Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

​Հայաստան եւ Ռուսաստան կը պատրաստուին համաձայնագիր կնքել՝ միացեալ զօրախումբի ստեղծման մասին:
Ըստ «Իզվեստիա» թերթի հաղորդումներուն, Մոսկուա Պաքուին մատակարարածներուն հետ նոյն զէնքերը կը տրամադրէ նաեւ Երեւանին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Իր աշ­խա­տակ­ցած թեր­թին մէջ զբա­ղե­ցու­ցած սիւ­նա­կը՝ եր­բեմ­նի սեւ պե­խե­րով ու քի­թով խորհր­դան­շած հրա­պա­րա­կա­գիր մը այս շաբ­թուան հեր­թա­կան յօ­դուա­ծին մէջ անդ­րա­դար­ձեր է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած գրու­թեան մը։ Հե­ղի­նա­կը քննա­դա­տե­լի նկա­տեր է մեր թեր­թին մէջ լոյս տե­սած յօ­դուած­նե­րէն մէ­կուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ իր հա­կա­փաս­տարկ­նե­րը թուար­կեր՝ այդ յօ­դուա­ծը ստո­րագ­րած մեր աշ­խա­տակ­ցին դէմ։ Մին­չեւ այս­տեղ ան­հասկ­նա­լի կամ ա­նըմբռ­նե­լի ո­չինչ կայ. բնա­կան ե­րե­ւոյթ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Սրտա­ռուչ եր­գեր շատ կան նա­յած ա­ռիթ­նե­րու. ին­ծի հա­մար ա­նոնց­մէ մէկն է «Վեր­ջին Զան­գը»... ոչ ա­նոր հա­մար, որ ապ­րած եմ այդ պա­հը, այլ ընդ­հակա­ռա­կը: Ու­րեմն հասկ­նա­լի է. ան­կա­տար իղձ մը կը կա­պէ զիս կա­րօ­տով, սա­կայն ջեր­մա­նա­լով ա­նոնց­մով, ո­րոնք ոչ միայն այդ պա­հը ապ­րած են, այլ շա­րու­նա­կած են մագլ­ցիլ վեր, մին­չեւ դոկ­տո­րա­կան...։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուածամօր տօնը, սիրելի՜ բարեկամներ, ամբողջ աշխարհի կանանց տօնն է։ Արդարեւ, կիներ, որոնք իրենց իրաւունքը կորսնցուցած էին դարեր առաջ եւ զանազան նեղութիւններու կ՚ենթարկուէին ու կը չարչարուէին այս կամ այն անիրաւութեան եւ անարդարութեան պատճառով եւ որոնք հաւասար չէին նկատուեր այր-մարդուն, որպէս՝ մա՛րդ, կիներ, որոնք իրաւազրկուած ու հալածական՝ կը տառապէին, քանի որ վիրաւորուած էր իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչին հետ:
Սթեֆան Տէ Միսթուրա անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամի վերջին իրադարձութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու նշա­նա­կուե­ցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Թուր­քիոյ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կա­տա­րուած նշա­նա­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ո­րոշմ­նա­գի­րը հրա­տա­րա­կուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հագ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Օ­գոս­տո­սի 24-ին Թուր­քիա պի­տի այ­ցե­լէ ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Փութին շնորհակալութիւն յայտնեց Նազարպայեւին՝ Անգարա-Մոսկուա տագնապի յաղթահարման բերած կարեւոր նպաստին համար:
Մոսկուա երէկ առաջին անգամ Իրանի տարածքի «Համետան» ռազմախարիսխին վրայով ռմբակոծումներ կատարեց Սուրիոյ թիրախներուն դէմ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

ՃՀՓ­-ա­կան եր­կու ե­րես­փո­խան­ներ՝ Փոխ-կու­սակ­ցա­պետ Զէյ­նէպ Ալ­թըօք (Իզ­միր) եւ Սե­լի­նա Տո­ղան (Իս­թան­պուլ) նա­մակ մը գրե­ցին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տա­ղին։ Այդ առ­թիւ ա­նոնք ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­ցին երկ­րէն ներս փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղեալ ա­տե­լու­թեան ար­ձա­նագ­րած վե­րել­քին վրայ եւ կոչ ուղ­ղե­ցին զգայ­նու­թեան հա­մար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Ռիոյի Ողիմպիականներուն շրջագծով հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ պատմական արդիւնք:
Ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Քսան տարի վերջ առաջին անգամ Հայաստանի ներկայացուցիչը յայտնուեցաւ պատուանդանի բարձրագոյն սանդխակին վրայ: Կիւմրիի մէջ ուշ գիշերին տօնական մթնոլորտով հրավառութիւն

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Հնդկաս­տան։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին կ՚այ­ցե­լէ Կալ­կա­թա­յի Հա­յոց Մար­դա­սի­րա­կան ճե­մա­րա­նը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

«Բո­լո­րը հրա­ւի­րե­ցի այս­տեղ, ո­րով­հե­տեւ կը ցան­կամ, որ բո­լո­րը գան Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ, ծա­նօ­թա­նան մեր մշա­կոյ­թին: Իսկ ար­տերկ­րի մէջ շատ լաւ ժա­մա­նակ ան­ցու­ցի, նոր ըն­կեր­նե­րու հետ ծա­նօ­թա­ցայ, նոր ապ­րում­ներ ու­նե­ցայ: Վստահ եմ դեռ եր­կար կը յի­շեմ այն­տեղ ան­ցու­ցած իւ­րա­քան­չիւր պա­հը», նշած է փոքրիկն Միքայէլ Գրիգորեան՝ Մի­շա:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Տիար­պա­քը­րի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մը։ Ճա­նա­պար­հա­յին ոս­տի­կա­նու­թեան հա­կակշռ­ման շրջա­նա­յին կեդ­րո­նը դար­ձաւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան թի­րա­խը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պարտէզի պատերու արտաքին երեսին վրայ շաբաթավերջին անծանօթներու կողմէ գրի առնուեցան ցեղապաշտ լոզունգներ:
Երեսփոխան Մարգար Էսաեան եւ Անվտանգութեան տնօրէնները շարժման անցան անմիջապէս:
Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով դէպքը խստիւ պախարակեց յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան աչալուրջ քաղաքացիներուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը խան­դա­վա­ռու­թեամբ նշեց Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րը։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տա­ղա­ւա­րի առ­թիւ պա­տա­րա­գեց Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

«Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական գործերէն մին:
Շուրջ երեքհազարամեայ պատմութեան մը սղագրութիւնը՝ չափազանց մատչելի եւ հրապուրիչ ներկայացմամբ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Թուր­քիոյ ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը բնո­րո­շեն Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Մեմ­պիչ քա­ղա­քը վեր­ջերս ա­զա­տագ­րուե­ցաւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Ծա­նօ­թու­թեան եւ զրոյ­ցի հա­մար ժա­մադ­րուած եմ ֆրան­սաբ­նակ հայ­րե­նա­կի­ցիս՝ Սիւ­նի­քի մար­զի, Խնձո­րեսկ գիւ­ղը ծնած եւ շատ հե­տաքրք­րա­կան հան­գա­մանք­նե­րու մէջ Ֆրան­սա հաս­տա­տուած Մու­շեղ Մար­տի­րո­սեան-Չա­լո­յեա­նի հետ, ո­րուն մա­սին բազ­միցս լսած եմ իբ­րեւ բա­րե­րար եւ ա­րուես­տի գոր­ծեր հա­ւա­քող, նաեւ՝ իր հայ­րե­նի գիւ­ղին նուի­րուած անձ մը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

17 Սեպ­տեմ­բեր 1911 թուա­կիր Հայ Մա­մու­լին մէջ կը հան­դի­պինք «Բաց-հար­ցա­րան» նա­մա­կի մը՝ ուղ­ղուած Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վին՝ Մա­նուկ Դա­նիէ­լեա­նի կող­մէ, ուր պա­տաս­խան կը սպա­սուի կարգ մը քա­հա­նա­նե­րու զեղ­ծա­րար եւ ան­նե­րե­լի յան­ցանք­նե­րով պատ­ճառ դար­ձած գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Մա­նուկ Դա­նիէ­լեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ յանձ­նուած այս գրու­թեան մէջ, այդ­պի­սի քա­հա­նա­ներ կ՚ա­նուա­նուին՝ «գիժ-տէր­տէր­ներ»։ Ու­րեմն տես­նենք, թէ այս գրու­թեամբ ո՞ր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան կը սպա­սուի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա կ՚ապ­րի ար­տա­սո­վոր ժա­մա­նակ­ներ։ Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, աշ­խար­հի ա­մէն կողմ, փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով կը դառ­նան գերզ­գա­յուն։ Ան­հասկ­նա­լի, ա­րտա­սո­վոր ո­չինչ կայ այս­տեղ։ Թրքա­հա­յու­թիւնն ալ նման հո­գե­վի­ճա­կի մը մէջ է ներ­կա­յիս, ա­պա­հո­վա­բար մեր երկ­րի միւս փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։

Էջեր