ՞ք: Հռիփսիկ արդէն պատանի, օր մը երբ դպրոցէն տուն կու գայ, ի՞նչ տեսնէ, Սողոմոն հօրեղբայրը Յովսէփին հետ իրենց տունն է, ի՞նչ ընել՝ ուրախանա՞լ, տրտմի՞լ, սահմռկած կը կանգնի պահ մը ու անզգալաբար.
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բացի Երեւանի կեդրոնէն, Արաբկիրի համայնքը միշտ նախընտրելի վայր մը եղած է ինծի համար: Կը քալեմ Կոմիտասի լայն պողոտայէն, Յակոբ Յակոբեան փողոցին անկիւնը կը նշմարեմ «Նոր Զովք» հանրախանութը եւ ներս կը մտնեմ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փորձա՞ծ էք բնաւ քալել մութիւն մէջ։ Հաւանաբար կեանքի մէջ պատահած է որ գոնէ մի քանի անգամ քալելու ստիպուինք խաւարի մէջ՝ ուր լոյսը ծածկուած է մեր տեսողութենէն։ Քալած ենք այդ խաւար ճամբուն մէջ՝ յաճախ խարխափելով, վախով եւ առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր կ՚երթանք։
Անգլիական The Guardian յայտնի թերթը անդրադարձաւ Հայաստանի սահմանամերձ Մովսէս գիւղի բնակիչներու առօրեային։ Թերթը նշեց, թէ գիւղի իւրաքանչիւր տան վրայ նկատելի են փամփուշտներու հետքեր։ Հարկ է նշել, որ այս գիւղը կը գտնուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ եւ յաճախ կ՚ենթարկուի ազէրի զօրքերու յարձակումներուն։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին հանդիպում մը պիտի ունենան Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Օգոստոսի 8-ին նախատեսուած հանդիպումը պիտի ըլլայ եռակողմանի այս ձեւաչափով առաջին գագաթաժողովը։
Յուլիս 15-ի պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ ձեռնարկուած հետաքննութիւնը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հերթական անգամ հանրային կարծիքին փոխանցեցին ուշագրաւ պատգամներ։
Երեւանի կեդրոնին ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին թափով:
Հայաստանի պատկան մարմինները մեղադրանքներ կ՚առաջադրեն «Սասնայ ծռեր»ուն:
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը կրնայ ուղղակիօրէն ազդել ուժանիւթի միջազգային շուկային վրայ։
Պրիւքսել կը սպասէ Էրտողան-Փութին հանդիպման արդիւնքին։
Եւրոմիութիւնը կ՚անհանգստանայ «Թրքական հոսք» կազամուղի ծրագրի վերակենդանացումէն, որովհետեւ Ուքրայնա կրնայ զրկուիլ տարանցիկ երկրի կարգավիճակէն։
The Indian Express թերթը վերջերս անդրադարձաւ Կալկաթայի հայոց Մարդասիրաց ճեմարանի գործունէութեան։ Այս վարժարանը, որ միեւնոյն ժամանակ բարեգործական ակադեմիա մըն է՝ թերթին կողմէ որակուած է Կալկաթայի երբեմնի ծաղկուն հայ համայնքի թագի թանկարժէք քարը։
Վենետիկի 73-րդ շարժապատկերի փառատօնի երեք միջազգային դատակազմերը արդէն ձեւաւորուած են: Ըստ «Կինօաշխարհ»ի, հիմնական մրցոյթի դատակազմը պիտի գլխաւորէ բրիտանացի բեմադրիչ Սեմ Մենտէս, որ առաջին ժապաւէնին համար «Օսքար»ի արժանացած աշխարհի վեց բեմադրիչներէն մէկն է:
Գէորգ Աբգարեան կը շարունակէ իր նպաստը բերել Հայաստանի առողջապահութեան համակարգին:
Նախկին պոլսահայ բժիշկին ջանքերով հիմնուած քիմիաթերափիի կեդրոնը կը խոստանայ լուրջ հեռանկարներ: