Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Թե­րեւս քիչ մը ան­հե­թեթ թուի «նոր նո­րա­րա­րու­թիւն» եզ­րը, սա­կայն ներ­կա­յիս գիւ­տերն ու ար­հես­տա­գի­տա­կան հնարք­նե­րը գլխապ­տոյտ պատ­ճա­ռող ա­րա­գու­թեամբ կը յայտ­նուին եւ կը տա­րա­ծուին, մա­նա­ւանդ՝ պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք նաեւ ա­կա­մայ կը դառ­նան այդ նո­րու­թիւն­ներն ու սար­քե­րը հրա­պա­րակ, շու­կայ հա­նող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու «կթան կո­վե­րը»:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն ա­ռըն­թեր նշա­նա­կա­լից ա­ռիթ մը պէտք է հա­մա­րել Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գա­հ Վ­լա­տի­միր Փու­թի­նի հրա­ւէ­րով Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի Մոս­կուա կա­տա­րած այ­ցը: Այս այ­ցե­լու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին մա­մու­լին մէջ թէեւ տա­կա­ւին ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ չկան, սա­կայն յստակ է, որ խնդրին կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ ե­րե­ւե­լի տե­ղա­շարժ մը չկայ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մի ստա­ցած ա­ւե­տա­բեր պա­տուէ­րով կի­ներ վերս­տա­ցան մարդ­կա­յին ցե­ղի նա­խա­մօր՝ Ե­ւա­յի մեղ­քի պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցած յարգն ու պա­տի­ւը, եւ ան­շուշտ ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Մի­շըն Հիլ­զի «Ա­րա­րատ-Էս­քի­ճեան» թան­գա­րա­նի եւ Հայ­կա­կան գոր­գի ըն­կե­րակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Շա­բաթ, Օ­գոս­տո­սի 20-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հայ­կա­կան գծագ­րուած եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կտաւ­նե­րու նուի­րուած դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, որ պի­տի հարս­տա­ցուի լու­սան­կար­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծծնդեան ժա­մա­նակ Տի­րա­մայ­րը բնու­թեան օ­րէնք­նե­րէ բարձր դիր­քի մը մէջ կը գտնուէր, նոյն­պէս ալ Տի­րա­մօր մա­հուան ժա­մա­նակ ալ բնա­կան օ­րէնք­ներ չգոր­ծադ­րուե­ցան ա­նոր։ Տի­րա­մօր ծննդա­բե­րու­թիւ­նը ցա­ւով եւ նե­ղու­թեամբ չէր ի­րա­կա­նա­ցած, ինչ­պէս ա­նոր մա­հը հի­ւան­դու­թեամբ չպա­տա­հե­ցա՛ւ։

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ եւ Թուր­քիոյ խորհդա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր Կա­րօ Փայ­լան կը փոր­ձէ «աստղ» դառ­նալ մաս­նա­ւո­րա­պէս սփիւռ­քի հա­յու­թեան լայն հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար: Աս­կէ ա­ռաջ ալ նոյ­նան­ման խօս­քե­րով եւ քա­րոզ­չու­թեամբ ան փոր­ձած է շա­հիլ «սիրտ»ը սփիւռ­քի այն հա­տուած­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար կա­րե­ւո­րը ոչ թէ խօս­քին խո­րու­թիւնն է, այլ՝ Թուր­քիոյ դէմ սուր խօս­քե­րուն ար­ձա­գան­գը:

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) հիւ­րըն­կա­լեց մար­սէյ­լաբ­նակ հա­յազ­գի լեռ­նագ­նաց Ա­րա Խա­չա­տու­րեա­նը, որ մագլ­ցած է աշ­խար­հի ա­մե­նա­բարձր գա­գա­թը՝ Է­վե­րես­թը:

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

​Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանէն ներս առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն Սուրիոյ ճգնաժամին նկատմամբ:
Ճեւատ Զարիֆ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Չի­նաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քի գոր­ծա­դիր մար­մի­նը կրթա­կան հար­ցե­րու փոխ-նա­խա­գահ ընտ­րեց Մե­րի Կնեա­զեա­նը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Շու­շիի մէջ սկսաւ «Յա­կոբ Գիւր­ջեան» քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին կո­չուն­քը: Այս մա­սին յայտ­նած է «Շու­շի քա­ղա­քի թան­գա­րան­ներ» ՊՈԱԿ-ի տնօ­րէն Լու­սի­նէ Գաս­պա­րեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած Շու­շիի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան կո­չուն­քը մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին ու մաս­նա­գի­տա­կան երկ­խօ­սու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գեշնչ­ման հար­թակ է ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու հա­մար:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ե­րի­տա­սար­դու­թեան մի­ջազ­գա­յին տօ­նի օ­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ այ­սօր՝ Ար­ցա­խի շրջան­նե­րուն եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին տօ­նա­կան շարք մը ձեռ­նարկ­ներ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի ֆութ­սա­լի բա­ժա­կի 2016-2017 խա­ղար­կու­թեան նախ­նա­կան փու­լին մրցա­շար­քը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի կա­յա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սու­րիոյ հար­ցին շուրջ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ստեղ­ծուած ե­րե­քա­կան դի­ւա­նա­կա­լէ բաղ­կա­ցեալ դրու­թեան մաս­նա­կից պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը մեկ­նած են Մոս­կուա։ Նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ Ա­րեւ­մուտ­քը պէտք չու­նի ան­հանգս­տա­նա­լու այս բո­լո­րէն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

​Հանրաետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կագաւորման գործընթացէն ներս կայ յառաջխաղացում»:
Ըստ Վլատիմիր Փութինի, Ռուսաստան կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ Հայաստանին ռազմամթերք մատակարարելու ուղղութեամբ, մշակուած ծրագրերու շրջագծով:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մի Նի­սի ծու­խին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րին ըն­դա­ռաջ վերս­տին օ­րա­կար­գի վրայ են։ Օ­րի­նա­ւոր Ծխա­կան խոր­հուր­դը ար­դէն բո­լոր պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը տե­սած է տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տրա­մադ­րուած ֆրան­սա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Աս­տուա­ծա­մօր, Իր Միա­ծին Որ­դիին մօտ վե­րա­փոխ­ման տօ­նին՝ Սուրբ Պա­տա­րա­գէն յե­տոյ կը կա­տա­րուի խա­ղո­ղօրհ­նու­թեան կարգ եւ ա­պա օրհ­նուած ող­կոյզ­նե­րը կը բաժ­նուի ժո­ղո­վուր­դին։ Ար­դա­րեւ այս ա­րա­րո­ղու­թիւնն ալ ու­նի իր ի­մաս­տը, պատ­ճա­ռը՝ զոր կ՚ա­նուա­նենք իր լայն ու սո­վո­րա­կան ա­ռու­մով՝ «խոր­հուրդ»։­

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւնը սեր­տօ­րէն կա­պ-ւած է Տի­րա­մօր Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին հետ, ա­պա ա­նի­կա մաս­նա­ւոր կապ մը չու­նի ե­կե­ղե­ցա­կան վար­դա­պե­տու­թեան հետ, այլ ա­ւան­դու­թիւն մըն է, որ կու գայ հե­թա­նոս մեր պա­պե­րէն, ո­րոնք, երբ բեր­քը կը հաս­նէր, հա­սուն­ցած ա­ռա­ջին բա­ժի­նը կը նուի­րէին աս­տուած­նե­րուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ռու­սաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ, 17-ա­մեայ Սե­դա Թութ­խա­լեան իր խմբա­կից­նե­րուն հետ, «Ռիօ-2016»ի ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն հան­դի­սա­ցաւ փոխ-ա­խո­յեան՝ մարմ­նա­մար­զու­թեան խմբա­յին մրցում­նե­րուն ըն­թաց­քին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մե­նա­բա­րին Աս­տուած մեր ե­րա­նու­թեան պատ­ճառ ե­ղող Աս­տուա­ծ­­սի­րու­թեան պա­տուի­րա­նէն ան­մի­ջա­պէս ետ­քը «ըն­կեր­սի­րու­թիւն» կը պա­տուի­րէ.
«Սի­րէ՛ ըն­կերդ քու ան­ձիդ պէս» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 31)։­

Էջեր